Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Մարտ 25ի Գանատայի խորհրդարանի հերթական նիստի ընթացքին, ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Մայքըլ Չոնկ Թուրքիոյ վաճառուած գանատական ռազմական սարքերու առնչութեամբ ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ նախորդ շաբթուան ընթացքին Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան գերատեսչութեան կողմէ հրապարակուած փաստագրական թղթածրարը խոր մտահոգութիւն կը պատճառէ եւ հարց ուղղեց Գանատայի վարչապետ Թրուտոյի, այն մասին, թէ արդեօ՞ք կառավարութիւնը առաջնահերթութիւն կու տայ Գանատայի շահերուն և արժէքներուն զինական սարքերու արտահանման գծով եւ պարտաւորուած կը զգա՞յ այլեւս չկրկնելու այդ անխոհեմ քայլը: Ան հարց տուաւ նաեւ, եթէ կառավարութիւնը Թուրքիոյ ռազնական սարքեր վաճառելու սխալը ընդունելու մտադրութիւն ունի։
Պատասխանելով Մայքըլ Չոնկի հարցին, վարչապետ Թրուտօ յայտնեց, որ դաշնակցային կառավարութիւնը իրազեկ դառնալէ ետք, որ սարքերն ու գանատական գիտարուեստը կ՚օգտագործուին Արցախեան պատերազմի ընթացքին, կասեցուցած է անոնց արտահանումն ու դադրեցուցած է կազմածներու վաճառքը Թուրքիոյ։ Ան յայտնեց, որ զէնքերու վաճառքի գծով կառավարութիւնը հաշուետուութեան եւ թափանցիկութեան պարտաւորութիւնները պիտի յարգէ։
Նշենք, որ 2020 թուականի Հոկտեմբեր 5ին, Գանատան յայտարարեց, թէ կը կասեցնէ ռազմական սարքաւորումներու մատակարարումը Թուրքիոյ: Պատերազմի ընթացքին, թրքական խոցուած անօդաչու սարքերէն մէկը կը կրէր Գանատայի Պըրլինկթըն քաղաքին մէջ գործող L3Harris Wescam ընկերութեան կողմէ արտադրուած MX-15D մակնիշով թիրախաւորող տեսողական կազմասարքը։
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը բազմիցս կոչ ըրած է Գանատայի կառավարութեան՝ դատապարտելու Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ բռնարարքներն ու դադրեցնել զէնքի արտահանումը: