Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Թռչուն մը ինծի ալ լուր տուաւ, որ մեր սիրելի Ճեմարանը այս տարի արդէն 90 տարեկան է: Ասիկա առիթ եղաւ, որ երթամ, պահ մը նստիմ Ճեմարանի յիշատակներուս ծառին տակ եւ իմ յիշողութեանս թռչնիկը արձակեմ վեր՝ դէպի անոր տարածուն եւ դալար ճիւղերը: Թռչնիկս ցատկեց ճիւղէ-ճիւղ, գնաց մանկութեանս ու Ճեմարանին աշակերտութեանս օրերը, երբեմն վերադարձաւ մօտս եւ մանր, համով պտուղներ բերաւ այդ ճիւղերէն, զիս անջատեց առօրեայէս ու անոր բազմերես տաղտուկներէն: Մտածեցի, որ կրնամ այդ պտուղներէն բաժին հանել հին ու նոր ճեմարանականներու, ընթերցողներու, որոնք հաւանաբար ունին իրե՛նց աղուոր յիշատակներուն համով պտուղները: Քաղցր բաներու բաժնեկցութիւնը վնաս չի բերեր, ակռաներուն ալ չի վնասեր (մի՛ մոռնաք, որ ատամնաբոյժ եմ)…
Ահա, ուրեմն, թռչնիկիս որսացած պտուղներէն ափ մը հրամցնեմ ձեզի: Պիտի զգաք, որ ինչպիսի՜ ոստումներով կ’անցնիմ ճիւղէ-ճիւղ, առանց երկար մնալու մէկուն կամ միւսին վրայ:
***
Երբ աչքս բացի Պուրճ Համուտի Արագած թաղի մեր տան մէջ եւ դպրոց երթալու չափ «մեծ տղայ» եղայ, ծնողքս զիս տարին մեր թաղի Ազգային Լուսինեան նախակրթարանը (որ յետոյ կոչուեցաւ Աքսոր Գասարճեան): Հոն մնացի մինչեւ 3-րդ դասարան: Մեր տնօրէնն էր պրն. Անդրանիկ Ուրֆալեանը: Երէց եղբայրս՝ հետագայի Կորիւն սրբազանը, այդ վարժարանը աւարտելէ ետք անցած էր Նշան Փալանճեան Ճեմարան: Ես ալ, միւս եղբօրս՝ Գալուստին խորհուրդով, հետը գացի պրն. Մուշեղ Իշխանին տունը: Եղբայրս խնդրեց, որ յաջորդ տարի զիս արձանագրեն 4-րդ դասարանի աշակերտ, որուն համար պայման դրուեցաւ, որ պէտք է քննութիւններ անցընեմ:
Այդ օրերուն ունէինք այն տպաւորութիւնը, թէ Ճեմարանին մէջ անարդարութիւն մը կար. ազգային վարժարաններէ շրջանաւարտները երկու խումբի մէջ դասուած էին: Փայլուն նկատուողները կ’ընդունուէին 6-րդ դասարան, իսկ միւսները՝ 5-րդ: Երբ մտայ 4-րդ դասարան, «գերմարդկային» ճիգ ըրի, որպէսզի կարենամ «հասնիլ» դասընկերներուս եւ քայլ պահել ի սկզբանէ ճեմարանականներուն հետ: Վիճակս բարելաւեցի տարուէ տարի ու երբ հասայ լսարանական դասարանը, արդէն լաւագոյններուն շարքին էի:
