կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-04-12 20:28
Հասարակություն

Ճշմարիտ Ժողովրդավարութեան Ակնկալութեամբ

Ճշմարիտ Ժողովրդավարութեան Ակնկալութեամբ

Եթէ Հայաստանի Ազգային ժողովը, որ ընտրուած է հինգ տարուան պաշտօնավարման համար ժամկէտէն առաջ լուծուի, բնականաբար տեղի կ՛ունենայ նոր Ազգային ժողովի ընտրութիւն: Ե՞րբ կը լուծուի Ազգային ժողովը: Եթէ, վարչապետի հրաժարականէն ետք, երկու անգամ տասնչորս օրերու ընթացքին չյաջողի նոր վարչապետ մը ընտրել: Իսկ վարչապետի հրաժարականի երկու հնարաւորութիւն կայ. Ազգային ժողովը անվստահութիւն կը յայտնէ կառավարութեան, կամ վարչապետը ինքնակամ կը հրաժարի:

Առաջին կարելիութիւնը բացառուած է Ազգային ժողովի ներկայ կառուցուածքին բերումով: Ուրեմն խոստացուածը երկրորդն է, այսինքն` վարչապետին ինքնակամ հրաժարականը, որ նախատեսուած է կատարել ապրիլի վերջին շաբաթը:

Խորհրդարանի լուծումին յաջորդող նուազագոյնը 30 եւ առաւելագոյնը 45 օրերու ընթացքին պէտք է տեղի ունենայ նոր Ազգային ժողովի ընտրութիւն: Մինչեւ նոր Ազգային ժողովի ընտրութիւն եւ նոր վարչապետի ընտրութիւն, հրաժարեալ վարչապետը եւ նախարարները իբրեւ պաշտօնակատարներ կը շարունակեն պաշտօնավարել: Բացի ընթացիկ գործերէն, հրաժարեալ կառավարութեան հիմնական պարտականութիւնը կը դառնայ նոր Ազգային ժողովի ընտրութեան կազմակերպումը: Ըստ յայտարարուածին` 20 յունիսին:

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը եւս արտակարգ ընտրութիւն կը պահանջէր, բայց աւելի ուշ թուականի մը: Ինչո՞ւ: Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու կողմէ ընտրութիւն կազմակերպելով վերարտադրուելու աւանդութիւն մը գոյութիւն ունի: Օգտագործելով իրենց տրամադրութեան տակ եղող հնարաւորութիւնները, բոլոր իշխանութիւններն ալ յաջողած են իրենց համար մեծամասնութիւն ապահովել նորընտիր Ազգային ժողովին մէջ: Ներկայ իշխանութեան կատարած գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ ան պիտի չշեղի այդ յոռի աւանդութենէն: Հայրենիքի փրկութեան շարժումը կ՛առաջադրէր կազմութիւնը չէզոք կառավարութեան մը, որուն վարչապետն ու նախարարները թեկնածու պիտի չըլլային Ազգային ժողովի անդամակցութեան: Ժամանակաւոր այդ կառավարութիւնը նախ պիտի աշխատէր Հայաստանի մէջ տիրող թշնամանքի, փոխադարձ ամբաստանութիւններու, բամբասանքի ու կասկածանքի մթնոլորտը փարատել, ապա ընտրութիւն կազմակերպէր խաղաղած մթնոլորտի մէջ: Նման մթնոլորտի ստեղծման համար նախատեսուած ժամանակը առաւելագոյնը մէկ տարի էր:

Տրամաբանական այս լուծումը կարելի չեղաւ իրագործել: Ի՞նչ պէտք է ընել: Այժմ պէտք է սպասենք դէպքերու զարգացումին. մթնոլորտը հանդարտեցնել, որպէսզի անգամ մը եւս ժխտական լիցքերով վտանգուած իրադրութեան մէջ, փորձենք յաջողցնել ժողովրդային կամքի ճշմարիտ պատկերով Ազգային ժողովի մը ընտրութիւնը:

Ժողովրդավարութիւնը միայն թիւի բազմութիւն չ՛ենթադրեր: Մեծամասնական թիւի ստեղծումը իսկական ժողովրդավարութեան կ՛առաջնորդէ, եթէ կատարուած է ազնիւ միջոցներով, ճշմարիտ իրազեկմամբ, առանց խարդաւանքներու, առանց նիւթական կամ բարոյական կաշառքի: Ահա այս պայմաններն են, որոնք պէտք է ստեղծուին, երբ շուտով փոփոխութիւններու ընթացակարգը ճամբայ ելլէ:

Պահանջենք ու յուսանք:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

aztagdaily.com