կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-08-04 18:56
Սփյուռք

Յուշեր Ճեմարանի 90-ամեակի Առթիւ

Յուշեր Ճեմարանի 90-ամեակի Առթիւ

Ծնած եմ Դամասկոս եւ յաճախած եմ տեղւոյն Միացեալ վարժարանը: 1946-ին, վեցերորդ դասարանի աւարտական հանդէսին, տնօրէնը՝ Տիգրան Գալըպճեան եւ հայերէնի ճեմարանաւարտ ուսուցչուհիս՝ Մակնոլիա Շամլեան, հօրս կ'առաջարկեն զիս ուղարկել Պէյրութ. հոն, որպէս հայ Ճեմարանի գիշերօթիկ աշակերտուհի, պիտի կարենայի երկրորդական ուսումս շարունակել:  Հայրս անշուշտ անակնկալի կու գայ. բացառիկ առիթ մը տրուած էր աղջկան. միաժամանակ կը տատամսի. հազիւ պատանի աղջիկը ինչպէ՞ս ղրկել օտար քաղաք. դժուա՛ր որոշում:

Հայրս Բալուէն էր. ութ տարեկանին բռնած էր տարագրութեան ճամբան. նախակրթարանի երկրորդ դասարանը աւարտելէն ետք զրկուած  էր ուսումէ եւ ինքնաշխատութեամբ յաջողած էր կեանքի պայմանները բարելաւել եւ ուսման տենչը յագեցնել: Երկար մտածելէ ետք եւ նկատի ունենալով որ այդ օրերուն Դամասկոսի մէջ երկրորդական ուսում ստանալու առիթ չկար աղջիկներու համար, հայրս որոշեց զիս ուսումէ չզրկելու համար հանգիստ աշխատանքը ձգել եւՊէյրութ փոխադրուիլ: Ուրեմն, հայրս, մայրս, մեծ մայրս,եղբայրս, երեք քոյրերս եւ ես ամրան սկիզբը հաստատուեցանք Պէյրութ, Հայաշէն արուարձանի ձորին մէջ տուն մը վարձելով:

Այսպէս ուրեմն,1946-ի մուտքի քննութիւնը անցընելէ ետք, հոկտեմբերին՝ հայ Ճեմարանի Ուատի Ապու Ճեմիլի առաջին շէնքին բակը խռնուած աշակերտներուն մէջ, ապահովաբար ամէնէն աւելի անձկութիւն ունեցող անձը ե՛ս էի:  Աստիճաններէն բարձրանալով վեցերորդ կարգի դասասրահը մտանք եւ մեր տեղերը գրաւեցինք:  Պրն. Գառնիկ Բանեան մեզ ընդունելով, անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց: Դասընկերներս իրենց հիւրընկալ վերաբերումով նորեկի մտավախութիւններս փարատեցին:

Պրն. Բանեանը մեր հայերէնի եւ հայոց Պատմութեան դասատուն էր. պրն. Մուշեղ Իշխանը՝ ֆրանսերէնի. պրն. Գառնիկ Թօփալեանը՝ իրագիտութեան. տիկ. Գոհար Յովհաննէսեանը՝ թուաբանութեան, իսկ պրն. Եղիշէ Մանուկեանը՝ մարզանքի:  Կիսամեայ քննութիւններէն ետք, երբ Լեւոն Շանթէն վիճակացոյցս ստացայ, ինքզինքիս ճեմարանական համարուելու իրաւունքը տուի:

1946-ի երկրաշարժը մեր Ճեմարանի վերի յարկը անբնակելի դարձուցած էր եւ տնօրէնութիւնը նոր շէնք մը գտնելու պարտադրանքին առջեւ գտնուած էր: Մօտ մէկ տարի Ճեմարանը ծովեզերքը գտնուող վայրի մը մէջ մնաց, խեղճուկրակ պայմաններով: Ընտանիքս ծովեզերքէն շատ հեռու կ'ապրէր, եւ ես ստիպուած՝ երկու հանրակառք կը փոխէի դպրոց հասնելու համար:

