կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2020-11-27 20:22
Քաղաքական

ԵւրոԽորհրդարանը քուէարկեց Թուրքիոյ խիստ պատժամիջոցներու պարտադրում

ԵւրոԽորհրդարանը քուէարկեց Թուրքիոյ խիստ պատժամիջոցներու պարտադրում
Առաջին անգամ ըլլալով, ԵւրոԽորհրդարանը, լայն մեծամասնութեամբ, քուէարկեց Թուրքիոյ դէմ խիստ պատժամիջոցներու պարտադրումը, որդեգրելով Յունական եւ Կիպրական Պատուիրակութեան ներկայացուցած բարեփոխումը, նախաձեռնութեամբ՝ Վանկելիս Մէյիմարակիսի, Լէֆթերիս Խրիստոֆորուի եւ Լուկաս Ֆուրլասի։ Քուէարկութեան արդիւնքն էր 440 քուէ դեր, 193 դէմ եւ 53 ձեռնպահ։
 
Եւրոխորհրդարանի կարեւոր որոշում մըն է, որ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն յստակ պատգամ մը կ՛ուղարկէ, որոնք կ՛ակնկալուի թէ յառաջիկայ Դեկտեմբեր 11-ին, թրքական արկածախնդրութեան դէմ որոշումներ պիտի առնեն։
 
Այս բարեփոխութեամբ, որու զօրավիգ կանգնեցաւ Եւրոպական Ժողովրդային Կուսակցութեան Եւրոխորհրդարանի պլոքը, կը փաստուի թէ սոյն կուսակցութեան Յոյն եւ Կիպրացի եւրոերեսփոխաններու ձայնը ուժեղ է։ Առաջին հանգրուանէն, Եւրոպական Ժողովրդային Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան նախագահ Մանֆրէտ Ուէպըր ինքզինք դասած է Յունաստանի եւ Կիպրոսի կողքին, որոնք անվերապահ կը պաշտպանեն Միջազգային Օրէնքի կանոնները, անընդհատ պահանջելով յստակ որոշումներ եւ գործնական զօրակցութիւն, ի նպաստ՝ Եւրոպական Միութեան երկու անդամ պետութիւններուն։