կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-10-30 11:42
Արցախ

ՀԵԴն Արցախի Ճանաչման Պահանջով Հացադուլի Կը Դիմէ

ՀԵԴն Արցախի Ճանաչման Պահանջով Հացադուլի Կը Դիմէ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 26 Հոկտեմբերէն ի վեր, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան խումբ մը անդամներ հացադուլ կը կատարեն Լոս Անճելըսի Դաշնացային շէնքին առջեւ, ուշադրութիւն հրաւրելու համար Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ գործած պատերազմական ոճիրներուն վրայ։

Հացադուլը պիտի շարունակուի մինչեւ Կիրակի, 1 Նոյեմբեր, երբ առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ, շէնքին առջեւ բողոքի ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ եւ ցուցարարները այնտեղէն քայլարշաւ մը պիտի կատարեն դէպի Ատրպէյճանի հիւպատոսարանը։

Հացադուլի դիմած երիտասարդները Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն կը պահանջեն ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներ հաստատել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ատենապետ Արամ Մանուկեան կը յայտնէ, թէ Ուաշինկթըն պէտք է կասցնէ բոլոր աջակցութիւնները՝ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ պատերազմական ոճիրներու դիմող Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ:

asbarez.com