կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-04-20 09:56
Սփյուռք

Թող այս ապրիլ 24-ը վերածուի իշխանափոխութեան․ Սեդօ Պոյաճեան

Թող այս ապրիլ 24-ը վերածուի իշխանափոխութեան․ Սեդօ Պոյաճեան

Մեծ Եղեռնի յիշատակման օրը կը մօտենայ։ Ժողովուրդը հաւատարմօրէն պիտի կատարէ իր պարտականութիւնը, պիտի մատուցէ իր յարգանքը, պիտի վերանորոգէ պահանջատիրական պայքարը շարունակելու իր ուխտը։ 

Բայց ժողովուրդը յուսախաբ է, ընդվզում ունի իր սրտին մէջ, զայրոյթը կ՚եռայ երակներուն մէջ։ 

Լաւ հասկնանք ժողովուրդին զգացումը։ Աչքերը բանանք եւ Ցեղասպանութեան յիշատակման այս տարին գէթ մէկ անգամ տեսնենք տիրող իրականութիւնը, ուր ժողովրդային զգացումին թիրախը միայն Թուրքիան չէ։ Ժողովուրդին հիասթափութիւնը, ընդվզումը  եւ զայրոյթը հաւասարապէս ուղղուած է մեր պետական ղեկավարութեան դէմ։ 

Եւ արդարացիօրէ՛ն։ 

Տիրող իրավիճակը միայն մռայլ չէ, այլ՝ ողբերգական։ 

Ժամանակին եթէ մտահոգուած էինք երկրի եւ ժողովուրդի գոյատեւելիութեամբ, այսօր հարցը Հայաստանի եւ հայրենի ժողովուրդի գոյութեան հարցն է։ 

Այս վտանգաւոր կացութեան գլխաւոր պատասխանատուն ղեկավարութիւնն է։ Օտար ուժերու պատուէրով առաջնորդուող մարդոց յանձնուած է պետութեան ղեկը։ Մարդիկ, որոնք բթացած ուղեղով, ապաշնորհ կարողութեամբ ու ապիկար գործելաոճով կը քանդեն ու կը քանդեն պետութեան կառոյցները, կը սնանկացնեն ու կը սնանկացնեն տնտեսութիւնը, կը ջլատեն ու կը ջլատեն հայրենի սահմանները։ 

Այս մարդոցմէ շատերը ապահով գոհունակութեամբ կը դիտեն իրենց ապագան՝ շնորհիւ Ամերիկեան եւ Եւրոպական դրամատուներուն մէջ պահ դրած իրենց հարիւր հազարաւոր թէ միլիոնաւոր տոլարի հաշիւներով։ Եւ կը շարունակեն ձգտիլ իշխանութեան վրայ մնալու՝ իրենց դրամատնային հաշիւները աւելի յղփացնելու ակնկալութեամբ։ 

Մի քանի օրէն, Ապրիլ 24-ի յուշատօնին առիթով այս մարդիկը իրենց կառավարական եւ խորհրդարանական ղեկավարներով աներեսաբար ելոյթներ պիտի սարքեն ի յիշատակ մեր նահատակներուն։ Անոնք պիտի պղծեն մեր նահատակներուն սրբութիւնը։ Անոնք, անցեալի նման, պիտի դաւաճանեն մեր նահատակներուն կտակը։ 

Բայց մեր ժողովուրդը, գէթ այս տարի, մէկ բռունցք դառնալով պէտք է արգիլէ այս փերեզակ առաջնորդները, որպէսզի չկարողանան կրկին շահագործել մեր ազգային յիշողութիւնը։ 

Այս մարդիկը իրաւունքը չունին բառ մ՚իսկ խօսելու մեր նահատակներու մասին։ 

Ժողովուրդը իր ըմբոստ յատկութեամբ եւ յեղափոխական աւանդով պարտաւոր է լռեցնել այս մարդոց։ 

Ոչ միայն լռեցնել, այլ ամենայն յանդգնութեանբ արգիլել անոնց մուտքը Ծիծեռնակաբերդ։ 

Ժողովուրդը պէտք չէ սպասէ Յունիսի ընտրութիւններուն։ Ժողովուրդը պարտի այս Ապրիլ 24-ը վերածել իսկական, գործնական իշխանափոխութեան...։

 Սեդօ Պոյաճեան

Ապրիլ 19, 2021