Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Բոլորիս համար աննախընթաց առիթ է տօնել Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանի հիմնադրութեան 70 ամեակը. պարծանք է մեզի եւ պարտաւորութիւն կրթաօճախի մը 70 տարիներու դաստիարակչական անխոնջ աշխատանքը յիշատակել:
Աւստրալիոյ նորակազմ Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանի շրջանաւարտից միութիւնը այս գեղեցիկ գաղափարը յղացաւ յիշատակելու սոյն տօնակատարութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի 15 Հոկտեմբեր ,2017 –ի ժամը 5-ին Համազգային Գօլստըն Ճեմարանի Նալպանտեան սրահէն ներս, առ ի երախտագիտութիւն բոլոր անոնց, որոնք ծառայեցին տարիներ շարունակ սնուցանելու հայեցի դաստիարակութիւն եւ գիտութիւն հայ պատանիին և հայ երիտասարդին :
Սիտնիի Ք.Ե.Ա.Ճ.շրջանաւարտից միութեան նպատակն է կազմակերպել ձեռնարկներ եւ հաւաքոյթներ, ծանօթացնելու նոր սերունդին մեր ազգային արժէքները, մանաւանդ օգտագործելու Մեսրոպատառ Հայ լեզուն, որ կը բնորոշէ մեր ազգային պատկանելիութիւնը, ինչպէս նաեւ նիւթապէս նեցուկ կանգնիլ Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանին եւ Սիտնիի Համազգային Գօլստըն Ճեմարանին:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութեան քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ , ապա հայերէն եւ անգլերէն լեզուով բացման խօսքը ներկայացուց Օրդ. Թիթառ Ափրիկեան :Ան շեշտեց թէ միութեան մը յաջողութեան համար , կարեւոր է գործոն մասնակցութիւն, որպէսզի միասնաբար կարենանք աւելի երկար դիմագրաւել ազգային ցուլումի վտանգը, քաջալերելով մեր զաւակներուն հայերէն խօսիլ: Ան իր խօսքի աւարտին բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Պրն.Վիգէն Գալլօղլեանը, որ ներկայացուց անգլերէն լեզուով «Քարէն Եփփէ եւ Ճեմարանը» նիւթը:Ան յայտնեց թէ ծնունդով դանիացի բողոքական այս օրիորդը իր կեանքին երկրորդ կէսէն աւելին ապրեցաւ ու մեռաւ իբրեւ հայ: Ծառայասէր Օրդ. Քարէնը պաշտօնականացուց Հալէպի հայ որբեւայրիներ եւ անոնց որբերը խնամելու գործը, իսկ տարիներ ետք 26 Հոկտ. 1947-ին կատարուեցաւ Ճեմարանի պաշտօնական բացումը: Այսպէս Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը հիմնուեցաւ բաւական անձուկ պայմաններու մէջ , սակայն յաջորդող տարիներու ընթացքին յարաճուն կերպով զարգացաւ դառնալու համար սփիւռքի լաւագոյն ու մեծագոյն կրթական հաստատութիւններէն եւ Սուրիոյ տիպար երկրորդական վարժարաններէն մէկը :
Ապացուցադրուեցաւ տեսագրութիւն մը անգլերէն լեզուով « Danish Mother of Armenians» ,ուր 27 տարեկան Օրդ. Քարէն Եփփէն կը ստանձնէ 300 հայ որբերու խնամքն ու դաստիարակութիւնը. ան շուտով հայերէն կը սորվի եւ կ՛արժանանայ բոլորին սիրոյն ու իր աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք ժողովուրդին կողմէ կը ճանչցուի «Միս Եփփէ Մայրիկ» անունով:
Օրուան հանդիսավարը անմահ Կոմիտասի խօսքերէն յիշեց թէ «Ժողովուրդը երգով կը կապուի իր արմատներունհետ, իր պատմութեան հետ » :Այնուհետեւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ ելոյթ ունեցաւ Հրանդ Պէօճիկեան, իսկ մեներգով Յակոբ Լեւոնեան,որոնք ներկայացուցին «Ախբերս ու ես » երգը, որուն յաջորդեց Խաչիկ Դաշտենցէն« Հայերէն»-ը, կատարողութեամբ Օրդ. Լիւսի Գրճալեանի:
Բեմ բարձրացաւ Տիկ. Սարինէ Պասմաճեան-Պարտիզպանեանը, որ հայերէն լեզուով եւ գեղեցիկ բացատրութեամբ ներկայացուց «Ճեմարանը 70 տարիներու ընթացքին» նիւթը: Ան մանրամասութեամբ յիշեց Քարէն Եփփէի կենսագրութիւնը, յայտնելով թէ Օրդ. Քարէն Եփփէ ծնած է 1876-ին Դանիոյ Լիւմպէրկ քաղաքը. անոր յարատեւ ծառայութիւնները յաւերժացուց Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, որ ոգի ներարկող, հաւատք ջամբող, տեսիլք փոխանցող սրբազան վայր մը դարձաւ գիտութիւն բաշխող հաստատութիւն մը ըլլալէ առաջ ու վերջ: Արդ կարելի չէ հասկնալ վերջին 70- տարուայ պատմութիւնը միջին արեւելքի հայութեան առանց Քարէն Եփփէ Ճեմարանին: Ան եզրակացուց իր նիւթը թէ, Սուրիական այս իրադարձութիւններուն իբրեւ հետեւանք հինգ տարի ընդհատումէն ետք պատերազմի մրրիկներուն դէմ կանգուն մնացած Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը կրկին իր ջահը բարձրացուց:
