կարևոր
3376 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-01-14 15:02
Քաղաքական

Ակնարկ. «Սեպտեմբերեան Աղմուկէն» Մինչեւ «Պատժամիջոցներու Անպատեհ Առիթը»

Ակնարկ. «Սեպտեմբերեան Աղմուկէն» Մինչեւ «Պատժամիջոցներու Անպատեհ Առիթը»

Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահին այցելութիւնը Երեւան, քաղաքական պահի կարեւորութիւնը նկատի ունենալով, ուշագրաւ դիտարկումներու եւ յիշեցումներու առիթ կու տայ:

Պաշտօնական Մոսկուան Զախարովայի ճամբով կը յայտարարէր, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի յայտարարութեան նախագիծին մէջ ֆրանսացի հեղինակները անտեսած էին Ռուսիոյ առաջարկները: Պարզ չէ, թէ ի՛նչ եղած են Մոսկուայի առաջարկները: Այստեղ սլաքը ուղղուած է Ֆրանսային, որ, ըստ Մոսկուայի, եղած է հիմնական պատճառը, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խուրհուրդէն չբխի որեւէ յայտարարութիւն:

Խնդիրը ուրեմն Արցախի հարցին շուրջ կամ աւելի մասնակի` Բերձորի միջանցքի վերաբացման առումով անհամաձայնութիւն չէ, որքան միջազգային ընտանիք-Ռուսիա այսօրուան յարաբերութիւնը: Պարզ է, որ երեւոյթը կը վերաբերի արցախեան հարցի կամ աւելի լայն` Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու միջնորդական հակամարտութեան:

Արձանագրենք, որ Պաքուն իր կտրուկ անհամաձայնութիւնը յայտնած էր պրիւքսելեան քառակողմ ձեւաչափի վերագործարկման` առարկելով, որ Փարիզ իրաւունք չունի մասնակցելու բանակցութիւններուն իբրեւ միջնորդ, որովհետեւ հակամարտութեան հարցին մէջ կողմ է յօգուտ Հայաստանին:

Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ դէմ կ՛արտայայտուէր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին եւրոպական դիտորդական առաքելութիւններուն, որոնք սահմանի հայաստանեան հատուած կը գործուղուէին:

Այս իրականութիւններուն քաղաքական ընկալումով կը բացատրուին Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահին ո՛չ միայն ժամանումը Երեւան, այլ նաեւ անոր կատարած յայտարարութիւններուն շեշտադրումային փոփոխութիւնները:

«Ֆրանսան չի ճանչնար Արցախի անկախութիւնը» կամ «չեմ կարծեր, որ պատեհ առիթ է Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու, յայտարարութիւնները այդ մասին կը յուշեն: Ազգային ժողովի նախագահը ճիշդ է, որ յղում կատարած է նաեւ անցնող նոյեմբերին իր գլխաւորած օրէնսդիրին քուէարկած բանաձեւին. այսպէս

. «Սեպտեմբերեան իրադարձութիւնները աղմուկ հանեցին Ֆրանսայի մէջ, եւ Ազգային ժողովը արձագանգեց այդ աղմուկին: Մենք բանաձեւ մը ընդունեցինք, որ կը պահանջէ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի նկատմամբ յարձակողապաշտութեան դադրեցում եւ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատում: Դիմեցինք նաեւ Ֆրանսայի կառավարութեան շարունակելու իր միջնորդական գործունէութիւնը, ամրապնդելու աջակցութիւնը Հայաստանին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ քննարկումներու գործընթացը վերահաստատել, որպէսզի վերջապէս մշակուի որոշակի լուծում»:

«Սեպտեմբերեան իրադաձութիւններու աղմուկը» ձեւակերպումը ըստ նոյեմբերեան բանաձեւին` «Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ յարձակումներ եւ բռնագրաւումներ» են: Որոնց շարունակութեան պարագային Ազգային ժողովը նոյն բանաձեւով կ՛առաջարկէր կառավարութեան` դիտարկել անհատական պատժամիջոցներու կիրարկման կարելիութիւնը: Փաստօրէն ազրպէյճանական զօրքերը չեն հեռացած հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներէն, այդուհանդերձ պատժամիջոցներ կիրարկելու պահը պատեհ չի գտներ Ազգային ժողովի նախագահը:

Տակաւի՛ն. այդ բանաձեւը կը խօսէր ռազմագերիներու վերադարձի անմիջական պահանջին, բայց մանաւանդ յղում կը կատարէր Ֆրանսայի Ազգային ժողովի 2020-ի թիւ 502 բանաձեւին, ուր կառավարութեան կ՛առաջարկէր ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Հիմա, այստեղ առանց այդ բանաձեւերու յիշեցումներուն օրէնսդիրի ղեկավարը կը հաստատէ, որ Ֆրանսան չի ճանչնար Արցախի անկախութիւնը:

Այս բոլորը գուցէ նկատուին օրինաչափ քաղաքական մտածողութեամբ: Կարելի է տարանջատել անշուշտ օրէնսդիրն ու գործադիրը եւ ընդգծել, որ օրէնսդիրի եւ գործադիրի միջեւ էական կ՛ըլլան դիրքորոշումներու տարբերութիւնները:

Խնդիրը ֆրանսական դիրքորոշումները հայկական հիմնահարցերու յարաբերակցութեամբ չդիտարկելն է` Ընկալելը, որ Փարիզը, որ աշխուժ դիւանագիտական աշխատանք կը փորձէ տանիլ շրջանին մէջ կ՛առաջադրէ դիրքաւորուիլ միջնորդական առաքելութեան մէջ: Իսկ միջնորդութիւնը` հաւասար հեռաւորութիւն պահելու խաղի կանոններուն կ՛ենթարկուի: Այս հանգամանքները նկատելով է, որ պէտք է դիտարկել Ֆրանսայի օրէնսդիրին մերձեցումը գործադիրի դիրքորոշումներուն եւ ճիշդ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ Ազգային ժողովի նախագահը կ՛ըսէ, թէ Ֆրանսան չի ճանչնար Արցախի անկախութիւնը կամ թէ ինչո՛ւ հիմա պատեհ առիթ չէ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցային քաղաքականութիւն կիրարկելու: