Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
ՀՅԴ գործիչ, քաղաքագետ Վաչե Բրուտյանը գրում է.
«ՔԱՆԻ ՄԸ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՄԷԿ ՆՈՅՆՈՒԹԻՒՆ
BBC կայանի HARDTalk ծրագրի թղթակիցը վերջին ամիսներուն երկու հարցազրոյցներ վարեց հայ պաշտօնատարներու հետ։
Առաջինը ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանին հետ էր, քանի մը ամիս առաջ։ Երկրորդը երէկ էր՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ։
Երկու կէտ.-
1) Երեւան եկաւ, որ մինչ Մնացականեան կը տիրապետէ ոչ միայն անգլերէն լեզուին, այլեւ այդ լեզուի դիւանագիտական բառապաշարին ու նրբերանգներուն։, անդին Փաշինեանի անգլերէնը հազիւ կենցաղայինի մակարդակին էր... Քաղաքական բարդ խնդիրներու մասին դժուար թէ կարելի ըլլայ արտայայտուիլ կենցաղային բառապաշարով (թէեւ Փաշինեանի հայերէնի բառապաշարն ալ աւելի որակաւոր չէ...)։
2) Զոյգ հարցազրոյցներէն երեւան եկաւ նաեւ, որ թէ՛ Մնացականեան եւ թէ՛ Փաշինեան ողբալիօրէն ձախողեցան հայկական պետական շահերու պաշտպանութեան իրենց ամենահիմնական դերին մէջ։ Օրինակ, Արցախի մասին բրիտանացի լրագրողի «ականապատուած» հարցին, Փաշինեան պատասխանեց իրեն բնորոշ «միթինկային» միտքերով, առանց ընդգծելու Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութիւնը։ Կրկնուեցան նաեւ «բոլորին համար ընդունելի լուծում»ի անհեթեթ դարձած թեզերը եւս...
Փաշինեան տակաւին ինքզինք կը կարծէ միթինկի հրապարակին վրայ, ու տարբերութիւն չ՚ըներ, որ արդեօք հարցազրոյցի՞ է, Ազնաւուրի թաղումի՞ն է, թէ խորհրդարանի ամպիոնին։ Նոյն ամբոխավարութիւնը, նոյն գաւառամիտ «շուստրիութիւնները»։
Կարելի չէր չդիտել զոյգ հարցազրոյցները եւ ամօթ չզգալ՝ վիրաւորուած արժանապատուութեամբ»։