Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ես Ճեմարան չեմ յաճախած, բայց ճեմարանը իմս կը նկատեմ, ինչպէս իմս են ազգային արժէք ունեցող բոլոր հաստատութիւնները, կազմակերպութիւնները՝ անոնց անդամ ըլլամ կամ ոչ։
Ճեմարանին հետ առնչութիւնս, սակայն, ունի խոր արմատներ՝ այս բարոյական առումէն անդին։ Իրականութեան մէջ, «Համազգային»-ն ու անոր ճեմարանը կեանքիս մաս կազմած են ի ծնէ։ Ինչպէ՞ս։
Հայրս ու մայրս յաճախած են Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան ազգային վարժարանը եւ վայելած են Լեւոն Շանթի ու Նիկոլ Աղբալեանի ոգեշունչ ներկայութիւնը, առաջինը ունենալով որպէս ուսուցիչ, երկրորդը՝ տնօրէն։ Նաեւ Աղբալեան մտերիմ ընկերն ու նարտի խաղընկերն է եղած մօրս հօր՝ Մեսրոպ Նորատունկեանի, որուն տան մէջ ալ կայացած են շատեր այն ժողովներէն, որոնք ի վերջոյ յանգած են սեփական վարժարան մը ունենալու եւ նոր սերունդը ազգային ոգիով դաստիարակելու որոշումին, քանի որ այդ օրերու ապազգայնական պայքարը այդ երկու տիտանները դուրս քշած է ազգային վարժարանէն։ Պէտք է գիտակցիլ, որ այդ պայքարին արդիւնքն են «Համազգային»-ն ու Ճեմարանը։ Այս մասին երկարօրէն գրած է Վահան Նաւասարդեան իր յուշերուն մէջ։ Ի դէպ ինքն ալ եղած է նորաստեղծ կազմակերպութեան «Համազգային» անուան կնքահայրը։
Մայրս յատուկ պաշտամունք կը տածէր Աղբալեանի նկատմամբ, մեր տան մէջ սարքուած ՀՅԴ խորանին մէջ իր կարեւոր տեղը կը գրաւէր Աղբալեանի լուսանկարը։
Երբ հնարաւորութիւնը ունեցած ենք Լիբանան արձակուրդի երթալու, մեր առաջին նպատակներէն մէկը եղած է այցելել ու աչքո՛վ տեսնել Ճեմարանը։ Մեծապէս տպաւորուած ենք այն հմայիչ բնութենէն, ուր կը գտնուէր «Նշան Փալանճեան»-ի շէնքը, շէնքե՛րը, որոնցմէ մէկուն գետնայարկն ալ մանկապարտէզի «գունաւոր» դասարաններն էին՝ «Կանաչ», «Դեղին» ու «Կապոյտ» թերեւս, կամ նման գոյներով անուանուած։ Մեզի աւելի սիրելի դարձած է մեր այդ կրթարանը երբ 1953-ին Մուշեղ Իշխան այցելած է Գահիրէ։ Տարուած իր նկարագրածներէն ու պատմածներէն՝ ես ցանկութիւն յայտնած եմ յաճախել այդ վարժարանը։ Իշխան նոյնիսկ այդպէս ալ մաղթանք արձանագրած է ինքնագրերու ալպոմիս մէջ այդ նոյն առթիւ. «Կը մաղթեմ որ փոքրիկն Վրէժ «Համազգայինի»-ի ճեմարանը աւարտելու բախտը ունենայ»։
Յետոյ... յետոյ կուգայ Ճեմարանին առնչմանս տխուր դրուագը. Գահիրէի Գալուստեան ազգային վարժարանի նախակրթարանը աւարտելէս ետք, դիմեր էինք տեղւոյն «Համազգային»-ին, որ զիս իբր սան ընդունին եւ երթամ Պէյրութ՝ Ճեմարան։ Այն ատեն փափաքս էր հայերէնի ուսուցիչ դառնալ, եւ համոզուած էի, որ հո՛ն էր յարմարագոյն կրթարանը այդ նպատակիս հասնելու համար։ Այդ տարիներուն կար գեղեցիկ աւանդութիւնը Գահիրէէն ամէն տարի աշակերտ մը ղրկելու ճեմարան՝ որպէս գիշերօթիկ։ Բայց ես չընդունուեցայ։ «Անոր հայրը կրնայ ի՛նք հոգալ տղուն ուսման ծախսերը»,– ըսուեր է, սխալ ենթադրութեամբ (գիշերօթիկի պարագային), ու իմ տեղս ղրկուեցաւ ուրիշ տարեկից պատանի մը, որ տարի մը ետք լքեց Ճեմարանը եւ վերադարձաւ՝ ոչ մէկ յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով հայերէնի կամ յարակից նիւթերու նկատմամբ։ Նման բաներ յաճախ կը պատահին..., բայց ես բախտաւորութիւնը ունեցայ շարունակելու ուսումս Գալուստեանի բարձրագոյն կարգերուն մէջ եւ անոնցմէ անդին՝ ըլլալով ինչ որ եղայ։
Էջը դարձաւ, եւ այս դրուագը, ի հարկէ, մոռցուեցաւ։
Յաջորդ առնչումս Ճեմարանին հետ եղաւ քանի մը տարի ետք, երբ «Յուսաբեր»-ի մէջ հաստատեր էինք ամսական էջ մը՝ «Երիտասարդական շարժում» վերտառութեամբ, ու իբր «խմբագիր» կապ պահեր էի «Նշան Փալանճեան»-ի աշակերտական թերթին՝ «Ջահակիր»-ին հետ ու այդ միջոցաւ ծանօթացեր Շաղիկ Փափազեան, Զարեհ Սուրուզեան, Յարութիւն Քիւրքճեան անուններուն, գրեր իրենց, մտերմացեր, ու հետագային ալ հանդիպեր, բարեկամացեր էի։ Այդ կապերը դարձան մնայուն, իսկ Գանատա գալէս ետք բախտը այնպէս տնօրինեց, որ ճեմարանականներ ըլլան անմիջական շրջանակիս անդամներէն շատեր, այն աստիճան, որ զիս այլեւս եգիպտահայ չէին նկատեր հին ընկերներէս ոմանք...
Ի հարկէ, «Համազգային»-ի ճամբով մենք միշտ առնչուած մնացինք մեր ճեմարանին հետ, ու երբ այնպէս պատահեցաւ, որ ինծի ալ առիթ տրուի մաս կազմելու այդ միութեան Կեդրոնական վարչութեան, ամբողջ ութ տարի մեր կրթարանին ծառայելու համար՝ ես ալ իմ համեստ ներդրումս կրցայ ունենալ, որպէս պարտքս իմ կազմաւորման մէջ անոր խաղացած թէկուզ անուղղակի դերակատարութեան համար։
Եւ հիմա արդէն 90-ամեակն է։
Ճեմարանի մէջ իրենց ապրած անուշ օրերուն մասին շատեր գրեցին ու պիտի գրեն տակաւին։ Ես սակայն կ՚ուզեմ այստեղ կատարել գնահատում մը ու երեւալայել անոր գալիք դերակատարութիւնը։
Ճեմարանի ազդեցութիւնը իր աշակերտութեան անմիջական շրջանակէն շատ անդին կ՚անցնի։ Ճեմարանը ձեւով մը դարձաւ այն տիպար հաստատութիւնը, որուն պիտի հետեւէին մեր կրթարանները։ Այսօր, ոչ միայն «Համազգային»-ը ունի ուրիշ կրթական հաստատութիւններ, այլ նաեւ՝ մեր ազգային վարժարանները, անոնք, որոնք նոր սերունդը ազգային ոգիով դաստիարակելու գործին են լծուած, շատ տարբեր չեն այլեւս «Համազգային»-ի վարժարաններէն։ Ասիկա գլխաւոր նուաճումը նկատենք Շանթի, Աղբալեանի եւ մեր միւս երախտաւորներուն հիմնած Ճեմարանին։
Իննսուն տարին, սակայն, այնքան ալ երկար ճամբայ մը չէ, եթէ նկատի առնենք Ճեմարանին,– ճեմարաններո՛ւն,– առջեւ բացուող երկա՜ր ճանապարհը։ Շանթի, Աղբալեանի շունչը տարածուելու է տակաւին ամբողջ հայաշխարհի վրայ, եւ այդ ուղղութեամբ «Համազգային»-ին կ՚ուղղուի համայն հայաշխարհը՝ Երեւանէն Լոս Անճելըս, Մոսկուայէն Փեքին, ճեմարաններու ցանցո՛վ մը պատելու մարտահրաւէրը, մինչեւ այն ատեն, որ տակաւին չէ՛ իրականացած մեր երազը՝ «Ամբողջական Հայաստան՝ ամբողջական հայութեամբ»...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