կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-02-22 09:33
Սփյուռք

Հայաստանի փառքը, Հայաստանի ողբը․ Սեդօ Պոյաճեան

Հայաստանի փառքը, Հայաստանի ողբը․ Սեդօ Պոյաճեան

Վերանկախացած Հայաստանը փառքի հայրենիք էր, բայց դարձաւ ողբի երկիր։ Այսօր կատարեալ ողբերգութիւն է՝ պետական եւ կառավարման մակարդակներու վրայ։ Երեսուն տարի հայրենի ժողովուրդը փորձեց կառուցել Հայաստանի փառքը։ Երեսուն տարի ղեկավարութիւնը հիւսեց Հայաստանի ողբը։

Փառքը սկսաւ վերանկախացումէն անմիջապէս առաջ՝ Արցախի ազատագրութեան պայքարով եւ Արցախի ազատագրումով։ Ողբը սկսաւ վերանկախացումէն անմիջապէս ետք՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահ ընտրութեամբ։

 

Ողբը յաջողելու համար պէտք է քանդուէր փառքը։ Քանդելու համար պէտք էր Ամերիկեան եւ Եւրոպական յենարաններ՝ տոլարներով եւ խորհրդատուներով։ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ողբի կառուցումը մնաց կիսաւարտ, որովհետեւ ժողովուրդը կը մնար կառչած փառքին։ Տէր Պետրոսեան ստիպուած էր հրաժարիլ իր վտանգաւոր նախագահութենէն։

Տէր Պետրոսեանին յաջորդեց իրերանման կրկնակ ղեկավարութիւններ, որոնք մասամբ մոռցնել տուին ողբը, բայց իրենց ապիկարութեամբ չկրցան ամրապնդել Հայաստանի փառքը։

Ապա, ձախողութենէն դասեր քաղած, Տէր Պետրոսեան եւ իր օտար տէրերը  վրէժխնդրութեամբ վերադարձան ողբի կառուցման եւ փառքի քանդումին։ Այս անգամ պարտականութիւնը ստանձնեց իր հոգեզաւակը Նիկոլ Փաշինեան, որ իր քաղաքական իմաստակութեամբ եւ վարչական տխմարութեամբ հետեւեցաւ իրեն պատուիրուած օտարամուտ ծրագրի գործադրութեան։

Փառքը քանդելու համար պէտք էր պետութիւնը գրաւել ներսէն – մանաւանդ տիրանալ ուժային կառոյցներուն՝ ԱԱԾ-ին եւ Ոստիկանութեան։ Պէտք էր անպայմանօրէն յուսահատութեան մատնուէ ժողովուրդը, որպէսզի փառքը վերջնականապէս արմատախիլ ըլլայ։

Այս նպատակին համար անհրաժեշտ էր պարտութիւն։ Ծրագրուած էր, Մեծն Բրիտանիոյ, քարիւղի աւատապետերուն, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի կառավարութեան գործակցութեամբ, երկու կամ երեք օրէն պարտութեան մատնել հայ ժողովուրդը՝ վերացնելու համար անոր մարտունակութիւնը ի սպաս փառքի պահպանման։ Ծրագիրը քառասուն օրեր ձախողեցաւ՝ հայ բանակայինի եւ կամաւորականի անհատնում դիմադրականութեամբ։

44-րդ օրը ծրագիրը յաջողեցնելու համար, ողբի գործակալներուն պետը դիմեց անձնատուութեան։

Այս ողբը, հիմա, կը պահուի ՀՀ ԱԱԾ-ի եւ Ոստիկանութեան մեղսակցութեամբ։ Պետութեան կառոյցը փտած է ներսէն, ուր ղեկի բերուած են ստրկամիտներ, որոնք եռապատիկ ամսականներ եւ կաշառքներ ստանալով կը ճգնին երկարաձգել ողբը։

Ժողովուրդը, սակայն, դուրս կու գայ իր թմբիրէն։ Ժողովուրդը վճռած է վերահաստատել Հայաստանի փառքը։

Միայն Նիկոլ Փաշինեանի հեռացումով կարելի չէ վերադարձնել փառքը։ Հարկաւոր է մաքրագործել ամբողջ պետական կառոյցը։

Երեսուն տարիներու Տէր Պետրոսեանական ախտը կը մաքրուի միայն վերակառուցելով պետութիւնը՝ հայութեան հաւատարիմ, ազնիւ, մաքուր եւ կարող պաշտօնատարներով։

Բա՛ւ է երեսուն տարիներու սեփական գրպանը լեցնող, անկարող եւ գործակալ մարդոց իշխանութիւնը։

Անոնք բոլորը միասին ու միատեղ պէտք է վերացուին։ Այդպէս կը սկսի Հայաստանի փառքի վերադարձը։

 Սեդօ Պոյաճեան

Փետրուար 21, 2021