կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-02-18 09:45
Սփյուռք

Ապստամբութենէ ապստամբութիւն․ Սեդօ Պոյաճեան

Ապստամբութենէ ապստամբութիւն․ Սեդօ Պոյաճեան

Հարիւր տարի առաջ։ Հայ ժողովուրդին պարտադրուեցաւ ապստամբիլ։ Առաջին ազդանշանը տրուեցաւ Արագածի փէշերէն, ապա Աշտարակէն, Էջմիածինէն, Բաշ-Գառնիէն, Կոտայքէն, Ախթայէն եւ այլ շրջաններէն։ Դուրս եկաւ հայ ժողովուրդը՝ տարերայնօրէն, վերջ դնելու հայանուն օտարածին իշխանաւորներուն, որոնք Հայաստանը հասցուցած էին անդունդի եզրին։

Հայրենիքը վտանգուած, ազգային գոյատեւելիութիւնը խնդրական դարձած, հայուն համբերանքը ունէր իր սահմանը։ Նաեւ հայուն ազատատենչութիւնը ունէր իր խոստումը – փրկել հայրենիքը, ապահովել ժողովուրդը, վերահաստատել ազատութիւնը։ Գերակշռողը ազատութիւնն էր, ոչ թէ խոհեմութիւնը։ Յանդգնութիւնն էր, ոչ թէ երկչոտութիւնը։ Հայաստանի Հանրապետութեան Շիրակի մարզպետ Կարօ Սասունիի բառերով, «Երբ դանակը հասաւ ոսկորին, հայ ժողովուրդի խոհեմութիւնը տեղի տուաւ ազատագրական պոռթկումին: Ու տեղի ունեցաւ Փետրուարեան ապստամբութիւնը:»

Օտարամուտ պոլշեւիկեան իշխող խաւին դէմ ապստամբութենէ տարբեր միջոց չէր մնացած։ Ապստամբութեան պարտադրանքի մարտահրաւէրը վերցնելով, հայ ժողովուրդը վճռեց ապստամբիլ։ Ապստամբեցաւ  ոչ թէ փաստելու իր գոյութիւնը, այլ հաստատելու իր հաւաքական լինելութիւնը՝ իբրեւ հայրենիք եւ ազգութիւն։

Պէտք է ընդգծել։ Ապստամբութիւնները կը պարտադրուին ժողովուրդի մը։ Պայմանները կը ստեղծեն ապստամբութիւնը, ոչ թէ անհատները։ Ձայնն ու կամքը անլսելի դարձած ժողովուրդին կը մնայ միայն ապստամբութեան լեզուն։

Երբ հայրենիքն ու ազգը քանդելու իշխանաւորներու կամայականութիւնը օրէնքի վերածուի, ժողովուրդին համար ապստամբութիւնը կը վերածուի իրաւունքի։

Այս պայմաններու տակ, ապստամբելու փոխարէն լռութեան եւ համակերպումի մեղքը շալկողներ կը դառնան պարզապէս երկչոտներ, մինչեւ իսկ անպիտանիներ։

Հայանալու եւ դարձեալ հայանալու առաքելութիւնը մեր պատմութեան փորձառութեան ենթակառոյցի հիմնական ստորոգելին է։ Փետրուարեան ապստամբութեամբ մեր ժողովուրդը նորէն ՀԱՅԱՆԱԼՈՒ վերընձիւղումը նուիրագործեց։ Վերստին հայանալով ան նոյնացաւ Սարդարապատեան հայացումին հետ։

Տարբեր եղած է մեր ժողովուրդը երբ ամէն անգամ հիւծած է հայացումը։ Սակայն ան միշտ վերադարձած է իր առաքելութեան։ Իր մէջ ապստամբած է հայկականութիւնը՝ վերակերտելու համար հայացումը։

Այսպէս, իր փետրաթափուած հայացումով տարբեր էր մեր ժողովուրդը Հայկական Յեղափոխութեան նախօրէին։ Բայց յեղափոխական խոյանքներով ան վերագտաւ դարերով մոռացութեան տրուած իր մարտունակ յատկութիւնը եւ մարտնչեցաւ իրականացնելու հայրենիքի քաղաքական ու տնտեսական ազատագրումը՝ միշտ հայանալու առաքելութեամբ։

Ապա, Հայկական Ցեղասպանութեան արհաւիրքի ծանրութեամբ ընկճուած, տարբեր էր մեր ժողովուրդը Սարդարապատեան ճակատամարտերէն առաջ։ Բայց վերադառնալով իր առաքելութեան ակունքներուն, մահուան գնով դիմադրեց արշաւող թշնամիին, թումբ կանգնեցաւ հաւաքական ոչնչացման դէմ, եւ կերտեց անկախ հայրենիք ու պետութիւն։ Վերստին հայացաւ։

Նոյնպէս տարբեր էր մեր ժողովուրդը 1921-ի Փետրուար 18-ի ապստամբութեան նախորդող երկու ամիսներուն։ Փորձուած էր ընկճել իր ազգային կամքը եւ հաւաքական դիմադրականութիւնը։ Բայց ան ծառացաւ օտարածին իշխանութեան մը դէմ՝ վերահաստատելու համար իր ազատութիւնը եւ ազգային արժանապատուութիւնը։ Ապստամբութիւնը դարձաւ վերստին հայանալու պայքարը։

Նաեւ տարբեր է մեր ժողովուրդը այսօր։ Պարտութեան մատնուած, տնտեսապէս քայքայուած եւ իր սեփական պետութենէն ամէն յոյս կտրած, մեր ժողովուրդը պատած է խոր թմբիր մը, ուր կը դատարկուին ու կը քանդուին հայացման բոլոր կռուանները։

Հարիւր տարի ետք։ Մեր ժողովուրդը դարձեալ կը դիմակայէ դուրսէն դրածոյ եւ արտաքին պատուէրներ գործադրող իշխանութիւն մը, որ իր կամայականութիւնները վերածած է օրէնքի, միանձնեայ որոշումներով հայրենիքի անվտանգութեան սպառնացող հողեր կը յանձնէ թշնամիին, կը կազմաքանդէ բանակը, կ՚այլասերէ ու կ՚ապազգայնացնէ մեր հաւաքական հիւսուածքը, կը նեխէ հայութեան քաղաքական մարմինը...։

Այս պայմանները միայն կը մղեն ժողովուրդը դէպի ապստամբութիւն։ Ներկայ իշխանաւորները այլ միջոց չեն թողած ժողովուրդին՝ բացի ապստամբութենէն։

Այս պայմաններով կրկին անգամ ապստամբութիւնը կը պարտադրուի մեր ժողովուրդին։ Եւ այս պարտադրանքը հիմա դարձած է ժողովրդային իրաւունք։

Այս անգամ, ապստամբութիւնը թէ՛ իրաւունքն է, թէ՛ պարտաւորութիւնն է ժողովուրդին։ Մեր հաւաքական լինելութեան նժարին դրուած է հայրենիքի փրկութիւնը եւ ազգին գոյութիւնը։

Հայրենիքը պէտք է ապրեցնել, ազգը պէտք է ինբնահաստատել ապստամբութեան ճամբով, որպէսզի վերստին հայանայ հայրենի եւ սփիւռքի հայը։

Ճանապարհը պարտադրուած է՝ ապստամբութենէ ապստամբութիւն, որպէսզի վերակերտուի հայացումը։

 

 Սեդօ Պոյաճեան

Փետրուար 17, 2021

Լոս Անճելըս