Կէսօրուան ճաշի դադարները մէկուկէս ժամ կը տեւէին. աշակերտներուն մեծամասնութիւնը ստիպուած էր դպրոց մնալու:  Անձրեւոտ օրերուն, աշակերտները հանդարտ պահելու համար, տիկ. Գոհար կ'առաջարկէր դպրոցի գրադարանը երթալ. կը յիշեմ որ Զարթօնքի հատորները ձեռքէ ձեռք կը խլուէին:

Եօթներորդ դասարանի մեր դաստիարակ ուսուցիչը պրն. Գառնիկ Թօփալեանն էր. ան աշխարհագրութիւն եւ թուաբանութիւն կը դասաւանդէր. բոլորս ճիգ կը թափէինք մեր տնային պարտականութիւններուն վերեւ իր «խնամուած» եւ «մաքուր» մակագրութիւնը ստանալու: Շնորհիւ իրեն սորված էինք քարտէսմը մեծցնելու եւ ճիշդ ձեւով պատկերացնելու ձեւը:Այդ տարիներուն դաստիարակ ուսուցիչներուն պարտականութիւններէն մէկն ալ աշակերտներուն տուները այցելելն էր:  Իրիկուն մը, տուն վերադարձիս մայրս ըսաւ որ ցերեկին պրն. Թօփալեանը մեզի այցելեր էր. մօրս համար այդ օրը պատմական օր մը եղած էր իմ մասիս դրական արտայայտութիւններ լսած ըլլալուն համար իմ ուսուցիչէս...

Այդ տարի  քանի մը անգամ դասարանային պտոյտի գացինք պրն. Թօփալեանի առաջնորդութեամբ:  Ի՜նչ հաճելի էր վայելել մեր ուսուցիչին անձնաւորութեան երկրորդ երեսը. առօրեայի ընթացքին խստապահանջ, լուրջ, կարգ ու կանոնի հետամուտ պարոնը կը փոխուէր պտոյտին առիթով:  Ամբողջ օրը կ'անցընէինք ընկերային, կատակասէր եւ հաճոյալի անձի մը հետ:

Այդ տարի մեր դասարանի աշակերտներուն թիւը հասած էր երեսունվեցի. աւելի բարձր դասարանէն նոր ընկերներ ժառանգած էինք...

Անգլերէնի մեր դասատուն ճեմարանաւարտ Շաքէ Տէր Մելքոնեանն էր. ան իր ուսանողի կեանքէն բաժին կը հանէր մեզի եւ այցելու ուսուցիչ էր. միեւնոյն ատեն ՀՄԸՄ-ի պասքէթպոլի աղջիկներու խումբին լաւագոյն խաղացողներէն էր:  Ի միջի այլոց, տարիներ ետք, Հայ օգնութեան միութեան կառոյցի փոփոխութեան շրջանին, վեց տարի շարունակ հետը գործակցելու առիթը եւ բախտը ունեցած եմ. ես՝ որպէս կեդրոնական վարչութեան անդամ, ինք, որպէս ատենապետուհի, ես՝ նախկին աշակերտուհի, ինք՝ նախկին ուսուցչուհի՝ մեր կարողութիւնները ի մի դրած՝ կ'աշխատէինք նոյն նպատակներու իրագործման համար:

Պրն. Շանթի հիւսիսային Ամերիկա ճամբորդութեան արդիւնքը եղաւ այն որ 1948-ին հայ Ճեմարանը օժտուեցաւ սեփական շէնքով մը, հետագային կոչուելու համար Նշան Փալանճեան Ճեմարան:  Շէնքի բացումին օրը առնուած լուսանկարին մէջ կարելի է տեսնել Լիբանանի նախագահը եւ պրն. Շանթը շրջապատուած Համազգայինի ընտանիքի անդամներով. հոն են նաեւ Ճեմարանի երգչախումբի անդամները իրենց երաժշտական ղեկավարին, Կոմիտաս վարդապետի աշակերտ՝ Բարսեղ Կանաչեանի հետ:

Այդ ընդարձակ նոր շէնքին շնորհիւ աշակերտներուն կ'ընծայուէին աւելի արդիական պայմաններ. բայց մեր դասարանը երկու յարկերու միջեւ գտնուող, ցած ձեղունով սենեակ մըն էր:

Մեր ուսուցիչներն ալ փոխուած էին. պրն. Կարօ Սասունի հայերէն կը դասաւանդէր. պրն. Գառնիկ Գիւզալեան՝ հայոց Պատմութիւն եւ ընդհանուր Պատմութիւն:  Այսօր երբ կը փորձեմ վերյիշել զինք, դիմացս կը կանգնի վերջին աստիճանի խնամքով հագուած, կաշիէ ձեռնոցը՝ ձախ ձեռքին, դասաւանդութեան թուղթերը՝ թեւին տակ միջին հասակի անձ մը, որ յարգանք եւ համարում կը ներշնչէր: Ան տարի մը հայ ժողովուրդի կազմութեան նիւթը դասաւանդեց. մենք պէտք էր ճշգրիտ եւ արագ կերպով գրի առնէինք, հետագային իրարու հետ մեր բաց ձգած տեղերը ամբողջացնելով. ընդհանուր Պատմութեան որպէս աղբիւր՝ ֆրանսերէն դասագիրք մը կ'օգտագործէինք. պրն. Գիւզալեանը կը սահմանէր մեր թարգմանելիք հատուածները, իսկ մենք մեծ դժուարութեան մատնուած՝ կը փորձէինք իմաստալից վիճակի հասցնել կտորը:

Տարի մըն ալ պրն. Կարօ Սասունին Միջնադարու Հայ Գրականութեան պատմութիւնը դասաւանդեց: Նիւթը կ'ընդգրկէր միջնակ հայերէնի գրական հարստութիւնը եւ աշուղներու ձգած աւանդը:  Ինք կը թելադրէր եւ մենք դարձեալ գրի պէտք էր առնէինք:  Հետագային երբ Ճեմարանի պաշտօնեայ դարձայ, պրն. Սասունիի ցուցմունքով այդ նիւթերը միմիոկրաֆի մեքենայով գրքոյկի վերածեցինք. ի՛նչ խօսք որ իրեն հետ գործակցելու հաճոյքը վայելեցի:  Իր կողմէ մակագրուած օրինակս մինչեւ օրս կը պահեմ երկիւղածութեամբ, սրբութեան մը պէս:  Իսկ ինչպէ՞ս մոռնալ հայ ազատագրական ազգային շարժման մասին տուած դասերը. Եթէ չեմ սխալիր՝ տասնմէկերորդ էինք եւ յափշտակուած մտիկ կ'ընէինք պրն. Սասունիին. իրեն հետ կը բարձրանայինք Սասնոյ լեռները եւ կ'այցելէինք մեր ֆետայիներուն: Մեր ուսուցիչին պատմելու արտասովոր ու ներշնչող ոճը վարակիչ բան մը ունէր, եւ երբ տոգորուած՝ կ'ունկնդրէինք այդ դրուագները՝ մտովի յանձնառու կը դառնայինք մեր ազգի ապագայի նկատմամբ:

Լսարանի տարիներուն պրն. Շանթ հոգեբանութիւն եւ մանկավարժութիւն դասաւանդեց մեզի. եթէ չեմ սխալիր՝ մանկավարժութեան դասերը դպրոցի դասապահերէն անկախ էին, որովհետեւ նախապատրաստականի ուսուցիչները մեզի կը միանային:  Այդ օրերուն պրն. Շանթ արդէն իսկ որդեգրած էր ուսուցիչներու վերապատրաստման սկզբունքը: Այդ դասերը համալսարանական մակարդակով կը հրամցուէին մեզի. մինչեւ հիմա կը յիշեմ պրն. Շանթի խորհուրդներէն մէկը. «Աշակերտին սպառնալիք մի՛ յայտարարէք եթէ չէք կրնար գործադրել զայն»:  Ամերիկայի մէջ, Մեսրոպեան ազգային վարժարանէն ներս երեսունչորս տարիներու պաշտօնավարութեանս ընթացքին մի՛շտ հետեւած եմ Շանթի այդ խորհուրդին:

Լսարանի տարիներուն հիւսիսային Ամերիկայէն Պէյրութ ժամանած էր Կոստան Զարեանը, որ որպէս այցելու դասախօս, հինգշաբթի օրերը արուեստի պատմութիւն կը դասաւանդէր, մեզ առաջին անգամ ծանօթացնելով խտասահիկներուն:

Դարձեալ լսարանին մէջ, պրն. Մուշեղ առաջին անգամ ըլլալով, միջազգային դասական գրականութիւնը հարստացուցած անգլիացի, սպանացի, իտալացի հանրածանօթ հեղինակներու գործերը մեզի ներկայացուց հայերէնով:  Ան գրաբար ալ դասաւանդեց մեզի, գրաբար գրքոյկ մը բերելով դասարան. հիմա ձեռքիս տակ չունիմ այդ գիրքը, բայց անգիր կը յիշեմ առաջին գրութեան առաջին տողը. «թթենի մի կար ուրումն տնկուած»: (Տէ՛ր Աստուած՝ սխալ չըլլամ...)

1951-52-ը մեր աւարտական տարեշրջանն էր. տասներկրորդ դասարանի աշակերտները իրաւունք ունէին մաս կազմելու Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ մեզմէ երեք-չորս հոգի, կուսակցական մեր երդումը տուած էինքաշնան:

Նոյն աշնան նոյեմբերին կորսնցուցինք մե՛ծ մտաւորական պրն. Լեւոն Շանթը. թաղումին մասնակցեցան վերի կարգերու աշակերտները: Տեղատարափ անձրեւին տակ ազգային թաղման թափօրը խոր սուգի մէջ՝ ուղղուեցաւ Ս. Նշանէն մինչեւ Ֆրնշպէքի հայկական գերեզմանատունը:

Լեւոն Շանթի մահէն ետք Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւնը տնօրէնի պաշտօնը առաջարկեց Անկախ Հայաստանի վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանին: Զարմանալի կերպով այսպիսի լուրեր արագ կերպով կը տարածուէին աշակերտներուն մօտ...

Հոս ըսեմ որ մեր բազմամարդ, երեսունվեց հոգի հաշուող դասարանէն մնացած էին միայն... ինըհոգի:

Պրն.Վրացեանի տնօրէնի պաշտօնը ստանձնելէն ետք, չեմ գիտեր մեզմէ որո՞ւն խելապատիկէն հանճարեղ գաղափար մը ծագեցաւ. որոշեցինք ինն հոգիով ժամադրութիւն առնել մեր տնօրէնէն եւ առաջարկ մը ներկայացնել իրեն: Ժամադրութեան պահը հասաւ եւ մենք, խանդավառ եւ յուզուած՝ մտանք գրասենեակը:  Անկեղծօրէն՝ չեմ յիշեր ո՞վ էր մեր բանբերը, բայց ինն հոգինոց մեր դասարանով առաջարկեցինք եւ պնդեցինք որ Գարեգին Սարկաւագ Սարգիսեանի դասաւանդած հայ եկեղեցւոյ պատմութեան դասը դադրեցնէ եւ անոր փոխարէն ի՛նք մեզի դասաւանդէ Անկախ Հայաստանի Պատմութիւնը:  Պրն. Վրացեան ամենայն լրջութեամբ մտիկ ընելէ ետք մեզ, խոստացաւ մտածել մեր առաջարկին մասին: Շուտով սակայն, պիտի անդրադառնայինք մեր կատարեալ տգիտութեան: Մեծ պահքի արեւագալի առաջին արարողութեան ներկայ պիտի ըլլայինք:  Այդ օր պրն.Վրացեանին հետ քալելով ուղղուեցանք դէպի Սուրբ Նշան եկեղեցին, ուր արեւագալի հոգեպարար երգեղոցութիւնը հմայեց մեզ. պրն. Վրացեանն ալ կը մասնակցէր խորունկ յուզումով. մեր միամիտ եւ խանդավառ խումբը տեղեակ չէր եղած որ պրն. Վրացեան ուսանած էր Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանէն ներս...: Ամէն պարագայի՝ մեր խնդրած նիւթին՝ Անկախ Հայաստանի պատմութեան փոխարէն, պրն. Վրացեան հաստատեց քաղաքացիական գիտութեան դասը եւ մեզի դասախօսեց ա՛յդ մասին, առանց ջնջելու հայ եկեղեցւոյ պատմութեան դասը:

Լսարանական տարիներուն ֆրանսերէնի մեր ուսուցչուհին անզուգական Մատամ Եոլանտն էր:  Յանպատրաստից ուղղագրութիւնները շատ դիւրին կը թուէին, սակայն քերականական օրէնքները չիւրացուցած աշակերտներուն համար՝ դժուար:  Ֆրանսական դասական գրականութեան հեղինակներու գործերը կը գտնէինք Պէյրութի գրախանութներուն մէջ՝ Larousse Classique հրատարակութեամբ:  Մատամ Եոլանտը այդ հեղինակներու գործերէն հատուածներ կու տար անգիր սորվելու եւ դասարանը արտասանելու համար: Նպատակը շարադրութիւններու կամ քննութիւններու ատեն մեր կարծիքը հիմնաւորելու համար այդ հատուածները մէջբերել  կարենալն էր:

Յունիսին, մեր աւարտական հանդէսէն ետք տիկին Գոհար կազմակերպած էր մնաս բարովի առանձնայատուկ խրախճանք մը, որուն հրաւիրուած էին ուսուցիչներն ու շրջանաւարտները.  այդ օրը առաջին անգամ ըլլալով վայելեցինք նկարչութեան ուսուցչուհի օրիորդ Կիւլէնիայի պտղագինին:  Բոլորս յուզուած էինք որովհետեւ կ'անդրադառնայինք որ մեր պատանութեան շրջանը կ'աւարտէր եւ չափահաս դարձեր էինք. նոր ծրագիրներու, անակնկալներու եւ մարտահրաւէրներու հանգրուանը կը թեւակոխէինք:

Մեր ինն ընկերներէն չորսը ուսուցիչ դարձան, իսկ Հրայր Թուխանեանը հետագային «Assignment Berlin» շարժանկարը պիտի պատրաստէր: Մեր դասարանէն էր նաեւ տաղանդաւոր Զաւէն Խտշեանը, որ Փարիզ մեկնեցաւ ու դարձաւ հանրածանօթ քանդակագործ:

Աւարտական հանդէսէն ետք պրն. Կարօ Սասունի յայտնեց, որ վերամուտին ինծի կ'առաջարկուէին պրն.Վրացեանի քարտուղարի եւ գրադարանի պատասխանատուի զոյգ պաշտօնները: Անշուշտ որ կրկին անգամ բախտաւոր զգացի ինծի ընծայուած այս առիթին համար: Ի՛նչ խօսք որ վայելքի, հաճոյքի, հասուննալու եւ լիցքաւորուելու բացառիկ փորձառութիւն մը եղաւ Պրն. Վրացեանին կողքին աշխատիլը:

Այդ տարիներուն է որ Զաւարեան ուսանողական միութեան մէջ ծանօթացայ ապագայ ամուսինիս՝ Քրիստափոր-Սենօ Բագրատունիին:  Քանի մը տարի ետք նշանուեցանք. որոշուած էր որ ընկեր Դրօն պիտի ըլլար մեր կնքահայրը: Սակայն, 1956-ի մարտին, ընկեր Դրոյի մահէն ետք պրն. Վրացեան սիրով ընդառաջեց մեր խնդրանքին եւ ինք եղաւ մեր կնքահայրը:   Հետագային, պրն. Վրացեան մեր երեք զաւակներուն՝ Սեւակին, Վիգէնին եւ Նայիրիին մկրտութիւններուն ալ կնքահայրը եղաւ:

Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մէջ պաշտօնավարեցի ինն տարի. եօթը տարի որպէս պրն. Վրացեանի քարտուղար եւ գրադարանի պատասխանատու եւ քանի մը տարի՝ որպէս նախապատրաստականի հայերէնի եւ իրագիտութեան ուսուցչուհի: Նախկին ուսուցիչներուս պաշտօնակցուհի դարձեր էի...

«Էհ, քանի տարի անցած է հիմա այդ անհոգ կեանքիս երազ օրերէն. եւ որքան հեռու կ'ապրիմ ակամայ իմ սրտիս մօտիկ չքնաղ վայրերէն:

...........................
Էհ, քաղցր վայրեր, վայրկեաններ անգին
Իմ պատանեկան անրջոտ կեանքին»

                                               Լեւոն Շանթ (Լեռան Աղջիկը)

ԽԱԹՈՒՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