Նախապէս, երբ մեր թաղի վարժարանը կը յաճախէի, գործս շատ աւելի դիւրին էր. մեր տունէն կը լսուէր դպրոցի զանգին ձայնը, եւ ես, նախաճաշիս վերջին պատառը ծամելով՝ քանի մը վայրկեանէն կը հասնէի դպրոց եւ կը միանայի դասարան մտնողներու շարքին: Ճեմարանը հեռու էր: Պէտք է շատ աւելի կանուխ արթննայի, պատրաստուէի եւ սպասէի Ճեմարանի «Փոստա»-ին (որուն նկարագրականը այնքան աղուոր ըրած է դասընկերներէս Պօղոս Շահմելիքեանը, անցեալ տարի իր հրատարակած գիրքին մէջ. ափսո՜ս, որ ան կանուխ մեկնեցաւ այս աշխարհէն): Երբ «Փոստա»-ն հասնէր Ս. Նշան եկեղեցւոյ վերելքին սկիզբը, մէջը թխմուածներս անզգալաբար թեթեւ անձկութեամբ մը կը լեցուէինք՝ չես գիտեր ինչո՛ւ…
***
Անմոռանալի յիշատակներու գանձանակ մը ունիմ Ճեմարանի ուսուցիչներէս: Կրնամ անոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին շատ բան պատմել, սակայն թռչնիկիս պէս, արագ-արագ պիտի ցատկեմ ճիւղէ-ճիւղ:
Ահա յիշատակներուս ծառին վրայ կ’երեւին օրիորդ Այգոն՝ արաբերէնի ուսուցչուհիս, որ ծանօթ գրող եւ մտաւորական Եդուարդ Պոյաճեանի տիկնոջ քոյրն էր: Պարոն Վարդիվառը (որ մէ՛կ թեւ ուներ միայն): Պարոն Եփրեմ Քէշիշեանը տարօրինակ սովորութիւն մը ունէր. հազիւ տեղը նստած՝ սեղանին վրայ կը դնէր շղթայով ժամացոյցը, եւ երբ աշակերտ մը չարութիւն ընէր, զայն յանդիմանելու ատեն կը ճօճէր գլխուն վերեւ, սակայն ան երբեք ժամացոյցը չգործածեց մէկուն գլուխը հարուածելու համար…:
Իբրեւ ուսուցիչ ունեցանք տոքթ. Զաքար Մկրեանը, ապագայի՝ նշանաւոր սրտաբան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ եւ ազգային-կուսակցական գործիչ: Ուսանողութեան տարիներուն մեզի իրագիտութիւն կը դասաւանդէր: Ճեմարանի սիւներէն էր օրիորդ Ալիս Գազանճեանը: Օրիորդ Արփի Գալիկեանը յատուկ տեղ ունի յիշատակներուս ծառին վրայ: Ըստ դասընկերուհիներուս, ան տկարութիւն ունէր տղոց նկատմամբ, աւելի հանդուրժող էր, սակայն շատ խստապահանջ՝ աղջիկներուն հանդէպ: Մեր դասընկերուհիները նկատած էին, որ ան գարնան օրերուն կը սկսէր քիչ մը թեթեւ հագուստ հագուիլ: Մենք՝ անմեղ ու միամիտ տղաքս, ոչինչ կը նկատէինք: Ան սիրով ու հանդուրժողութեամբ կը պատասխանէր մեր՝ տղոց հարցումներուն, երբ դասէ դուրս ընդհանուր զարգացման համար հարցումներով իրեն դիմէինք: Դասապահի աւարտը իմացնող զանգը կ’ընդմիջէր մեր հարց-պատասխանի պահը:
Ահա նաեւ օրիորդ Լալիկ Թիւթիւնճեանը՝ Խոսրով Թիւթիւնճեանի աղջիկը: Պարոն Գրիգոր Շահինեանը՝ նշանաւոր մանկավարժ եւ մտաւորական, օր մը առաւօտուն դասարան մտաւ եւ ըսաւ. «Չեմ կրնար դասի սկսիլ, ըսելէ առաջ, որ այսօր առաջին մարդը անջրպետ գնաց: Անունը Եուրի Կակարին է»: Անջնջելի տպաւորութիւններ եւ հետքեր ձգած է նաեւ «Մատամ»-ը՝ տիկին Եոլանտ Աճեմեանը, հռչակաւոր երգիծանկարիչ Տիրան Աճեմեանի տիկինը, որ մեզ հաճելի ճամբորդութիւններու կը հանէր ու կը հասցնէր մինչեւ ֆրանսական գրականութեան ակունքները, յաճախ նաեւ մեծ հպարտանքով կը յիշէր իր մօրեղբայրը՝ տաղանդաւոր բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանը:
