Փոխարժեքներ
01 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.62 |
EUR | ⚊ | € 421.19 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.99 |
GBP | ⚊ | £ 503.29 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.27 |
Վերնագիրը ընտրած ենք՝ հետեւողութեամբ անմահ երգիծագիր Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» հատորին։ Մեր նպատակը զաւեշտ ընել կամ երգիծել չէ, ո՛չ ալ (ան)քաղաքավարութեան վնասներուն մասին խօսիլ է։ Այլ ի մտի ունինք ահաւոր, քանդիչ եւ կործանիչ ամբոխահաճութեան վնասները, որոնք կը գոյատեւեն Հայաստանի մէջ։
Ամբոխահաճութիւն՝ որուն մասնագէտն է վարչապետի աթոռին կառչած Նիկոլ Փաշինեանը։
Մայիս 2018-ին, ամբոխահաճ տարբեր տրամադրութեամբ եւ պատրաստութեամբ՝ Փաշինեան յաջողցուց «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը, սկսելով իր քայլարշաւէն (որմէ ծնաւ «Իմ քայլ»-ը), հասնելու համար «դրօշ»-ի վերածած՝ վիրաւոր փաթեթաւորուած ձեռքը:
Բայց ահա Փետրուար 25-ին ահազանգը հնչեց Փաշինեանի դէմ, երբ հայոց բանակը, այսինքն Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը, յանձին զօրավար Օննիկ Գասպարեանի եւ սպայակոյտի բոլոր հրամանատարներուն, հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ պահանջելով վարչապետին հրաժարականը:
Ծանօթ է, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ը Փետրուար 20-էն ի վեր նոր հնչեղութիւն ներարկած էր իր բողոքի արտայայտութիւններուն. ժողովրդային հաւաքները կը շարունակուին օրական դրութեամբ ու շատ աւելի հոծ բազմութեամբ, հակառակ առաջին օրերու ձիւնին:
Հրամանատարութեան ահազանգը լսող՝ ամբոխահաճութեան մասնագէտ Փաշինեանին կը մնար շուտով գործի անցնիլ եւ «ակն ընդ ական» տրամաբանութեամբ՝ կազմակերպել «ցոյցի դէմ՝ ցոյց» մը, բնականաբար գործի լծելով եւ օգտագործելով ծանօթ լծակները։
Վարչապետին համար դիւրին էր, «Հանրապետութիւն» հրապարակ իջնելով, կրկին խօսիլ փտածութեան, զեղծարարութեան եւ այս բոլորը ամբողջացնող՝ «հին»-երու մասին։ Բայց ան հաւանաբար չ’անդրադառնար, որ Մայիս 2018-ի համեմատած, երբ իր դէմ ոչ ոք կար, հիմա իր կարգին «հինցած» է, որովհետեւ քիչ մը անդին, Արցախեան Շարժումի ծննդավայր՝ «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ը կը կատարէր իր հերթական հաւաքը։
Փաշինեան կրկին «մէյտան» իջաւ պարզունակ միտքերով, ազդեցիկ կարգախօսքերով, կացութիւն բացատրելով եւ քանի մը կիսատ-պռատ բառով ծրագիր ներկայացնելով։
Ուշագրաւ է, որ մթնոլորտի այս ջերմացումը յաջորդեց Փաշինեանի այն յայտարարութեանց, զորս կատարած էր օր մը առաջ, երբ խօսած էր պատերազմի օրերուն ռուսական «Իսքանտէր» տիպի հրթիռներու օգտագործման, ըսելով, որ անոնց մէկ մասը սպասուած արդիւնքը չէ տուած եւ անոնցմէ մաս մը լման չէ պայթած: Ի՜նչ խօսք, որ անոր այս խօսքերը յայտնապէս ներքին սպառումի համար էին, սակայն դժգոհ ձգեցին սահմաններէն շատ հեռու գտնուողներ, որոնք չեն վարժուած նման վրան-բաց «զեղումներու»:
Թէ՛ ամբոխահաճ եւ թէ՛ ամբոխավար է Փաշինեան, որ թէեւ դիւրութեամբ կը շահագործէ ամբոխի դիւրագրգռութիւնը, սակայն քաջատեղեակ է, թէ ամբոխավարներ միշտ ալ օգտագործած են իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող ուժը, զայն ծառայեցուցած` իրենց նպատակներուն, շահերուն, փառասիրութեան: Վարչապետը նաեւ լաւ պէտք է իմանայ, որ ամբոխը հակամէտ է քանդումի, մետասաներորդ պահու տարբերութեամբ կրնայ ատել այն, ինչ որ կը պաշտէր եւ կը փայփայէր մէկ օր առաջ։ Ամբոխները ընդհանրապէս շինիչ գործօն չեն:
Յատկապէս Հայոց բանակի այս դիրքորոշումով, հետզհետէ կը յստականայ, թէ ամբոխահաճութեան ալիքի վրայ իշխանութեան վրայ մնացող «Իմ Քայլ»-ական ղեկավարութիւնը, կանուխ թէ ուշ, պիտի մերկացուի իր փառասիրութիւններէն, պիտի բացայայտուի երկրին ու բնակչութեան բարիք բերողի կեղծիքը: Ի՛սկապէս, Արցախի մեծ մասին կորուստն ու Սիւնիքը վտանգումը բարքի ո՞ր ցանկի վրայ կարելի է արձանագրել: Ժողովուրդին մեծագոյն մասը արդէն իսկ կը մերժէ զինք, ու բանակը կը միանայ այդ գիտակից զանգուածին, որ ամբոխ չէ ու կը մերժէ նման հաճոյացում:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական
26 փետրուար 2021թ․