Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Շա՜տ յիշատակներ՝ ապրումներու թաթխելով, արձանագրած եմ Ճեմարան հոտող թուղթերուն, աւարտական դասարանի վերջին օրերուն եւ տարազաւոր կեանքի վայրկեանները հասցնելով էջերու եզերքին։ Նմանօրինակներ արտադրելու կիրքը չունիմ ա՛լ։ Հարկաւ, տարիներ շարունակ մտերմացած եմ Ճեմարանի վիթխարի պատերուն հետ եւ աճած անոնց թիկնեղ պատմութիւններով, անտարակոյս Ճեմարանիս 90-ամեակը սրտիս կ'առթէ արտայայտուիլ եւ կրկին յայտնել զգացումներ՝ այս անգամ ճեմարանաւարտի հպարտ գրիչով։
Դպրոցիս պատերէն ներս վայելած եմ գրեթէ ամէն գոյնի զգացումներ , միայն աշխատասէր զգալու թունդ իրաւասութիւնը չեմ ունեցած, փայլուններու կոյտին մաս չեմ կազմած երբեք, բայց այդ մէկը ես գունաւոր չեմ համարեր, չեմ գիտեր նոյնիսկ եթէ գոյն ունի։ Բայց կայ մէկ բան, զոր հաստատ չեմ ապրած Ճեմարանի մէջ, արցունքներ չեմ ապրած... Միայն վերջին զանգի դարեր սպասուած պարահանդէսին աւարտին, այնքան արցունք չեմ տեսած մանուկ հասակէս մինչեւ հրէշ դառնալս։ Ինծի համար ուղղակի շատ տարօրինակ էր չոր դէմքով ցտեսութիւն մը յայտնել այն պատերուն, որոնք ինձմէ աւելի անկեղծ կը ճանչնան գիծերս։
Եւ այդ անգոյնութիւնը զիս հալածած է մինչեւ այն օրը, երբ ընկերս որոշեց ինքնաշարժ վարելու փորձ մը ընել՝ շրջանին մէջ թափառելով։ Արդէն ամիսներ կոխկռտած էի եւ համալսարանական օրերուս հետ շաղուելով մոռցած էի, որ հալածուած եմ։ Ուրեմն սկսանք մեր պտոյտին, նախ մեր դրացի թաղերը քննելով, ապա որոշեցինք քիչ մը աւելի հեռանալ, սրբազան անիւներու բովանդակ թափով հասանք Ճեմարան։ Ինքնաշարժը շարեցինք դրան սեմին եւ լուռ ու մունջ հանգչեցանք։
Թէկուզ աւարտած, բաւարարուածութեան կենսաբաշխ զգացումը չէի զգար, այլ՝ կարօտ... տակաւին կարիքը ունէի ճեմարանական գուրգուրանքի, որ ինձմէ խլուած էր այլեւս։ Կսկիծներ հրապուրուեցան, յիշատակներ զիս կանչեցին իրենց կողքին, եւ ես խելառ-խելառ նետուեցայ, փռուեցայ, անցեալի տաքուկ եւ անբիծ գիրկը։ Յիշատակներու ինքնիշխան տրամադրութեան տակ, երեւան եկան մտքիս աչքով արտադրուած տիկին մարօներ, հուրիներ, ալիններ, մայրիկներ, լուսիններ, չարութիւններ, զորս արձանագրելու համարձակութիւնը չունիմ դեռ եւ շարան մը յոգնակիներ, զորս մանրամասնօրէն նկարագրելը գրիչէս այնքան մելան կը խլէ, որ կարողութիւնը չեմ ունենար շարունակելու գրութիւնս։ Մի՛ մտահոգուիք, չնշուած սիրելիները այնքան լաւ յիշած եմ, որքան վախցած եմ պաքալորէայի արդիւնքներս ստանալէս մէկ երկվայրկեան առաջ, կամ երբ պրովէի քարտս կորսնցուցած եմ օտար դպրոցի ամէնէն օտար սեղանին տակ։
Վերադարձանք տուն քար լռութեամբ. տուն հասնելուս պէս հեռախօսս ինծի աւետեց, որ վիտէօ մը ուղարկուած է վերջին զանգի խնճոյքէն։ Հո'ն, ծունկի եկած, Տիկին Մարոյին առջեւ, «I love you, I love you կեանքս» երգելով հաշտուեցայ մեր բաժնի պատասխանատուին հետ, դարաւոր դիւրաբորբոք յարաբերութենէ մը ետք, եւ երգին յաջորդող փաթթուկով փշաքաղուեցայ, եւ վերջապէս ապրեցայ արցունքներ, որոնք ամիսներէ ի վեր պրկուած մնացած էին աչքերուս վարագոյրներուն ետեւ։
Եւ այս կեանքոտ պատմութեամբ ուզեցի ցոյց տալ, թէ Ճեմարանի հսկիչի մը առտուան անքուն բարեւը կ'արժէ հազար արեւ, աշակերտ-ուսուցիչ մտերմութիւնը կ'արժէ հազար մանկութիւն, եւ մայրիկներու անսահման գուրգուրանքը՝ հազար մայրութիւն։
Չեմ ուզեր երկար բարակ տողերով յոգնեցնել ձեր աչքերը իմ սեփական զգացումներուս շարահիւսութեամբ, միայն ու միայն անհուն կեա՛նք պիտի մաղթեմ 90 տարեկան, բայց հոգւով երիտասարդ Ճեմարանին: Շնորհակալութի՛ւն, իմ եւ բոլորիս Ճեմարանին։
Հրանդ Գալեմքերեան