Իւրայատուկ տիպար մըն էր «Սըր»-ը՝ պարոն Անթուան Քէհէեանը: Անոր մասին չեմ կրնար չյիշել պատմութեան անցած հետեւեալ դէպքը: Ան քանի մը տարուան իր ամսականները կանխիկ գանձած էր… օգնելու համար կարիքաւոր աշակերտներու: Օր մը դասարան մտաւ ժպիտով մը եւ մեզի ցոյց տուաւ իր ստացած նամակը: Կարծեցինք, թէ մէկը գումար մը ղրկած էր՝ պարտք մը հատուցելու համար: Բացատրեց, որ նամակագիրը կը գրէր, թէ չէ մոռցած, որ պարտական է: «Ի՜նչ պարկեշտ է: Գոնէ չէ մոռցած, որ գումար մը պարտական է…», ըսաւ ժպտելով:
Շարունակեմ ոստոստել: Ահա բնական գիտութիւններու մեր ուսուցիչը՝ Սուրէն Շանթը, հայոց պատմութեան ուսուցիչ Երուանդ Փամպուքեանը, ուսողութեան ուսուցիչ Կապրիէլ Տրուպին, որ անարդար վերաբերմունք ունէր. ուշադրութիւն կը դարձնէր քանի մը յառաջադէմ աշակերտներու՝ Զաւէն Գույումճեանին, Գօգօ Գասամճեանին, ինծի, իսկ միւսները՝ միջակ եւ այլ, կ’անտեսէր:
Աշակերտութեանս օրերու պատմութիւնը ամբողջական պիտի չըլլայ, եթէ չյիշեմ արաբերէնի ուսուցիչներէն պարոն Անթուան Պուսթանին: Մենք ֆրանսական պաքալորէայի կը պատրաստուէինք եւ մեզի համար արաբերէնը «որբ» դաս մըն էր: Մեր արաբ ուսուցիչը հայերէն սորվեցաւ, մենք արաբերէն չսորվեցանք…: Գլխաւոր «անպատեհութիւն» մըն ալ այն էր, որ արաբերէնի դասապահը օրուան վերջին պահն էր, ժամը 3։00-էն 4։00-ի միջեւ: Մենք արդէն շարժապատկերի մօտակայ սրահներէն՝ «Քափիթոլ»-ի կամ «Ամիր»-ի տոմս ապահոված կ’ըլլայինք, մասնաւորաբար՝ երկուշաբթի օրերը, երբ գիտէինք, որ «Ամիր» սրահը առանց գրաքննութեան՝ «բաց տեսարաններով» ժապաւէններ կը ցուցադրուէին ժամը 3։00-էն 6։00: Համբերատար պարոն Պուսթանին հազիւ թէ դասը սկսէր, մենք կը սկսէինք «յիշեցնել». «Ըսթէզ, պալլաշ ըլ-մանազէր» (Պարո՛ն, նախնական տեսարանները սկսան), քիչ ետք՝ «Ըսթէզ, պալլաշ ըլ-ֆըլըմ» (Պարո՛ն, ժապաւէնը սկսաւ), ու դպրոցի պասքեթպոլի դաշտին կողքի փոքր դռնէն փախչելով, կը հասնէին պատկերասփիւռի սրահը տանող զառիվարին գլուխը…: Տարիներ ետք, այսօր ալ կ’անդրադառնամ, թէ որքա՜ն սխալ ու անշնորհք բաներ ըրած ենք:
Պարոն Գառնիկ Բանեանի հետ շատ լուրջ էինք հայերէնի քերականութեան պահերուն: Պարոն Մուշեղ Իշխա՞նը. ան այնքա՜ն հաճելի դիտողութիւններով ու զուարթախոհութեամբ իր նկատողութիւնները եւ սրբագրութիւնները կը յայտնէր՝ երբ մեզի կը վերադարձնէր շարադրութիւնները:
Բախտը ունեցած ենք իբրեւ տնօրէն ունենալու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր սերունդէն՝ վերջին վարչապես Սիմոն Վրացեանը: Ան մեզի կը դասաւանդէր քաղաքացիական պատմութիւն: Այդ օրերուն, արդեօք ամբողջական գիտակցութիւնը ունէի՞նք, թէ ինչպիսի՛ բախտաւորութիւն է Վրացեան մը ուսուցիչ ունենալը…:
Տիկին Գոհարը, առաւօտուն, դասարան բարձրանալու պահուն, մեզ կը դիմաւորէր ժպիտով, սակայն անոր դէմքը կը խստանար, երբ տեսնէր, որ կարգ մը տղաք կը փորձէին քալել իրենցմէ առաջ բարձրացող աշակերտուհիներուն ետեւէն…: Կ’ազդարարէ, որ դիրքերը փոխուէին դէպի պատը: Օր մը ուշացած աշակերտ մը դասարան մտնելու արտօնութիւն կը խնդրէ անկէ: Երբ տիկին Գոհար կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ ուշացեր էր, աշակերտը կը պատասխանէ. «Թրամվային (ելեկտրական հանրակառք) անիւը պայթեցաւ…»: Քանի մը ակնթարթ ետք, տիկին Գոհարը դասարանին դուռը կը բանար ու կը յանդիմանէր աշակերտը…:
***
1965-ի շրջանաւարտ մեր սերունդը դժբախտաբար կանուխէն ունեցաւ կորուստներ: Անոնց շարքին էին Սագօ Սարգիսեանը, Նազօ Մուսգաճեանը, Վահէ Պէրպէրեանը, Յակոբ Եափուճեանը, Զաւէն Գույումճեանը, Հուրիկ Թուխիկեանը, վերջերս նաեւ՝ Պօղոս Շահմելիքեանը:
Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահ այցելած են Հայաստանէն ու արտասահմանէն բազմաթիւ հիւրեր եւ հանդիպում ունեցած են աշակերտներուս հետ:
Թատերական անմոռանալի պահեր ապած ենք պարոն Գրիգոր Շահինեանի հետ: Անոր ղեկավարութեամբ եւ բեմադրութեամբ ներկայացուցինք երկու գործ. առաջինը՝ Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներում է», մասնակցութեամբ Շաղիկ Փափազեանի, Վրէժ Շալեանի, Վազգէն Մատէնլեանի, Վահիկ Վարդապետեանի, իսկ երկրորդ գործն էր Ռ. Ֆերտինանտի «Անշնորհք տղաքը», դերակատարներ՝ Վաչէ Փափազեան, Ժիրայր Լիպարիտեան, Մկրտիչ Մկրտիչեան, Վազգէն Մատէնլեան, Վրէժ Շալեան, Յարութիւն Մահսէրէճեան, Մհեր Գոճապապեան, Յարութիւն Տէր Ղազարեան եւ Շաղիկ Փափազեան:
Երբ լսարանական էինք, Ճեմարանը ունեցաւ երիտասարդ տաղանդներէ բաղկացած նուագախումբ մը, որ կը կոչուէր «Brown Bros»: Անդամներն էին Վազգէն Մատէնլեան, Յարութիւն Մահսէրէճեան, Բենօ Թոնդեան եւ Վահիկ Վարդապետեան: Նուագախումբին գործը ամէն տեղ հեզասահ չգնաց: Խումբը երբ ելոյթ ունեցաւ եւ «Գիշերն անուշ է» երգը ներկայացուց իւրայատուկ, այսպէս կոչուած՝ արդիական Tango դաշնաւորումով, ատիկա հաճելի չթուեցաւ տիկին Եոլանտ Աճեմեանին, որ իր դժգոհութիւնը յայտնեց… սրահէն հեռանալով:
