կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2017-12-25 11:03
Տարածաշրջան

Հալեպում մեծ շուքով նշվել է Քարեն Եփփե ազգային ճեմարանի 70-ամյակը

Հալեպում մեծ շուքով նշվել է Քարեն Եփփե ազգային ճեմարանի 70-ամյակը

Աղբյուրը՝ «Գանձասար»

Տարիները որքա՜ն արագ սահեր են։

Դեռ երէկ էր կարծէք, երբ Ճեմարանի շրջափակին մէջ, հազարաւոր հայորդիներու ներկայութեան կը տօնախմբուէր մեր այս սիրելի կրթօճախին 50-ամեակը (1997)։ Լոյս կ՚ընծայուէր նաեւ դպրոցին պատկառելի Յուշամատեանը, հոն ամփոփելով այն բոլոր թանկագին տեղեկութիւններն ու պատմական լուսանկարները, որոնք կը գծէին հալէպահայութեան կրթական կեանքին կարեւոր մէկ երեսը։

Այդ թուականէն անցեր են ահաւասիկ քսան տարիներ եւս։ Ու այդ քսան տարիներուն հինգը՝ պատերազմի թոհուբոհին ու արհաւիրքին մէջ։ Ամէն ինչ տակնուվրայ ընող ու գլխիվայր շրջող անգութ պատերազմ մը, որ իր հիմերէն պիտի սարսէր մեր գաղութը։ Նոր Գիւղ թաղամասը պիտի հայաթափուէր, հայապատկան բնակարաններ, գործատեղիներ ու դպրոցներ պիտի փակուէին անվերադարձօրէն…։

Բարեբախտաբար, ինքզինք ոտքի պիտի պահէր Նոր Գիւղի սի՛րտը հանդիսացող Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը։

Օրեր առաջ, 70-ամեակի հանդիսութիւնը անոր լաւագոյն ապացոյցն էր։ Եւ ինչպէս պիտի շեշտէր Առաջնորդ Շահան Սրբազան իր հուսկ բանքին մէջ, եօթանասունամեակի այս ձեռնարկը յանձնառութեան եւ ուխտի վերանորոգութեան մեկնարկ մըն էր։

Արդարեւ, Շաբաթ, 23 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» հանդիսասրահը դա՛րձեալ կը յորդէր բազմութեամբ։ Ու անոնք որոնք ներկայ եղան 70-ամեակի այս շատ որակաւոր հանդէսին, անպայման անմոռանալի պահ մը ապրած եղան։ Որովհետեւ, Ճեմարանի Խնամակալութեան կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկը այնքա՜ն խնամեալ ու տպաւորիչ յայտագիր մը ունէր, այնքա՜ն հայաշունչ էր ու անթերի, այնքա՜ն առինքնող ու գօտեպնդիչ, որ ուղղակի շշմեցուց մեզ։ Կը համարձակինք ըսել, թէ երկար ատենէ իվեր՝ ա՛յս որակի հանդիսութեան մը ներկայ չէինք եղած։ Հայերէն լեզուն, ամբողջ ձեռնարկի ընթացքին, շարունակ մնաց իր բարձրագոյն գագաթային բարձունքին վրայ՝ թէ՛ բանաւոր ելոյթներու եւ թէ գեղարուեստական յայտագրին ընդմէջէն։ Ու կարծէք գաղտնի պատգամ մը կը տրուէր այս բոլորով.- Հալէպէն դուրս՝ Հայ Սփիւռքի ՈՉ ՄԷԿ ԱՆԿԻՒՆԻՆ ՄԷՋ կարելի էր այսպիսի որակեալ, տոհմաշունչ ու հայաբարբառ ձեռնարկ սարքել։ Հալէպը կը շարունակէր մնալ Անդրանիկ Ծառուկեանի բնորոշած «երազային» քաղաքը…

Այս ձեռնարկը, ամէն բանէ առաջ, երախտիք մըն էր դանիացի Քարէն Եփփէի յիշատակին հանդէպ։

Բարերարուհի Քարէն Եփփէն կը տիրապետէր բեմին՝ իր խոշոր լուսանկարով, իր կողքին ունենալով դպրոցին միւս գլխաւոր հիմնադիրները՝ Զարեհ Վեհափառն ու Հրաչ Փափազեանը։

Ամբողջ յայտագիրը ի գործ դրուեցաւ բացառաբար ճեմարանաւարտներու մասնակցութեամբ։ Եւ այս երեւոյթը նշանակալից էր։

Քրիստ Խրոյեան, որ հանդիսավարի դերն ստանձնած էր վարժ ու շատ համակրելի շարժումներով, նախ հրաւիրեց Խնամակալութեան երկու ներկայացուցիչներ՝ դատաւոր Շիրազ Սիսեռեանը (արաբերէն) ու Վերա Գաբրիէլեան-Գէորգեանը (հայերէն), բացատրելու ձեռնարկին միտք բանին։ Յետոյ ընթացք տրուեցաւ յայտագրին՝ մերթ բանաւոր ելոյթներով, մերթ գեղարուեստական սիրուն մատուցումներով։

Ճեմարանի զոյգ տնօրէնները՝ պր. Յակոբ Քիլէճեան ու պր. Վահէ Ղազարեան իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին անջատաբար։ Անոնք շեշտեցին, թէ Ճեմարանը անցնող եօթը տասնամեակներուն դիմագիծ տուաւ ամբողջ սուրիահայութեան ու շարունակեց կատարել վահանի դեր մը՝ սփիւռքը կրծող ուծացումի վտանգներուն դիմաց։

Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան, որ փորձառու ասմունքող մըն է, երկարաշունչ ու խորիմաստ հատուածներ արտասանեց Շաւարշ Նարդունիէն ու բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանէն՝ սքանչելիօրէն փառաւորելով հայ լեզուն ու շատ թովիչ բառերով վեր առնելով հայուն անընկճելի կամքը, անկասելի գոյերթը։

Երիտասարդ ուժեղ ձայն մը՝ Արամ Խաչատուրեան (անուանի երաժշտահանին անուանակից) եւ ջութակահար մը՝ Լիլա Սահակեան, դաշնակահար Ռուզան Պարսումեանի հետ միասին մթնոլորտ ու երանգ շահեցուցին ձեռնարկին։

Հաճոյքով ու վերացումով ունկնդրեցինք նաեւ օրդ. Մարիա Գաբրիէլեանի տպաւորիչ բանախօսութիւնը։ Օրդ. Մարիան, որ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի է Ճեմարանի երդիքին տակ, կրցած էր իր ելոյթին մէջ դնել այն անհրաժեշտ բոլոր տարրերը, որոնք բեմական խօսքը կը դարձնեն անմիջական ու գրաւիչ եւ յստակ պատգամներ կ՚ուղարկեն հանդիսատեսին։

Բանախօսուհին, գրեթէ անգիր, գծեց պատկերը Ճեմարանի անցնող եօթը տասնամեակներուն, առանձին-առանձին հպելով իւրաքանչիւր տասնամեակի թուական ու բարոյական ձեռքբերումներուն, նուաճումներուն։ Ան ափսոսանք յայտնեց, որ Հալէպի պատերազմը նօսրացուց հայ աշակերտութեան թիւը (Ճեմարանը ներկայիս ունի լոկ 360 աշակերտ), բայց միւս կողմէ՝ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ դպրոցէն ներս տիրապետող հայախօս մթնոլորտին ու վստահեցուց որ կորիզը կանգուն է ու առողջ։

Յայտագրին եզրափակիչ փուլին՝ բեմը գրաւեցին երեսունէ աւելի ճեմարանական պարման-պարմանուհիներ, որոնք կը ներկայացնէին դպրոցին երգչախումբը, եւ որոնք իրենց խմբավարուհիին՝ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի մականին ներքեւ երգեցին Ճեմարանի 70-ամեակին ձօնուած խմբերգ մը, Լիզէթ Սերայտարեան-Աւընեանի դաշնամուրային ընկերակցութեամբ։ Այս ոգեշունչ խմբերգին բառերը գրի առնուած էին Ճեմարանի ԺԲ. կարգէն Վեհան Պարսումեանի կողմէ։

Այս խանդավառ ելոյթէն ետք է որ բեմ հրաւիրուեցաւ Շահան Սրբազան, որ տակաւին նոր վերադարձեր էր Միացեալ Նահանգներէն, եւ որ նմանապէս արտայայտուեցաւ խանդավառիչ բառերով։ Բայց Սրբազան Հայրը, նախ, հրապարակային գնահատանք մը կատարեց։ Ան, յանուն Ճեմարանի Խնամակալութեան, բեմին վրայ յուշանուէր մը յանձնեց տիար Սարգիս Մարութեանին, որպէս խնամակալ դպրոցին ի նպաստ իր տասնամեակներու ծառայութեան իբրեւ երախտիք։ Այնուհետեւ, Շահան Սրբազան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ձեռնարկին առնչութեամբ, նկատել տալով որ Ճեմարանը երախտագիտութեան կենդանի յուշարձան մըն է, զոր հալէպահայութիւնը կանգնեցուց 1947-ին՝ իր սէրը արտայայտելու համար հանդէպ Սուրիոյ, հանդէպ արաբ ասպնջական ժողովուրդին եւ հանդէպ բարերարուհի Քարէն Եփփէին։ Անիկա վերապրեցուց մեր մէջ Հայաստանն ու հայութիւնը։ Եւ այստեղ, Սրբազան Հայրը մասնաւորաբար յիշատակեց ողբացեալ պր. Մկրտիչ Մկրտիչեանի անունը ու դիտել տուաւ որ Ճեմարանի հայերէնաւանդ երկարամեայ երբեմնի այս մեծանուն ուսուցիչը ինքնին խորհրդանիշ մըն էր նուիրումի եւ հայակերտումի։

Խորապէս տպաւորիչ այս հանդիսութիւնը վերջ գտաւ երգչախումբին հնչեցուցած Ճեմարանի քայլերգով, զոր տարիներ առաջ գրի առած էր լիբանանաբնակ ողբացեալ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան։

Բայց կարեւորն այն էր, որ ամբողջ ձեռնարկը, իր բոլոր մանրամասնութիւններով, որակի ու տաքուկ ապրումներու եզակի խառնուրդ մըն էր, ու մենք այդ քաղցր տպաւորութիւնը դեռ երկա՜ր շաբաթներ պիտի պտտցնենք մեր հետ…։

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)

Image may contain: 1 person

Image may contain: 2 people, people smiling, indoor

Image may contain: 2 people

Image may contain: 9 people, people standing and suit

Image may contain: 15 people, people standing