Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Վերջին անգամ 2019-ի Յուլիսին հանդիպեցայ ընկեր Վարանդին, «Հայկազեան» համալսարանի երդիքին տակ։ Այդ օր դոկտ. Հուրի Պէրպէրեան պիտի ներկայացնէր իր վերջին գործը: Ան կ՛արծարծէր հայ յեղափոխականներու դերը, ռուսական, պարսկական եւ օսմանական յեղափոխութիւններու օրերուն: Վարանդին նախասիրած նիւթերէն մէկն էր եւ ան ո’չ միայն մեծ խանդով կը հետեւէր այդ գեր-հետաքրքրական զրոյցին, այլ նաեւ ամենաճշգրիտ պատասխանները կը փոխանցէր անակնկալ հարցադրումներուն, մեծ տպաւորութիւն ձգելով նոյնինքն դասախօսին վրայ:
Այդ օր պարզ ողջագուրում եւ կարճ զրոյց մը ունեցանք: Քանի մը օրով եկած էի ծննդավայրս, յաջորդ օրն իսկ պիտի վերադառնայի։…Աւա՜ղ, չէի գիտեր, որ մեր վերջին հանդիպումը պիտի ըլլար:
***
Յիշատակելի պատահարները շատ են Վարանդին հետ: Ահաւասիկ դրուագ մը:
Մարտ 1990․ վայր՝ Պէյրութի արեւմտեան շրջանի հայահոծ Տաուտ Փաշա փողոց, կամ աւելի դիւրութեամբ բացատրելու համար՝ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի քաղաքի ակումբի եւ Նշան Փալանճեան ճեմարանի փոքր դռան (այդ օրերուն կանաչ, այժմ՝ յարդի գոյն) ճամբան։
Այդ օրերուն բաժան-բաժան եղած էր փսոր մը Լիբանանը։ Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս կամ Տպպայէ երթալու համար, ժամերով զանազան «բդեշխութիւններ»-ու անցարգելները պէտք է «վայելէինք»։ Այնքան մը, որ Պէյրութի օդակայանէն, օրական քանի մը թռիչք կը կատարուէր դէպի Թրիփոլիի զինուորական Քլէյաթի (Լիբանանի ծովեզերեայ տհաճ շրջաններէն մէկը, որ ոչ մէկ կապ ունի Քէսրուանի համանուն շքեղ գիւղին հետ) օդակայանը ․․․որ աւելի մօտ էր Սուրիոյ սահմանին, քան՝ հիւսիսի մայրաքաղաքին։
Մեր ուղեւորութիւնը տարբեր ուղղութեամբ էր եւ վեց ժամէն աւելի քշած էինք․․․Անթիլիասէն մայրաքաղաքի արեւմտեան կողմը հասնելու համար։ Այդ ժամանակ վերոյիշեալ թաղին մէջ կը բնակէր Վարանդը։ Մեր հետ բերած էինք «Ազդակ»-ի թիւեր եւ առիթէն օգտուելով, յանձնելու ժամանակ, բարեւ մըն ալ պիտի ըսէինք մեր ընկերոջ։
Չէինք կրնար երկար մնալ։ Վերադարձի ճամբան ալ նոյնքան երկար էր։ Այսօր, երեսուն տարի ետք, գերարդիական «կուկըլ»-ն անգամ կուլ պիտի չկարենար տալ, եւ դեռ աւելին՝ շշմէր ու մոլորէր, հետեւելով մեր ուղեւորութեան։ Այդ օրերուն, Անթիլիասի «Աղբալեան» ակումբէն «Նշան Փալանճեան» ճեմարան երթալու համար մէկ միջոց կար․․․
