կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-21 18:36
Սփյուռք

Հայ Դատի յանձնախումբի կոչին անսալով Գանատայի Նահանգային խորհրդարանի անդամներ կը դատապարտեն Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ վարքագիծը

Հայ Դատի յանձնախումբի կոչին անսալով Գանատայի Նահանգային խորհրդարանի անդամներ կը դատապարտեն Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ վարքագիծը

Հորիզոն – Ի հետեւումն Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական սադրիչ յարձակումներուն ու բռնարարքներուն եւ ընդառաջելով Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակին ու շրջանային յանձնախումբերու կոչին, Գանատայի նահանգային խորհրդարաններու ներկայացուցիչներ գրառումներով դատապարտեցին ատրպէյճանական բռնութիւնները։

Քէպէգ Նահանգի Խորհրդարանի անդամ Մարուա Ռիզքի իր աջակցութիւնը յայտնեց հայ համայնքին, դատապարտելով Ատրպէյճանի զինեալ յարձակումները Հայաստանի վրայ, յորդորելով վերջ տալ բռնարարքներուն եւ անսալ խաղաղութեան կոչին:

Քէպէգ Նահանգի Խորհրդարանի անդամ Կի Ուէլէթ անդրադառնալով Հայաստանի սահմանամերձ գիւղի մանկապարտէզի ռմբակոծման՝ դատապարտեց անմարդկային արարքը, եւ որպէս Արցախի բարեկամ իր աջակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին, նշելով, որ բռնութիւնը երբեք լուծում չէ յատկապէս համաճարակի այս օրերուն: Ան յոյս յայտնեց, որ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դրական կ՚արձագանգէ Հայ Դատի յանձնախումբի կոչերուն:

Քէպէգ Նահանգի Խորհրդարանի անդամ Նիքոլ Մէնարտ դատապարտելով Ատրպէյճանի արարքները, նշեց, որ ամբողջ սրտով հայ համայնքին հետ է:

Քէպէգ Նահանգի Խորհրդարանի անդամ Քրիսթին Սէն-Փիէռ յղում կատարելով Խորհրդարանի անդամ Մարուա Ռիզքի գրառման, իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին, դատապարտելով Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները:

Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի հայազգի անդամ Արիս Պապիկեան, անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահին Մեծամօրի հիւլէակայանի ռմբակոծման սպառնալիքներուն յայտնեց, որ Ատրպէյճան սպառնալիք է Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի բնակչութեան համար եւ այդ սպառնալիքը ցեղասպանական յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ: Ան պահանջեց, որ միջազգային ընտանիքը դատապարտէ Ատրպէյճանի յարձակապաշտ գործողութիւնները: