կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-08-06 11:12
Հասարակություն

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Պէյրութի եւ համայն Լիբանանի հայ համայնքին՝ նոյն ժամանակ ցաւակցելով այն ընտանիքներուն, որոնք կորուստներ ունեցան անցնող օրերուն: 4 Օգոստոսին պատահած ահաւոր պայթումը մեծապէս ցնցեց Պէյրութ քաղաքը, տեղւոյն հայ համայնքը, ինչպէս նաեւ ամբողջ երկիրը: Պայթումը նաեւ ուժգին անդրադարձ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանին մէջ, ուր կ՛ապրին մեծաթիւ քաղաքացիներ, որոնք Լիբանանի մէջ ապրող հարազատներ ունին:
Շատ թանկ է այս ողբերգութեան պատճառով վիրաւորուած, ընտանիքի անդամ մը կորսնցուցած, իր տունը կամ գործատեղին աւերակ դառնալուն ականատես եղած եւ դեռ քիմիական փոշիներու անտեսանելի հետեւանքները կրելու դատապարտուած իւրաքանչիւր լիբանանցի հայ անհատի վճարած գինը:
Ըստ ստացուած տեղեկագրութիւններուն՝ համայնքի կեդրոնները եւ հաստատութիւնները կրած են նիւթական վնասներ, յատկապէս «Շաղզոյեան» կեդրոնը Պուրճ Համուտի մէջ, ուր ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակներուն կողքին կը գտնուին նաեւ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի Միջին Արեւելքի գրասենեակները:

Պայթումէն վնասուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը եւ կրօնական, մշակութային ու կրթական բազմաթիւ այլ հաստատութիւններ:

Պատահած պայթումը կը զուադիպէր այնպիսի ժամանակի, երբ Լիբանանի մեր համայնքը ամիսներէ ի վեր կը դիմակայէր Լիբանանի տնտեսութեան ֆինանսական աննախընթաց անկումի ահաւոր դժուարութիւնները, զուգահեռ՝ «Քորոնա» ժահրի համաշխարհային համաճարակին առթած դժուարութիւններուն:

Այս պայթումին ստեղծած տագնապին առաջին վայրկեաններէն իսկ կապի մէջ ենք Լիբանանի մեր ընկերներուն հետ, որոնց յայտնած ենք մեր անսակարկ աջակցութիւնը՝ կարելի բոլոր միջոցներով օգնելու եւ օժանդակելու մեր համայնքին եւ վերակառուցելու վնասուած կալուածները: Ինչպէս անցեալի պարագային, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն որեւէ միջոց պիտի չխնայէ իր շարքերը, ուղեկից կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ համայն Ամերիկայի համայնքը զօրաշարժի ենթարկելու՝ հասնելու համար լիբանանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն կարիքներուն՝ իրենց դժուար օրերուն:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