կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-03-15 09:24
Սփյուռք

Գործ հատուցման եւ մատուցման․ Սեդօ Պոյաճեան

Գործ հատուցման եւ մատուցման․ Սեդօ Պոյաճեան

Այդպէս էր հարիւր տարի առաջ։ Այդպէս է եւ այսօր։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը արդարութիւն չէ աղերսած՝ այլ մատուցած է, չէ խնդրած՝ այլ նուիրագործած է։ Այդպէս եղած է եւ պիտի ըլլայ միշտ այդպէս։

 

Օտարին խոստումներուն չէ ապաւինած Դաշնակցութիւնը։ Որովհետեւ Նահատակներուն Կտակը, Արդարութիւնը եւ Հայութեան Արժանապատուութիւնը կ՚իրականան բացառաբար մեր սեփական ձեռքերով։

 

Օտարի խոստմնադրուժ պայմաններու դէմ յանդիման, Դաշնակցութիւնը ժողով արեց եւ Թուրք դահիճներու մահապատիժը վճռեց։ Վճիռին գործադրումը կոչուեցաւ Նեմեսիս Գործողութիւն։ Նեմեսիսը եղաւ գործ՝ մատուցման, հատուցման եւ արժանապատուութեան։

 

Եւ դահճապետները ինկան մէկ առ մէկ։

 

Սողոմոն Թէհլիրեանն վիճակուեցաւ Թալէաթ Փաշայի մահապատիժի գործադրումը։ Հարիւր տարի առաջ, ան մատուցեց արդարութիւնը՝ զգետնելով Թալէաթը Պերլինի մէջ՝ Մարտ 15, 1921ին։

 

Հայութեան արդարութեան եւ արժանապատուութեան վերահաստատման առաքելութիւնն էր Թէհլիրեան մահացու հարուածը։

 

Պահ մը պատկերացուցէք, առանց Դաշնակցութեան կամքին, առանց Նեմեսիսին եւ առանց Սողոմոնի վրիժառու բազուկին, ինչպէ՞ս պիտի կարենայինք նայիլ աշխարհի եւ մարդկութեան աչքերուն, մանաւանդ Թուրքիոյ երեսին։

 

Թէհլիրեան մատուցեց արդարութեան պատիժը՝ անպատիժներուն։ Վերականգնեց արժանապատուութիւնը մեր ժողովուրդին։

 

Սեդօ Պոյաճեան