Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Գիտէինք Նիկոլին ո՞վ ըլլալը, ի՞նչ ապրանք ըլլալը՝ նախ քան իշխանութեան հասնիլը։ Գիտէինք Նիկոլը ի՞նչ պիտի ընէր, երբ իւրացուց իշխանութիւնը։ Զգուշացուցինք, բայց մտիկ ընող չեղաւ։ 2018 Դեկտեմբերի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութեան նախօրեակին՝ ՆՈՅԵՄԲԵՐ 27, 2018-ին գրեցինք սեւով ճերմակի վրայ՝ Նիկոլի սարքած դաւադրութեան մասին։ Մտիկ ընող չեղաւ։ Այդ թուականին գրեցինք հետեւեալը.-
«Սակայն այն վարքագիծը, որ Նիկոլ Փաշինեան հետամուտ եղաւ եւ պիտի շարունակէ ըլլալ համահայկական ենթահողի վրայ՝ անդառնալի պիտի ըլլայ։ Եւ ճիշդ հոս կը գտնուի այն դաւադրութիւնը, որ «յեղափոխութեան» պիտակին տակ ծպտուած կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Այս դաւադրութիւնը սարքուած է երեք հարցերու շուրջ.-
Առաջին, Արցախեան հարցի լուծումը ի նպաստ Ատրպեճանական պայմաններուն։
Երկրորդ, Հայաստան-Թուրքիա ներկայ սահմանագիծի վերջնական հաստատում։
Երրորդ, Սփիւռքեան գաղութներու անդորրութեան խախտում եւ կառոյցներու ջլատում։
Առաջին հարցով տեղի կ՚ունենայ Արցախի վերջնական կորուստը իբրեւ հայրենական հող։
Երկրորդ հարցով տեղի կ՚ունենայ հայրենական բռնագրաւեալ հողերու վերջնական յանձնում Թուրքիոյ։
Երրորդ հարցով տեղի կ՚ունենայ հայկական պահանջատիրութեան վերջնական թաղում։
Ահաւասիկ օտար կուլիսներու մէջ այս երեք հարցերուն դէմ սարքուած սցենարը, որ մեր ազգային կեանքէն ներս կը ճեմէ իբրեւ «յեղափոխութիւն»։
Եթէ յաջողի, մենք կ՚ունենանք ոչ թէ համայն Հայութեան Հայաստան, այլ՝ Արարատեան Հայաստան մը, յար եւ նման այն Հայաստանին որ պարտադրուեցաւ մեզի Դեկտեմբեր 2, 1920ին։»
Այսօր Նիկոլի դաւադրութեան առաջին հանգրուանը յաջողած է։ Հիմա ան հետամուտ է դաւադրութեան յաջորդող հանգրուաններու իրագործման։
––––––––––––––––––––––––––––
Ստորեւ՝ Նոյեմբեր 27, 2018-ի գրառումս ամբողջութեամբ.-
ԵՐԵՔ ՀԱՐՑԵՐ, ՄԷԿ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Կարելի չէ Ազգային Ժողովի այս արտահերթ ընտրութիւնները սովորական երկրի մը սովորական ընտրութիւնները նկատել։ Հայաստանի քաղաքացին իր քուէով պիտի չվճռէ միայն Հայաստանի սոցիալ եւ տնտեսական ուղղութիւնը։ Ան պիտի վճռէ համայն Հայութեան հաւաքական ապագայի ուղղութիւնը՝ Ջաւախքէն մինչեւ Արցախ, բռնագրաւել հայրենի տարածքներէն մինչեւ Սփիւռք։
Անցեալ Մայիսին հայրենի ժողովուրդի սոցիալ եւ տնտեսական վիճակը վատ էր։ Այդ կացութեան պատասխանատուները նախկին իշխանաւորներն էին։ Այդ իշխանաւորները գացին, եկան նորերը։ Այս նորերու իշխանավարութեան վեց ամիսներուն ժողովուրդի վիճակը աւելի վատթարացաւ քան այն ինչ էր անցեալ Մայիսին։ Այս կացութեան պատասխանատուները նոր իշխանաւորներն են, որոնք կը կոչուին «Իմ Քայլը»։ «Իմ Քայլը» պճնուած «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ն է։ Իսկ այս երկուքը ենթակայ են մէկ անձի, որ կը կոչուի Նիկոլ Փաշինեան։
Հետեւաբար, այսօր երկիրը միանձեայ ղեկավարութիւն մըն է, որ իր իշխանութիւնը շարունակելու համար միացած է նախկին իշխանաւորներու օլիգարխերուն եւ տասնամեակներէ ի վեր պոլշեւիկեան ոճով քաղաքացիին քուէն զաւթող օղակներուն։
Գաղափարական առումներով եւ մենատիրական մտայնութեամբ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր շուրջ խմբուած նախկին իշխանաւորները զիրար կ՚ամբողջացնեն։ Ուստի, հետեւելով նախկին նոյն կործանարար վարքագծին, այս մարդիկը ժողովուրդի սոցիալ եւ տնտեսական վիճակը պիտի չբարելաւեն։ Ընդհակառակը, հակառակ իրենց բաշխած սին խոստումներուն, երկրին ու ժողովուրդին վիճակը ալ աւելի պիտի վատթարանայ։
Կու գայ օրը կարելի կ՛ըլլայ շրջել նման կործանարար վարքագիծ։ Սակայն այն վարքագիծը, որ Նիկոլ Փաշինեան հետամուտ եղաւ եւ պիտի շարունակէ ըլլալ համահայկական ենթահողի վրայ՝ անդառնալի պիտի ըլլայ։ Եւ ճիշդ հոս կը գտնուի այն դաւադրութիւնը, որ «յեղափոխութեան» պիտակին տակ ծպտուած կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Այս դաւադրութիւնը սարքուած է երեք հարցերու շուրջ.-
Առաջին, Արցախեան հարցի լուծումը ի նպաստ Ատրպեճանական պայմաններուն։
Երկրորդ, Հայաստան-Թուրքիա ներկայ սահմանագիծի վերջնական հաստատում։
Երրորդ, Սփիւռքեան գաղութներու անդորրութեան խախտում եւ կառոյցներու ջլատում։
Առաջին հարցով տեղի կ՚ունենայ Արցախի վերջնական կորուստը իբրեւ հայրենական հող։
Երկրորդ հարցով տեղի կ՚ունենայ հայրենական բռնագրաւեալ հողերու վերջնական յանձնում Թուրքիոյ։
Երրորդ հարցով տեղի կ՚ունենայ հայկական պահանջատիրութեան վերջնական թաղում։
Ահաւասիկ օտար կուլիսներու մէջ այս երեք հարցերուն դէմ սարքուած սցենարը, որ մեր ազգային կեանքէն ներս կը ճեմէ իբրեւ «յեղափոխութիւն»։
Եթէ յաջողի, մենք կ՚ունենանք ոչ թէ համայն Հայութեան Հայաստան, այլ՝ Արարատեան Հայաստան մը, յար եւ նման այն Հայաստանին որ պարտադրուեցաւ մեզի Դեկտեմբեր 2, 1920ին։
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