կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-20 23:16
Սփյուռք

Անոնք ազգ-բանակ են. Սեդօ Պոյաճեան

Անոնք ազգ-բանակ են. Սեդօ Պոյաճեան

Աշխարհի չորս ծագերուն՝ իրենց ցուցական նախաձեռնութիւններով, քարոզչութեամբ եւ քաղաքական, կապերով, անոնք զարկերն են հայրենիքին։

Օտար ափերուն, թրքական ու ազերիական հարուածներու դէմ դիմադրող՝ անոնք պահակներն են հայրենիքի շահերուն ու հայութեան ապահովութեան։ Անոնք պաշտպաններն են հայրենիքի դիւանագիտական կեդրոններուն։

Հայրենիքէն դուրս բայց հայրենիքով սնանող՝ անոնք հաւատարիմ զինուորներն են Հայոց Բանակին եւ դիւանագիտութեան։

Անոնք Սփիւռքը կազմակերպող ուժն են։

Հայ զինուորը սարսափն է ազերիին ու թուրքին՝ հայրենիքի սահմանին վրայ, անոնք սարսափն են Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ՝ Միջին Արեւելքէն Եւրոպա, Հիւսիսային Ամերիկայէն Հարաւային Ամերիկա եւ մինչեւ Աւստրալիա։

Անոնք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդական միութիւններն են։ Անոնք ազգ-բանակ են։

Բայց լուռ են ու լուռ կը մնան հայրենի կառավարութիւնը եւ մամուլը...։

Սեդօ Պոյաճեան