Փոխարժեքներ
23 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Օրերը կ՛անցնին ու ճգնաժամը կը յամենայ:
Հայաստանի մէջ ու Լիբանանի մէջ: Ո՛չ միայն ճգնաժամի յաղթահարման հանրայայտ ու շատոնց անհրաժեշտ դարձած լուծումները չեն որդեգրուիր, այլ նոր արգելքներ երեւան կու գան: Այդ արգելքներուն նպատակը հանրութեան ուշադրութիւնը դէպի մասնակի խնդիրներ շեղելու կը ծառայէ, մոռցնել տալու համար գլխաւորը, հիմնականը:
Լիբանանի մէջ ազգային դրամանիշը կ՛արժեզրկուի անբնական չափերով: Կը հետեւի, բնականաբար, գիներու թանկացում ու թանկացման հետեւանք` բողոքներ, ցոյցեր: Ցոյցերը մարդաշատ չեն ու յայտնապէս վատ կազմակերպուած են: Կը թուի, որ տոլարի գինին բարձրացումը եւ ցոյցերը նոյն կեդրոնէն կը ղեկավարուին ու ստիպողական պատգամ մը կը փոխանցեն: Պատգամը լսող չկայ: Կառավարական դահլիճ մը կազմելու համար նոյնիսկ երկխօսութիւն չկայ: Ժողովուրդը կը տագնապի, կը տառապի եւ կը մտահոգուի բանի մը համար, որուն էութիւնը չի հասկնար: Ստեղծուած վիճակը յղի է վատթարագոյն հետեւանքներով, յատկապէս լիբանանեան ընկերային հիւսուածքի պատառոտումով եւ պետականութեան կորուստով:
Հայաստանի մէջ բանակի բարձրագոյն սպայակազմի նախաձեռնութիւնը` կառավարման համակարգը վերակազմակերպելու առաջադրանքով` ձախողեցաւ: Գործող իշխանութիւնը որեւէ յորդոր, առաջարկ չ՛ուզեր լսել: Նախկիններուն դէմ պայքարը կը շարունակուի, ընդդիմութեան հրաժարականի պահանջը կը թարգմանուի իբրեւ աթոռակռիւ կամ սահմանադրական կարգը խախտելու փորձ: Ով որ փորձէ ըսել, որ իշխանութեան յօնքին մազ կայ` կ՛արժանանայ պարսաւանքի ու յաճախ ալ հետապնդումի: Բանակի սպայակոյտի պետը պաշտօնանկ ընելէ ետք, հիմա հերթը մարդու իրաւունքներու պաշտպանին է: Վերջինը քաղաքացիները իշխանութիւններու ապօրինութիւններէն ու սխալներէն պաշտպանելու պաշտօնը կը կատարէ բծախնդրութեամբ: Չեղաւ. ինչպէ՞ս կարելի է իշխանութիւններուն անսխալականութիւնը կասկածի ենթարկելու:
Յամեցող տագնապը, ճգնաժամը արգելք են բազմաթիւ ու բազմացող խնդիրներու վրայ կեդրոնանալու, լուծումներ որդեգրելու, վէրքեր բուժելու, վստահութիւնը վերականգնելու:
Երկու երկիրներուն մէջ, ստեղծուած կացութիւնը շրջելու եւ լուծում առաջադրելու մերժումը կ՛արդարացուի սահմանադրութեան տառացի գործադրութեան անհրաժեշտութեամբ: Լիբանանի մէջ նշանակեալ վարչապետը կառավարութիւնը կազմելու իրաւունքը կը վերապահէ միայն իրեն: Հայաստանի մէջ վարչապետը կը պահուըտի մօտ երկուքուկէս տարի առաջ ապահոված խորհրդարանական երկու երրորդ մեծամասնութեան ետին ու կը մոռնայ, որ պատերազմ ու պարտութիւն է եղած ու հանրային կարծիքը բնականաբար հոլովոյթի ենթարկուած:
Զիջում կատարելու, երկխօսութեան միջոցով առկայ կնճիռները քակելու փորձերը կը հանդիպին սահմանադրութեան հաւատարիմ մնալու պատին: Կը մոռցուի, որ սահմանադրութիւններն ու օրէնքները մարդոց բարիքին համար ստեղծուած են: Տառապող քաղաքացին չի կրնար օրէնքին գերին ըլլալ: Սահմանադրութեան եւ օրէնքին մեկնաբանութեան ատեն կարեւոր է կառչիլ ո՛չ միայն շարադրական տառին, այլ նաեւ, ու մանաւանդ, ոգիին: Մարդասիրական ոգիէ զուրկ օրէնքը յատուկ է ստրուկներուն, ինչպէս ժամանակին կ՛ըսէին` հպատակներուն: Անկախ երկրի ազատ քաղաքացին հպատակ չէ. ան օժտուած է դատելու, քննելու ու նոյնիսկ տեսակէտ փոխելու ունակութեամբ եւ փոփոխութիւն պահանջելու բացարձակ իրաւունքով:
Օրէնքին բառացի մեկնաբանութեամբ կառավարումը այդ օրէնքը կը պարպէ իր ազատական ոգիէն: Քաղաքացիին ազատութիւնը հիմքն է Սահմանադրութեան եւ ամէն օրէնքի: Ժողովրդավարութիւնը միայն թիւերու բազմութեան վրայ չի հիմնուիր. ան պէտք է գաղափարական հիմնաւորում ունենայ, որպէսզի գռեհիկ ժողովրդավարութեան չքմեղանքով չհաստատուի այն օրինական անելը, որ դժբախտաբար կը վկայենք այս օրերուն:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com