կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2021-03-16 14:20
Հասարակություն

Ապտակներ և որոշում

Ապտակներ և որոշում

Միջազգային իրավունքի մասնագետ Գեւորգ Հակոբճեանը գրում է.

«ԱՊՏԱԿՆԵՐ ՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄ
 
Հարիւր տարի առաջ ճիշդ այսօրուայ պէս Թուրքիան ու Ռուսաստանը մեր փոխարէն մեր ժողովուրդի ու պետութեան ճակատագիրը ճշդեցին: Հարիւր տարի անց, այսօր, ընդունինք կամ ոչ, բառերը ծամծմենք կամ ո՛չ՝ Ռուսաստանն ու Թուրքիան մե՛ր փոխարէն մեր պետականութեան հիմնական մասնիկներէն՝ Արցախի (ու նաեւ ինչ որ չափով ՀՀ-ի) ճակատագիրը կը ճշդեն...:
Այսինքն հարիւր տարի առաջ ու ճիշդ հարիւր տարի ետք, պատմութեան հեգնական կրկնութեամբ, Հայաստանը միջ-պետական յարաբերութիւններուն մէջ իրաւունքներ պաշտպանող ու պահանջող ենթակայ (subject) ըլլալէ աւելի առարկայ (object) է ըստ երեւոյթին...:
 
Հարիւր տարի առաջ, Մոսկուայի համաձայնագիրը կնքող անձերը Թուրքիոյ ու Ռուսաստանի միջազգային օրէն ճանչցուած պաշտօնական ներկայացուցիչները չէին, հետեւաբար իրաւասու չէին ո՛չ պայմանագիրը կնքելու, ո՛չ ալ առանց Հայաստանի իշխանութիւններուն մասնակցութեան, Հայաստանի պետականութեան առնչուած որոշումներ առնելու ու պարտաւորութիւններ բեռցնելու: Այսօր սակայն, Թուրքիան ու Ռուսաստանը, մեր պետութեան եւ ժողովուրդին առնչուող որոշումներ կրնան առնել, նախ որովհետեւ միջազգային պայմանագրեր կնքելու իրաւասու են, երկրորդ՝ այդ պայմանագրերուն տակ թէկուզ անճարութենէ մեկնած Հայաստանի իշխանութիւններուն ստորագրութիւնը կարելի է տեսնել...:
 
Այսինքն, եթէ հարիւր տարի առաջուայ Մոսկուայի ու ապա Կարսի պայմանագրերը իրաւականօրէն ապօրինի ու անվավեր հռչակելու յստակ փաստարկներ ունին, այսօրերուն կնքուած ու կնքուելիք պայմանագիրները ապօրինի նկատելու հաւանականութիւնները տեսականօրէն քիչ են, իսկ գործնականօրէն` գրեթէ անկարելի:
 
Այս պայմաններուն տակ, Հայաստանը օրէ օր կը կորսնցնէ իր գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը, կը վտանգուին մեր հաւաքական գոյութիւնն ու զարգացումը: իսկ անոնք որոնք գիտակցաբար կամ դիւրիմացաբար կը հաւատան թէ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին վիճակը շատ աւելի բարենպաստ կրնայ դառնալ այլ պետութեան մը կազմին մէջ ներառուելով, կամ այլ (նոյնիսկ բարեկամ) պետութեան մը բացայայտ հպատակը դառնալով ՉԱՐԱՉԱՐ կը սխալին ու մեծագոյն հանցագործութիւն կը հիւսեն: Ստրկամտութենէ ու ստորակայութեան բարթոյդէ շատ աւելի խոր ու վտանգաւոր երեւոյթի-մշակոյթի մը կրողներն անոնք: Ստրուկը իր հոգու խորքին մէջ տէրէն ազատուելու մարմաջ ունի, իսկ մեզմէ ոմանք ճի՛շդ հակառակը՝ մեր մարդկային, անձնական ու հաւաքական արժանապատւութեան արմատէն՝ ազատութենէն ու ինքնիշխանութենէն կտրուելու, մեռնելու՛ կը տանին մեզ:
 
«Մոսկուա»ն, «Կարս»ը, «Նոյեմբեր 10»ն մեր պատրանքներուն ապտակներն են. Ինքնախաբէութեան եւ անգործութեան ապտակներ: Մահացու ապտակներ ե՞ն անոնք, թէ՞ ուշաթափութեէ սթափուելու ապտակներ: Ուզեն թէ չուզեն, ընդունին թէ չընդունին, մեր հաւքական գո՛րծն է որոշողը թէ ինչպիսի՛ ապտակներ են անոնք: Այո՛, ընտրութիւնը միայն ու միայն մե՛րն է, որոշումը բոլորիս՝ մահ կամ կեանք: Որոշե՛նք»:
Գէորգ Յակոբճեան