Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երեքշաբթի, 21 յուլիս 2020-ին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ.
Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին, կառավարութեան աշխատանքներուն, Լիբանանի որդեգրելիք կեցուածքներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան դէմ նիւթուող սադրանքներուն եւ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին:
Նկատի ունենալով, որ 21 յուլիսը կը զուգադիպէր երկու տարի առաջ ահաբեկչութեան դէմ մղուած «Բարձունքներու արշալոյսը» եւ «Ին օտթոմ օտնա» ճակատամարտերու յաղթանակներուն Բ. տարեդարձին, Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Լիբանան իրաւունքի տէր է, եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը բոլորին պարտականութիւնն է:
Ան ողջունեց բանակայիններն ու Դիմադրութեան մարտիկները, որոնք Լիբանանի համար կռուեցան ու նահատակուեցան:
«Լիբանանցիները ամբողջութեամբ` լիբանանեան բանակին եւ Դիմադրութեան ընդմէջէն պայքարեցան ահաբեկչութեան դէմ: Եթէ մենք անցեալէն դասեր չքաղենք, դարձեալ ենթակայ պիտի ըլլանք ահաբեկչութեան, որովհետեւ այս երեւոյթը համաշխարհային է, եւ որովհետեւ կան պետութիւններ, որոնք կը ֆինանսաւորեն ահաբեկչութիւնը, կը մարզեն ահաբեկիչները եւ կ՛ապահովեն երկրէ երկիր անոնց փոխադրութիւնը», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանին պարտադրուած տնտեսական շրջափակումի ծիրին մէջ պէտք է մտածել այն իրողութեան մասին, որ կան մեծ պետութիւններ, որոնց համար Իսրայէլի եւ սիոնական գոյացութեան կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը եւ մնայուն յաղթողի դիրքին մէջ ըլլալը անհրաժեշտութիւն են: «Սակայն 2000-ին եւ 2006-ին` հարաւային Լիբանանի ազատագրումով եւ ապա Յուլիսեան պատերազմի յաղթանակով, իսրայէլեան բանակին անպարտելի ըլլալու առասպելը վերջ գտաւ եւ մինչեւ օրս Իսրայէլ չյանդգնեցաւ Լիբանանի դէմ այլ պատերազմ շղթայազերծել, շնորհիւ Դիմադրութեան եւ լիբանանեան միասնականութեան: Հետեւաբար, պէտք է ձեւը գտնուէր, որ լիբանանեան միասնականութիւնը երկփեղկուի եւ լիբանանցի ժողովուրդին մէկ կէսը միւսին դէմ լարուի», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ, որ այսօր ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Լիբանանի մէջ դիմադրելու մտածողութիւնը տապալելու: «Զինուորական եւ քաղաքական միջոցներու սպառումէն ետք փորձ կը կատարուի լիբանանցի ժողովուրդը ծունկի բերել տնտեսական տագնապով: Կը փորձեն Լիբանանի տնտեսական շրջափակում պարտադրելով լիբանանցիները իրարու դէմ լարել», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:
Ան շեշտեց, որ դիմադրելու համոզումն ու ընտրանքը չէ, որ անօթութիւն պատճառած է, այլ` փտածութեան եւ աւազակութեան ընտրանքը, ինչպէս նաեւ աւազակութիւնները ծածկելու եւ անոնց մասին լուռ մնալու ընտրանքը: «Ինչո՞ւ 5 կամ 10 տարի առաջ Լիբանանի մէջ անօթութիւն չկար, կա՞մ 2000-ին` Լիբանանի ազատագրումէն ետք, կա՞մ 2006-ին` Յուլիսեան պատերազմէն ետք», հարց տուաւ Յ. Բագրատունի:
Ան ընդգծեց, որ այսօր պահանջուածը այն է, որ ժողովուրդը իր արժանապատուութենէն հրաժարի:
«Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իր քարոզին մէջ` անդրադառնալով Լիբանանի մատուցուած օժանդակութիւններուն, յայտնեց, թէ մենք դարձած ենք մուրացկաններ: Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս քաջ եւ յանդուգն կեցուածքով մը ներկայացաւ եւ կոչ ուղղեց հայ գործարարներուն, ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն, հայկական հաստատութիւններու տնօրէններուն եւ սեփականատէրերուն` աշխատանքէ չարձակելու իրենց պաշտօնեաները, որոնք տասնեակ տարիներ աշխատած են, որպէսզի տուեալ գործարաններն ու հաստատութիւնները բարգաւաճին, իսկ գործատէրերը բարօր կեանք մը ապահովեն: Արամ Ա. վեհափառը ընդգծեց, որ այսօր անոնք պէտք է հանդուրժեն տիրող կացութիւնը: Պէտք չէ մեզ մղեն մուրացկանի հոգեբանութեան մէջ մտնելու, եւ եթէ նոյնիսկ մուրացիկի մը պիտի օժանդակես, անոր արժանապատուութիւնը պէտք է յարգես: Եթէ գտնուինք մահուան կամ արժանապատուութեան ընտրանքին դիմաց, կը նախընտրենք զէնք բարձրացնել եւ նահատակուիլ` ըլլա՛յ ան հայրենիքի պաշտպանութեան, կամ մեր ընտանիքներուն ու արժանապատուութեան պաշտպանութեան համար», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:
Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանան իր դիրքով` իբրեւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ կամուրջ եւ բոլոր քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայր, չի կրնար միայն Արեւելքին կամ միայն Արեւմուտքին բացուիլ: «Այդ մէկը կեղծ կարգախօս է, որովհետեւ Լիբանանի շահերը կը պահանջեն, որ ան գործակցի բոլորին հետ` ապահովելու համար իր եւ լիբանանցիներուն շահերը, որովհետեւ երկրին շահերը առաջնահերթ են», շեշտեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի աւելցուց, որ տարբեր պետութիւններու հետ գործակցութեան կողքին, Լիբանան պէտք է աշխատի նաեւ իր տնտեսութիւնը վերածելու արդիւնաբերութեան վրայ հիմնուած տնտեսութեան մը, որուն շրջագիծին մէջ կառավարութիւնը պէտք է օժանդակէ երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի մարզերուն:
«Այս բոլորին զուգահեռ, փտածութեան դէմ պայքարը պէտք է շարունակուի: Կը մաղթեմ, որ կառավարութիւնը իր այսօրուան նիստին վաւերացնէ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները դատական հաշուեքննութեան ենթարկելու որոշումը, միաժամանակ կը ցաւիմ, որ դատական իշխանութիւնները ոչինչ կը կատարեն փտածները հաշուետուութեան կանչելու եւ զանոնք պատժելու իմաստով», նշեց ան:
Յ. Բագրատունի խստիւ դատապարտեց չարաշահումը` հաստատելով, որ կառավարութիւնը պէտք է արմատական որոշումներ տայ այս իմաստով: «Ներկայ իրավիճակը եւ Լիբանանին պարտադրուած միջազգային շրջափակումը չեն արտօներ, որ կարծր եւ արմատական որոշումներ տրուին` նկատի ունենալով, որ ապագային նկատմամբ ընդհանուր անորոշութիւն կը տիրէ: Սակայն ի վերջոյ յստակ որոշումներ պէտք է տրուին», հաստատեց ան:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ թրքական դերակատարութեան` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ պէտք է զգուշանալ այդ դերակատարութենէն, որ հաստատուած է ապահովական կառոյցներուն կողմէ, յստակ անդրադարձի արժանացած է տեղեկատուութեան