Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երբ հովիւ մը իր հօտը վստահի գայլերու․․․
Շարունակութիւնը շատ աւելի տպաւորիչ գրիչով կրնայ շարունակել Ֆրանսացի հանրածանօթ առակագիր Ժան Տը Լա Ֆոնթէն (1621-1695)։
Ի՞նչ թելադրանք կայ այս առակի ետին։
Մեր դիտարկումը արեւին բերենք: 7-էն 22 Նոյեմբեր օրերուն վրայ կ՛երկարի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ենթաբաժանումին, այսինքն՝ «Եունեսքօ»-ի 42-րդ ժողովը։ Մի՜ գայթակղիք. Ատրպէյճանին վստահուած է կրթութիւն մշակող, գիտութիւն պրպտող ե՛ւ․․․ մշակոյթ պաշտպանող այս կազմակերպութեան այժմու համագումարին փոխ նախագահութիւնը։
Հայրենի իրադարձութիւններուն ուշի-ուշով հետեւող հայորդին գիտէ, որ Արցախի անկումէն (այո՛, միայն անկումէն) ետք, «Եունեսքօ»-ն ինչպիսի՞ պատուիրակութիւն մը ղրկեց բռնագրաւեալ շրջան, եւ առանց երկար-բարակ քննութիւններու՝ հապճեպօրէն հասաւ այն եզրակացութեան, թէ հայկական ոչ մէկ կոթող փճացուած, ո՛չ մէկ վանք, եկեղեցի կամ նոյնիսկ մատուռ սրբապղծուած է։
Ինչո՞ւ այս շլութիւնը, կուրութի՛ւնը: Պատասխա՞նը.կարելի մանրամասն պրպտումներ կատարել եւ մէկ առ մէկ տեղեկանալ, թէ… ի՞նչ գումարներ մտած են «Եունեսքօ»-ի դրօշը կրող ինքնաշարժներուն մէջ բազմած ներկայացուցիչներուն գրպանը:
Ատրպէյճան երկար տարիներէ ի վեր հետեւողական աշխատանք կը տանի «Եունեսքօ»-էն ներս եւ շնորհիւ իր նիւթական եւ (ան)բարոյական աջակցութեան՝ կրցած է իրեն հանդէպ համակրանք ստեղծել։
Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն առաջ իսկ, Ատրպէյճանի փոխ-նախագահը՝ նախագահին կողակից Մեհրիպան Ալիեւան սկսած էր սիրաբանիլ «Եունեսքօ»-ին հետ։ Չենք ուզեր երկար կանգ առնել նախագահ-փոխնախագահ այս եզակի կացութեան առջեւ, որ կը մերկացնէ երկրին ժողովրդավարութեան մակարդակը: Աւելի՛ն, Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարարը ընտրուած էր «Եունեսքօ»-ի համաշխարհային ժառանգութեան գործադիր կոմիտէի նախագահ, իսկ 2019-ին միջազգային համագումարներ կազմակերպուած էին Պաքուի մէջ։
«Եունեսքօ»ի այս վարմունքը ցուցանիշ է միջազգային ընտանիքին յանցաւոր եւ իրականութիւններուն անհաղորդ ընթացքին, կամ ալ… վաճառուելու պատրաստակամութեան: Փաստօրէն, արուեստի, մշակոյթի եւ գիտութեան զանազան ոլորտներէն բոլորովին հեռու, ընդհակառակը, այս հասկացութիւններուն հականիշը եղող ծաւալապաշտ եւ բռնատիրական իշխանութիւնը իր ձկնկիթի եւ սեւ ոսկիի՝ քարիւղի դրամով «գնած» է «Եունեսքօ»-ն եւ զայն եղծելով՝ կը փորձէ ստեղծել նոր կեղծիք մը։
Պաքուի մէջ, 2019-ին կայացած այդ հռչակաւոր համագումարին, տիկին Ալիեւա յանդգնած էր բուռն կերպով քննադատել Արցախի մէջ ատրպէյճանական կոթողներու եւ կառոյցներու իբրեւ թէ «սրբապղծումը», որմէ անդին, ոչ մէկ ակնարկութիւն՝ Շուշիի պարսկական վերանորոգուած մզկիթին մասին: Ան յիշողութեան կորուստ կը խաղար նաեւ ցաւոտ թղթածրարի մը, այսինքն՝ Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցած մշակութային ջարդին մասին, ուր 1964-էն մինչեւ այսօր, հիմնայատակ եղած են 80-է աւելի հայկական եկեղեցիներ, շուրջ վեց հազար խաչքարեր եւ աւելի քան 20 հազար գերեզմանաքարեր։
Բացայայտ է որ «Եունեսքօ»-էն ներս թափանցելն ու նմանօրինակ «միջազգային հողեր ու ոլորտներ» գրաւելը չէ մտահոգած Հ.Հ. իշխանաւորները (Արցախը նուիրեցին, ասո՞վ պիտի մտահոգուին), մինչդեռ անդին, Լա Ֆոնթէնի ազգակից եւ Փարիզի կարեւոր թերթերէն՝ «Լը Ֆիկառօ»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոն ամօթալի որակեց պատահածը, շեշտելով, թէ «Եունեսքօ»-ն նախընտրեց լուռ մնալ ու նպատակայարմար չհամարեց դատապարտել Ատրպէյճանը, երբ ինն ամիս անշնչելի պաշարումի տակ առնուած Արցախի մէջ հազարաւոր հայ մանուկներու կրթութիւնը խափանուած էր, կեանքը՝ անդամալուծուած, բնակիչները հասած էին սովահարութեան սեմին:
«Իսկ այժմ Ատրպէյճանը կ՛ընտրեն համաժողովին փոխնախագահ․․․։ Խայտառակութիւն», զայրոյթով գրած է Պուիսոն։
Ծիծաղելին, ողբերգակա՛նը նաեւ այլ տեղ է. Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, այս համագումարին խօսք առնելով, յայտնած է, թէ Հայաստան կ՛աջակցի «Եունեսքօ»-ի նման կազմակերպութեան ջանքերուն՝ խթանելու խաղաղութեան եւ հանդուրժողականութեան մշակոյթը, որ խարսխուած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խթանման վրայ: Միրզոյեան եւս յուշակորոյս է, որովհետեւ չի տեսներ, որ Ատրպէյճան չի գիտեր թէ ի՞նչ կը նշանակեն խաղաղութիւն, մշակոյթ, մարդու իրաւունք…
…Արդեօք մխիթարակա՞ն պէտք է նկատել այն, որ Մ.Ա.Կ.-ի զանազան սպասարկութիւնները, անոնց հետ նաեւ արեւմտեան աշխարհը, իրաւունքներու եւ մարդկային արժէքներու պաշտպան յաւակնողները անզօրութիւն կը խաղան Կազայի մէջ պաղեստինցիները նախճիրի ենթարկող այլ պետութեան մը՝ Նեթանիահուի Իսրայէլին ոճիրներուն դիմաց:
Այս բոլորին ականատես եւ ականջալուր եղող հայորդիին կարծի՞քը. «Առանց մեկնաբանութեան»: Վստահաբար նոյն կարծիքին պիտի ըլլար Լա Ֆոնթէն։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական