կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-20 18:35
Սփյուռք

«Լիբանանահայութիւնը Մերժած Է Ու Պիտի Շարունակէ Մերժել Ներքաշուիլ Որեւէ Տեսակի Սադրանքի Մէջ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Լիբանանահայութիւնը Մերժած Է Ու Պիտի Շարունակէ Մերժել Ներքաշուիլ Որեւէ Տեսակի Սադրանքի Մէջ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց պետական հաստատութիւնները յարգելու կարեւորութիւնը` գնահատելով երկիրը քանդել փորձողներուն դիմադրելու ներքին գործոց նախարարին ջանքերը:

Երեսփոխան Բագրատունի Ֆահմին իրազեկ դարձուց այն քայլերէն, որոնք առնուեցան` իբրեւ պատասխան կարգ մը սադրիչներու կողմէ լիբանանահայութեան դէմ արձանագրուած սպառնալիքներուն եւ որդեգրուած կասկածելի կեցուածքներուն:

«Այդ կեցուածքները անարգանք են իւրաքանչիւր լիբանանցիի եւ լիբանանեան իւրաքանչիւր համայնքի համար», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Ան ցաւ յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը կ՛օգտագործուի դրդելու, համայնքային գրգռութիւններ հրահրելու եւ նոյն ժողովուրդին մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու: «Լիբանանի հայ համայնքը իր դէմ նիւթուող ոչ մէկ ձեւի կամ տեսակի սադրանքներու, թակարդներու եւ արտաքին զօրակցութիւն վայելող գաղտնի սպասարկութեանց գործունէութեան մէջ պիտի ներքաշուի: Լիբանանահայութիւնը, իբրեւ Լիբանանը կերտող համայնք, մերժած է ու պիտի շարունակէ մերժել ներքաշուիլ որեւէ տեսակի սադրանքի մէջ: Հետեւաբար իրաւական դաշտը կը մնայ միակ երդիքը, որուն յարկին տակ կ՛ուզենք գործել, իսկ դատական իշխանութիւնը կը մնայ միակ միջոցը, որուն շնորհիւ կարելի է իրականացնել իրաւունքն ու արդարութիւնը», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

aztagdaily.com