կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-09-30 17:00
Սփյուռք

Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ հանդիպման ընթացքին երեսփոխան Մարք Տալթոն դատապարտեց ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագիծը

Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ հանդիպման ընթացքին երեսփոխան Մարք Տալթոն դատապարտեց ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագիծը

29 Սեպտեմբերի Առաւօտեան ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի անդամ Վահէ Անտոնեան հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Խորհրդարանի անդամ Մարք Տալթոնի հետ, որուն հետ արծարծեց Արցախի Վրայ թուրք-ատրպէտճանական յարձակումը։

Մէյփըլ Ռիճ ընտրատարածքի Պահպանողական երեսփոխան Մարք Տալթոն դատապարտեց ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագիծը եւ խոստացաւ Արցախի հանդէպ Պաքուի բռնարարքները դատապարտող յատուկ յայտարարութիւն հրապարակել։

Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի անդամները Արցախի ներկայ իրադրութեան գծով պիտի շարունակեն հանդիպումները Պրիթիշ Գոլոմպիայի դաշնակցային եւ նահանգային քաղաքական դէմքերու հետ։

horizonweekly.ca