Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կ՚ուզէ՞ք գիտնալ մեր հաւաքական դիմադրականութեան գաղտնիքը։ Կ՚ուզէ՞ք իմանալ մեր վերընձիւղուելու խորհուրդը։
Նայեցէք մեր պատմութեան փորձառութեան։
Ծանրագոյն գրոհներու ենթարկուած ենք։ Մահացու հարուածներու զոհը դարձած ենք։ Բնաջնջումի գողգոթաներէն անցած ենք։ Հայրենի հողեր կորսնցուցած ենք։ Մեր պատմական հայրենիքի երեք հարիւր հազար քառակուսի քիլոմեթր հսկայ տարածքէն մեզի մնացած է տասը տոկոսը միայն։ Եղած են ժամանակաշրջաններ, երբ նոյնիսկ Հայաստան անունը անյայտացած է։
Բայց վերականգնած ենք։ Մեր համրանքի կէսէն աւելիին կոտորումէն ետք, կրկին ու կրկին վերընձիւղած ենք, վերածնած ենք։ Քալած ենք առաջ։ Կրկին կառուցած ենք, կրկին ստեղծագործած ենք։ Վերակառուցած ենք մեր պետական անօթը։ Ազատագրած ենք նորէն, ինչ որ կրնանք, հայրենի հողեր։
Եղած են փորձեր խորթացնելու մեր ազգային արժէքները, խաթարելու մեր հաւաքական գիտակցութիւնը, սպիացնելու մեր պատմութեան յիշողութիւնը, շեղելու մեր հայրենական նպատակները։
Բայց դիմադրած ենք այդ փորձերուն մեր հայեցի նկարագրի կայուն յատկութիւններով, մեր մշակոյթի զրահներով, մանաւա՛նդ պայքարողի մեր հնամեայ բայց մշտանորոգ մարտունակութեամբ։
Այդպէս ենք եղած եւ այդպէս ենք, որովհետեւ կը մնանք հաւատարիմ ու յանձնառու տեւաբար հայանալու մեր ազգային առաքելութեան։
Այսօր, դարձեալ կը գտնուինք դէմ յանդիման՝ երեք տարիներէ ի վեր մեզ հաւաքականօրէն խորթացնելու փորձերուն։ Փորձառութիւն մը, որ կը միտի ջնջել մեր պատմական յիշողութիւնը, ապազգայնացնել մեր մշակոյթը, եւ ապականել մեր ընկերութիւնը։ Փորձառութիւն մը, որ տնտեսապէս քանդեց մեր ժողովուրդը եւ մեր ազատագրուած հայրենիքի եօթանասուն եւ հինգ տոկոսը յանձնեց թշնամիին։ Թշնամիին կողմէ կրկին բնաջնջուելու սպառնալիքը հիմա կը թակէ մեր հայրենիքի դռները։
Հիմա նորէն հայանալու պահն է՝ վերակերտելու եւ վերակերտուելու համար։
Հայանալու երթը կը սկսի այսօր Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն՝ ժողովրդային հանրահաւաքով, տարածուելու համար հայրենիքի ամենէն հեռաւոր աւաններն ու գիւղերը։
Այս հանրահաւաքը մեր հայացման մեկնակէտն է։
Աւելին, այս հանրահաւաքը մեր վերստին հայրենացման պայքարն է։
Հայրենի ժողովուրդը առանձին չէ հայացման եւ հայրենացման կռիւին մէջ։ Հայրենիքի հետ եւ հայրենի ժողովուրդին մէջքին կանգնած է ամբողջ Սփիւռքահայութիւնը՝ հոգիով, ոգիով, մտքով, կամքով եւ բոլորանուէր ուժերով։
Հայրենիքի հայացումով եւ հայրենացումով աւելի կը հայանայ ու կը հայրենանայ նաեւ Սփիւռքը։
Փետրուար 20, 2021
Լոս Անճելըս