առաքելութիւնն ի Պիքֆայա, ապա Պոլոնիա, Զաարուր, Զահլէ, Շթորա, դէպի Լիթանիի ճամբան՝ Քէֆրայա, Մաասէր Շուֆ, Պարուք, Պէյթ էլտին, Տէյր Ամար, Տամուր եւ ի վերջոյ աւելի համեմելու համար՝ «պահրի պահրի», այսինքն՝ ծովափի ճամբով․․․ի քաղաք՝արեւմտեան Պէյրութ։
Վերադարձն ալ նոյն «արահետներ»-ու ոդիսականն էր, անշուշտ այն պայմանով, որ արեւամուտ չեղած նախընտրելի էր հասնիլ գոնէ Պիքֆայա։
– Ինչպէ՞ս եկաք, հարցուց Վարանդ, – ըստ սովորութեան՝ մեծ հետաքրքրութեամբ։
Պատասխանս․․․վերոյիշեալ գիւղերու շարանն էր, եզրակացնելով եւ երկիմաստ փոխաբերական արտայայտութիւն մը կատարելով, թէ՝ «Լուսաւոր Ուղի»* մը բռնած էինք։ Վարանդ, մերթ ակնոցներու ետին պահուըտած աչքերը մեծ բանալով, մերթ պեխերուն տակէն ժպտելով, իր զարմանքը կ՛արտայայտէր։
– Ուրեմն ճամբայ մը բաց ձգած են, – եզրակացուց ան։
– Այո՛, ըստ երեւոյթին Սուն Ցուի** ոճն է, որ կը կիրարկուի, – դիտմամբ յայտնեցի սպասելով եւ կռահելով իր պատասխանը, որ չուշացաւ։
– Ինչու այս «շարլաթան»-ները Սուն Ցուին ինչ ըլլալը գիտե՞ն։ ․․․Գիտե՞ն, թէ պաշարելով եւ յոյսի կամ փախուստի ճամբայ մը բաց չձգելով, կրնան շատ աւելի կատաղի առճակատումի դուռ բանալ։ Վստահաբար, այս «լորտ»-երը միայն ու միայն առեւտուրի եւ անձնական շահերու համար ճամբայ մը բաց ձգած են։
Տեղին էր Վարանդին սուր եւ ճշգրիտ վերլուծումն ու եզրակացութիւնը։ Կատակով աւարտելու համար մեր այս ճամբորդութեան նիւթին շուրջ զրոյցը, ժպիտով մը եզրակացուցի՝
– Ճիշդ ես ընկեր, ասոնք Սուն Ցուին ով ըլլալը չեն գիտեր եւ առաւելագոյն պարագային պիտի կարծեն, թէ «Մա Լինկ»-ի*** մէկ այլ վաճառանիշով տփեղէն մըն է։
Հազիւ այս արտայայտութիւնը ունեցած էի, երբ նկատեցի փոփոխութիւն մը Վարանդի դէմքին վրայ. Մտահոգ կ’երեւէր.
– Օ՜հ․․․դուք գրեթէ պաշարուած էք։ Տղաքը սնունդի կարիք ունին։
– Ընկե՛ր, հոգ մի ըներ, ամէն ինչ ապահոված ենք,- պատասխանեցի, հետս ընկերացող երիտասարդի մը օգնութեամբ, ցոյց տալով ինքնաշարժին մէջ տեղ գրաւած հացի կապերն ու ընդեղէններու տոպրակները։
Վարանդը ճանչցողը գիտէ, թէ ինչ պիտի պատահէր։ Պատահմամբ, մեր չար եւ իր բարի բախտէն շրջուն նպարավաճառ՝ «արապաճի» Մահմուտը (թաղի հայութեան սիրուած նպարավաճառը, զոր՝ յաճախ Մամուտ եւ նոյնիսկ Մայրամուտ կը կանչէին կոտրտուած արաբերէնով հայ յաճախորդ-յաճախորդուհիները), մեր մօտակայքը կանգ առած կը փորձէր շրջանի բնակիչներուն թարմ կանաչեղէն եւ պտուղ ծախել։ Այս վաճառականին հետ Վարանդին արագ զրոյցն ու «Ալի՛ն (իր կողակիցը) արա՛գ դրամապանակս նետէ՛»-ն մէկ եղաւ։ Եւ յանկարծ տեսնեմ ինքնաշարժիս դռներն ու սնտուկը բաց, տոպրակներով լոլիկ, բողկ, հազար, նարինջ, մանտարին եւայլն կը զետեղուին։