«Վասպուրական» սրահին մէջ ունեցած ենք նաեւ ասմունքի հանդէսներ: Հոն ասմունքած եմ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Մենքը»:
***
Ճեմարանականի մեր կեանքին անշուշտ որ մաս կը կազմէ օրիորդ Արփի Լիպարիտեանը, որ թէ՛ գրադարանի պատասխանատուն էր եւ թէ այցելու բժիշկներուն օգնականը:
Մարզական կեանքն ալ կարեւոր տեղ ունէր: Աղջիկներու խումբը միաժամանակ ՀՄԸՄ-ի խումբին կորիզն էր. Սելլա Գահվէճեան, Սրբուկ Օհանեան, Հուրիկ Թուխանեան, Յասմիկ Սարհատեան, Աստղիկ Թեճիրեան, Յասմիկ Սաաթճեան, Արփի Լիպարիտեան: Տղոց խումբէն էին Պարսկաստանէն Վահիկ Ղարախանեան (Վահիկը, Ճեմարանի ծաղիկը), Իրաքէն Հայկը Մելքոնեան, Յունաստանէն Մխիկը, նաեւ Պէյրութէն Վրէժ Շալեան եւ շատ ուրիշներ: Պէտք է ըսել, որ այդ տարիներուն, Ճեմարանի, Յովակիմեան-Մանուկեանի եւ Քաղաքի Հայ աւետ. վարժարանի ՝ Հայ սքուլի խումբերը բարձր մակարդակի վրայ էին:
***
1965-ի շրջանաւարտներու մեր սերունդը առաջինն էր, որ չներկայացաւ ֆրանսական Ա. պաքալորէայի քննութիւններուն: Կրթական պատասխանատուներու որոշումով, այդ տարի ջնջուեցաւ Ա. պաքալորէայի քննութիւնը, ուրեմն, պէտք էր ուղղակի պատրաստուէինք Բ. պաքալորէային: Յաջորդ տարին Ճեմարանը ունեցաւ Բ. պաքալորէայի փիլիսոփայութեան ճիւղի դասարանը: Մեր սերունդէն քանի մը աշակերտներ մնացին Ճեմարան, ուրիշներ անցան այլ դպրոցներ: Ես ընտրեցի International College-ը (I.C. French section), գիտական քննութիւններու պատրաստուելու համար: Հոն, ֆրանսերէնին կողքին, երկրորդ լեզու մը ընտրելու իրաւունքը ունէինք: Ես ընտրեցի հայերէնը եւ ուսուցիչ ունեցայ Վահէ Օշականը: Տարեվերջին, հայերէնի քննութեան հարցաքննիչներն էին Վազգէն Այգունին եւ Ճեմարանի ուսուցիչներէս Մուշեղ Իշխանը: Երբ պարոն Այգունի նկատեց, որ I.C.-էն եմ, գիրք մը տուաւ ինծի, թելադրեց, որ առանձնանամ եւ սահուն կարդալ սորվիմ, որպէսզի անցման նիշ տայ ինծի: Պատասխանեցի. «Լա՛ւ, բայց կը նախընտրեմ, որ դժուար հարցումներ տաք ինծի, եւ կրնամ բարձր նիշ ստանալ»: Անդին նստած պարոն Մուշեղը ժպտելով ըսաւ, որ ճեմարանական աշակերտ եղած եմ…:
***
Թռչնիկս երբեմն կը բերէ նաեւ արտադպրոցական պատկերներ: Բաժնեկցիմ հետեւեալը:
Հանրակառքը, Պուրճէն՝ Նահատակաց հրապարակէն գալով, կը հասնէր «Քափոթոլ» սրահին առջեւ եւ հոն, դէպի ձախ դառնալով, պէտք է ճամբան շարունակէր դէպի Պասթա: Այդ անկիւնադարձին, «Յովակիմեան»-ի, «Հայ սքուլ»-ի եւ Ճեմարանի տղաքս պէտք է ցատկէինք հանրակառքէն, երբ ան դանդաղօրէն կը շարունակէր յառաջ երթալ: Շարժող հանրակառք մը ցատկելով բարձրանալն ու անկէ ցատկելով իջնելը… քաջագործութիւն էր:
***
Երեք տարի առաջ, երբ դարձեալ Լիբանան այցելեցի, Ճեմարանի տնօրէնուհին՝ տիկին Փաուլա Եղիայեան առիթը ստեղծեց, որ հանդիպում ունենամ աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ:
Յուզումը պատեց հոգիս: Շատ բան ունէի ըսելիք, փորձեցի ամփոփել (ինչպէս՝ հոս): Ըսի. «Սիրելի՛ ճեմարանականներ, դուք բախտաւոր էք, որ նման հաստատութեան մը մէջ կ’ուսանիք: Փորձեցէք առաւելագո՛յն չափով գիտութիւն ամբարել, իսկ վաղը՝ երբ իրական կեանքի մէջ նետուիք, թող Ճեմարանը ձեզի համար ըլլայ առաջնահերթութիւն մը: Ճեմարանի մէջ ձեր սորվածները նիւթական կեանքի վազվռտուքին մէջ գործնականի՛ վերածեցէք: Մի՛ խաբուիք Արեւմուտքի մակերեսային եւ լոկ նիւթական երեւոյթներէն: Հոն շատ բան կեղծ է: Fake. Հոն շատ բան մակերեսային է, նիւթապաշտ, անմարդկային… փխրուն սիւներու վրայ դղեակներ, Chateaux d’Espagne! Այդ ափերը մեր սրբութիւններուն եւ արժէքաւոր աւանդութիւններուն գերեզմանն են: Ընտանիք, յարգանք… միայն թուղթի վրայ կը գտնուին: Ձեր պաշարով հայրենիքին մէջ կրնաք համբերութեամբ, ընտանեկան ապահով ապագայ կ’ունենաք: Մեր ափերէն եկած վարդագոյն լուրերը խաբկանք են: Եթէ հայրենիքին մէջ կարգ մը լուծելի օրակարգերու կը հանդիպիք, ծովերէն անդին, մեր ափերուն, տասնեակներով անլուծելի հարցերու, խնդիրներու եւ բարդութիւններու պիտի հանդիպիք: Չեմ գիտեր, թէ 55 տարիներու փորձառութենէս ի՞նչ կը փափաքիք իմանալ…»:
***
Թռչնիկս կը յիշեցնէ, որ բաւական յոգնած է եւ մեր ոստոստումերը տեղ մը պէտք է վերջ գտնեն: Իր բերած պտուղները, եւ դեռ շատ ու շատ բաներ մտաբերելով, դպրոցի օրերուն, անկէ ետք՝ միութենական աշխատանքի, կեանքի ասպարէզի եւ ընթերցումներու ճամբով կերտուածը աչքի առջեւ ունենալով, կրնամ եզրակացնել, որ Ն. Փալանճեան Ճեմարանի մեր եւ ուրիշ սերունդներ ահագին պատմութիւն կերտած են: Ափսոս, որ յաճախ ուշ անդրադարձած ենք, թէ մեր ուսուցիչները ինչպիսի՛ ներդրում ունեցած են այդ բոլորին մէջ:
ՄՀԵՐ ՊԱՊԵԱՆ
Ծանօթ.- Ճեմարանի նուիրահաւաքին մասնակցելու համար սեղմել հետեւեալ կապը` www.djemaran.edu.lb/donate