Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները աւարտեցին շրջան իրենց այցելութիւնը, որ 27 սեպտեմբերին Արցախի հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած ահաբեկչական վարձկաններու օգտագործմամբ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումէն ետք առաջինն էր, ուստի ինչպէս մեկնաբանել այդ զարգացումին վերաբերեալ որեւէ ակնարկի աչք ծակող բացակայութիւնը: Հաղորդագրութիւնը կը բաւարարուի նշելով, թէ «երկու մայրաքաղաքներուն մէջ ալ կողմերը ներկայացուցին իրավիճակի գնահատականը»` ստեղծելով այն անհեթեթ տպաւորութիւնը, թէ այդ «իրավիճակ»-ը առեղծուածային է, ուստի եւ ենթակայ մէկէ աւելի մեկնաբանութեան:
Հաղորդագրութիւնը նաեւ կը յայտնէ.«Հաշուի առնելով նոր իրողութիւնները` համանախագահները հաստատեցին իրենց շարունակական նուիրուածութիւնը` կողմերու հետ կառուցողականօրէն համագործակցելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում խթանելու եւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները լուծելու համար»: Այլ խօսքով` համանախագահները ամենայն հանգստութեամբ ու հաշտ կերպով կ’ընդունին այդ «իրավիճակ»-ն ու «նոր իրողութիւնները» եւ իրենց սովորական գործունէութիւնը պիտի շարունակեն սառնասրտօրէն` անտեսելով իրենց իբրեւ բնական ընդունած կացութեան խնդրահարոյց ու տխեղծ էութիւնը:
Այս կացութիւնը խնդրահարոյց ու տխեղծ է, որովհետեւ վերոնշեալ «նոր իրողութիւնները» ստեղծուած են ոտնահարելով համանախագահներուն բոլոր հաղորդագրութիւններուն մէջ կողմերուն բազմիցս վերյիշեցուած ու ընդգծուած Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի երեք կէտերէն` ուժի կիրարկման սպառնալիքի կամ ուժի կիրարկման բացառման հիմնարար սկզբունքը: Իրողութիւն մը, որուն նկատմամբ համանախագահները, ըստ երեւոյթի, որեւէ արարկութիւն կամ նկատողութիւն չունին: Ուստի զարմանալի չէ, որ անոնց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ այդ հռչակագրին ու ատոր կարեւորութեան վերաբերեալ որեւէ ակնարկ չկայ, որովհետեւ եթէ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը կ’ոտնահարէ անոր կէտերէն մէկը, 9 նոյեմբերին գոյացած եռակողմ յայտարարութիւնը այդ ոտնահարումը կը դարձնէ ամբողջական` տապալելով ատոր մնացեալ երկու կէտերը: Անիկա ո՛չ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը կ’ապահովէ, ո՛չ ալ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը:
Նախկին Սթաթիւ քոյի շարունակումը մերժող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները իրենց հաղորդագրութեամբ կը վաւերացնեն ու կ’ընդունին տագնապի խաղաղ լուծման սկզբունքը ականահարող նորը` Սթաթիւ Քոն Անթէ Պելլումը (յետպատերազմեան սթաթիւ քոն)` այդպիսով յայտարարելով.«Ուժի կիրարկումը մերժելի է, սակայն ոչ անոր հետեւանքը»:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
aztagdaily.com