Կրկին անգամ շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը եւ երաժշտական ելոյթ ունենալով Օրդ. Դալար Խտրլարեան մեներգեց ՝ «Song for Mama»: Անոր յաջորդեց Ճեմարանը երէկ եւ այսօր տեսաերիզի ցուցադրութիւն, որ պատրաստուած էր Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Շրջանաւարտից Միութեան կողմէ, որպէս բարձր ու գնահատելի աշխատանքի արդիւնք :Տնօրէն Պրն. Յակոբ Քիլէճեան իր խօսքին մէջ նշեց ըսելով «Հակառակ ճգնաժամային այս օրերուն, ճեմարանը մնաց հաւատարիմ իր սկզբունքներուն ու առաքելութեանը եւ պատրաստեց ապագայի հայ երիտասարդին, դիմագրաւելու կեանքի դժուարութիւնները, կազմելու հայ ընտանիք, պահպանելու եւ զարգացնելու հայ մշակոյթը եւ հետապնդելու հայ դատը»:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Ճորճ Շիշոյեան , ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանէն « Խօսք իմ Որդուն»:
Դժբախտաբար բանաւոր պատճառներով Դանիոյ Դեսպանի տեղակալ , «New South Wales » նահանգի նահանգապետ՝ հայազգի Օրդ. Կլատիս Պերէճիքլեանը եւ Աւստրալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարի Խորհրդական Տիկ. Հէնրիյէթ Անտրեասեանը, առիթը չունեցան ներկայ գտնուելու ,սակայն ուղարկեցին իրենց բարեմաղթութիւնները ու շնորհաւորագրի նամակները:
Ձեռնարկի աւարտին օրուայ հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Քարէն Եփփէ Ազգ Ճեմարանի Շրջանաւարտ եւ այժմ Շրջանաւարտից Միութեան Աւստրալիոյ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ՝ Պրն Ասատուր Շուկայեանը փոխանցելու վարչութեան խօսքը :Ան Քարէն Եփփէի պատկերով քանդակուած յուշանուէրը փոխանցեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէնին ,Պրն. Վաչէ Գահրամանեանին, որպէսզի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ փոխանցուի Դանիոյ Դեսպանատան: Պրն. ատենապետը յատուկ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց ներկայ միութիւններուն, ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին ,յայտագրի մասնակիցներուն, որմէ ետք յայտարարեց թէ սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան հաստաբուն կաղնիներէն մէկը այսօր 70 տարեկան է: 70 -ամեայ կեանք մը բեղուն ձեւով բոլորած, կանգուն է Քարէն Եփփէի, Զարեհ կաթողիկոսի , Հրաչ Փափազեանի ու ընկերներու մտայղացման արգասիքը հանդիսացող հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը :
Ան յատկանշական նմանութիւն կատարեց, Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին եւ Սիտնիի Համազգային Գօլստըն Ճեմարանի միջեւ, յայտնելով թէ Ք.Ե.Ա.Ճ.-ը 1948-ին իր առաջին տարեշրջանը աւարտեց 23 աշակերտներով ու 5 ուսուցիչներով, իսկ Սիտնիի Գօլստըն Ճեմարանը, իր առաջին տարեշրջանը 1986 –ին ամբողջացուց 39 աշակերտներով եւ 5 ուսուցիչներով:
Պրն. Շուկայեան որպէս այս յիշարժան ձեռնարկին վերջաբան եզրափակեց իր խօսքը հետեւեալ ձեւով .-
Փա~ռք ու պատիւ Քարէն Եփփէի յիշատակին:
Փա~ռք ու պատիւ Ճեմարանի հիմնադիրներուն ,ճեմարանի խնամակալներուն , Ճեմարանի Տնօրէններուն , ուսուցիչներուն , ինչպէս նաեւ շրջանաւարտ եղող հայութեան ու մարդկութեան ծառայող Ճեմարանական հսկայ փաղանքին :
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Քահանայ Հօր պահպանիչ աղօթքով ,ապա Քարէն Եփփէ Ազգ Ճեմարանի քայլերգով, որուն հեղինակն է Ճեմարանի շրջանաւարտներէն բանաստեղծ՝ Պրն. Սարգիս Կիրակոսեանը: Պրն. Կիրակոսեանը հանգիստ կը ննջէ, այնքան ատեն, որ հալէպաբնակ թէ աշխարհասփիւռ Եփփէական Ճեմարանցիք կը շարունակեն բարձրաձայն երգել.
Եւ խորհուրդը մեր պատմութեան յաղթական,
Դարձաւ տեսիլք, երթ ու թռիչք Ճեմարան:
Բարի երթ Ճեմարանին , 70 ամեայ տարեդարձդ շնորհաւոր ըլլայ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարան եւ նորանոր յաջողութիւններ Ք.Ե.Ա.Ճ.-ի Աւստրալիոյ շրջանաւարտից միութեան ապագայ ծրագիրներուն:
Լիւսի Գրճալեան