մարզին կողմէ, կը ձերբակալուին մարդիկ, որոնք Թուրքիայէն Լիբանան ամերիկեան տոլար եւ զէնք կը փոխադրեն: «Լիբանանի մէջ թրքական այս դերակատարութեան նպատակն է երկրին կայունութիւնը թիրախ դարձնել, ինչպէս նաեւ դէմ դնել բոլոր անոնց, որոնք կը պաշտպանեն Լիբանանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը: Այս բոլորին վրայ կրնայ աւելնալ նաեւ այն իրականութիւնը, որ Թուրքիա կը մրցի Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ, Ծոցի երկիրներու, Եգիպտոսի եւ Իրանի դերակատարութիւններուն հետ», հաստատեց ան:
Անդրադառնալով հայ լրագրողի մը դէմ եւ անոր ընդմէջէն հայ համայնքին դէմ կատարուած անարգանքին` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ այդ վարուելակերպը անընդունելի է: «Օր մը օրանց տեսա՞ծ էք կամ լսա՞ծ էք, որ հայ մը Լիբանանը բաղկացնող այլ համայնքի դէմ անարգական յայտարարութիւններ կը կատարէ: Վստահ եմ, չկա՛յ այդպիսի բան: Իսկ այս վերջին դէպքին լիբանանցի ոչ մէկ պատասխանատու անդրադարձաւ», ընդգծեց ան:
Հայկական երեսփոխանական պլոքին կողմէ հանրապետութեան միւֆթիին եւ Թրիփոլիի միւֆթիին կատարուած այցելութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ կան մտավախութիւններ, որոնցմէ հիմնականը սադրանքներու նախապատրաստութիւնն է: «Կ՛երեւակայէք, որ բողոքի ցոյցերուն ընթացքին խումբ մը տղաք Պէյրութի մէջ ցոյց կատարեցին հայ համայնքին դէմ, մինչ մենք մեր համայնքի տղոց յորդորեցինք նման քայլերու մէջ չներքաշուիլ` հաստատելով, որ մենք պիտի դիմենք դատարան եւ դատական հայց յարուցենք այս իմաստով: Կարծեմ յստակ է բոլորին, թէ Պէյրութի մէջ կատարուած ցոյցերը, եթէ հակացոյցերով հակադարձուէին` սադրանքի հսկայ դուռ մը կը բանային: Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Իմամ մեր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեցին, որ հայ համայնքը Լիբանանը բաղկացնող հիմնական համայնքներէն մէկն է` աւելցնելով, որ եթէ անոնք հարցեր ունին, ապա թող ուղղուին թրքական դեսպանատուն եւ հոն լուծեն իրենց հարցերը: Մենք, մեր կարգին, միւֆթիներուն հաստատեցինք, որ երբ Հայոց ցեղասպանութեան մասին կը խօսինք, ապա իսլամները չենք մեղադրեր, այլ` այդ ցեղասպանութիւնը գործող օսմանցի թուրքը: Սիւննի համայնքը Հայոց ցեղասպանութեան հետ չ՛առնչուիր, իսկ հայ ժողովուրդին հետապնդած դատը պատմական, քաղաքական եւ արդար հարց է», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանային բախումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Ազրպէյճան Հայաստանի դէմ յարձակում մը սանձազերծած է` աւելցնելով, որ հայկական բանակը կրցած է հակակշիռի տակ առնել յարձակումը, ինչպէս նաեւ կրցած է վար առնել ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ օգտագործուող անօդաչու թռչող սարք մը, որ իսրայէլեան արտադրութիւն է:
«Իսրայէլ հիմնական երկիրն է, որ Ազրպէյճանի զէնք ու զինամթերք կը տրամադրէ, իսկ հայկական բանակին կողմէ տասնեակ միլիոնաւոր տոլար արժող այդ անօդաչու թռչող սարքը ջախջախելը նաեւ մաս կը կազմէ այն իրականութեան, որ շրջանին մէջ անպարտելի ուժերու առասպելը կոտրած է», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:
aztagdaily.com