– Վարանդ, կարիքը չկայ ասոր․․․, – խօսքս չաւարտած, արդէն անոր պատասխանը յստակ էր։
– Ասոնք բոլորին համար են։ Ձեր շրջանը գրեթէ շրջապատուած է: Տղաքը վստահաբար անօթի են․ թող թարմ սնունդ ստանան։
Ուրախ էր Մահմուտը, որ այդ օր շնորհիւ միայն մէկ յաճախորդի կրցած էր ապահովել իր օրապահիկը։ Նոյնքան ուրախ էր եւ հոգեպէս հանգիստ կը զգար նոյնինքն յաճախորդը՝ Վարանդը։
Տղաքն ալ ուրախ էին: Երեկոյեան ժամը ութի մօտ հասած էինք Անթիլիաս եւ անոնք այդ օր առանց «Մա Լինկ»-ի, «զեխ» ընթրիք մը կատարած էին։ Տղաքը տեղեակ չէին, թէ մատակարարողը Սուն Ցուի երկրպագու Վարանդն էր, որ վստահաբար չէր ալ հաշուած այդ օր, մայրամուտէն շատ առաջ տուն հասած՝ Մահմուտին յանձնած գումարը։
***
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12-ին, Վարանդ՝ իր հարազատները տեղեակ չպահեց, որովհետեւ ինքն ալ տեղեակ չէր, թէ «երազային գիտա-երեւակայական ճամբորդութիւններէն մէկուն ձեռնարկած է տիեզերանաւու մը մէջ» անվերադարձ մեկնելու համար դէպի անջրպետային վայր մը, ուր տակաւին Շուշի մը գոյութիւն ունի..․Քարին Տակէն՝ քարին վրայ, բարձր, շա՜տ բարձր բերդաքաղաք մը, միայն ու միայն վերապահուած՝ անձնազոհներու, խիզախներու եւ վեհանձներու:
Պեխերուն տակ թաքուն ժպիտ մը, նուիրում…խոր նուիրում, նաեւ հաւատք…խոր հաւատք: Ընկեր Վարանդ՝ եզակի տիպար մը, որ այս օրերուն գրեթէ անգտանելի է:
Այո՛․․․մոմով ալ, խունկով ալ կարելի չէ գտնել։
*«Լուսաւոր Ուղի»-ն («Sendero luminoso») Փերուի ծայրայեղ ձախակողմեան ընդյատակեայ կազմակերպութիւնն էր, ղեկավարութեամբ այլախոհ Ապիմայէլ Կուսմանի, որ վաթսունականներու աւարտէն մինչեւ իր ձերբակալուիլը՝ 1992-ին ահաբեկչական արարքներ կատարած էր, ահ ու սարսափ սփռելով: Թէեւ, Վարանդ չէր բաժներ անոնց ծայրայեղ գործելաձեւը, սակայն կերիլլայական այս շարժումներով մօտէն հետաքրքրուած էր։
**Քրիստոսէ Առաջ ապրած՝ռազմագէտ, գրագէտ եւփիլիսոփայ Սուն Ցուի «Պատերազմի Արուեստը» («Art of war» – Sun Tsu) գիրքը, որ իր նախասիրած գործերէն մէկն էր: Վարանդ միշտ ալ ակնածանքով կ՛արտայայտուէր Սուն Ցուի մասին եւ անոր գործէն օրինակներ կը բերէր։
*** Չինաստանէն առաքուած պահածոյ տփեղէն միս, որ ամբողջ պատերազմի ընթացքին անպակաս էր խեղճ ու կրակ սեղաններէն:
Զ․Թորիկեան
Պոսթըն, 18 սեպտեմբեր, 2020
hairenikweekly.com