Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ին Սուրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ ճանչցաւ ու դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս առիթով «Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, Սուրիական - Հայաստանեան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Յանձնաժողովի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեանի հետ
«Գանձասար»- Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը նախապէս ալ արծարծուած էր Սուրիոյ խորհրդարանէն ներս, այս անգամ, սակայն, խորհրդարանը քայլ մըն ալ առաջ երթալով ցեղասպանութիւնը ճանչցող ու դատապարտող որոշում գոյացուց: Ինչպիսի՞ զարգացումներու հետեւանքով այս յառաջընթացը արձանագրուեցաւ:
Նորա Արիսեան- Նախքան 13 Փետրուար 2020-ի Սուրիոյ խորհրդարանի նիստին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւին օրակարգի վրայ տեղ գտնելը, 20 Յունուար 2020-ին, Սուրիական-Հայաստանեան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Յանձնաժողովը, որ հեղինակն է ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի նախագիծին, գումարեց իր արտակարգ նիստը, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը լայն քննարկման առարկայ դարձաւ: Այնուհետեւ, յանձնաժողովը նիստին տեղեկագիրը ներկայացուց խորհրդարանի նախագահութեան, որպէսզի խորհրդարանական ժողովի օրակարգի կէտ դառնայ ան: Պէտք է ընդգծել, որ 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, խորհրդարանը յատուկ նիստ տրամադրած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի քննարկման: Միւս կողմէ, սոյն նստաշրջանին, տարբեր առիթներով, կարգ մը երեսփոխաններ դատապարտման հարցին արձագանգած էին:
«Գ.»- Դուք, ձեր մասնագիտութեան բերումով, ուսումնասիրած էք Հայոց Ցեղասպանութեան առընչուող Սուրիոյ վաւերագրական արխիւները, մամուլը, սուրիացի մտաւորականներու վկայութիւնները եւ այլն: Այդ բոլորը ինչպիսի՞ արժէք կը ներկայացնեն:
Ն.Ա.- Կը խորհիմ, որ գիտահետազօտական աշխատանքները մեծ դեր ունին հարցերու օրինականացման առումով, մանաւանդ սուրիական աղբիւրները, որոնք անժխտելիօրէն կը վկայեն Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան մասին: Քննարկման ընթացքին անհրաժեշտ էր ներկայացնել սուրիական աղբիւրներ, որոնք արդէն իսկ բազմաթիւ վկայութիւններ կը պարունակեն: Վկայութիւններ, որոնք հիմք հանդիսացան նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող բանաձեւին, որուն մասին աւելի քան մէկ ժամ տեւած ելոյթներով արտայայտուեցան սուրիացի երեսփոխաններ:
«Գ.»- Սուրիոյ խորհրդարանի ճանաչումը կը տարբերի այլ երկիրներու խորհրդարաններու ճանաչումէն, որովհետեւ Սուրիան ու անոր ժողովուրդը վկան են նաեւ ցեղասպանութեան: Աւելի քան 105 տարի անց, երկրի ներկայ պայմաններուն մէջ, ինչ ուղերձներ կը պարունակէ այս ճանաչումը միջազգային ընտանիքին:
Ն.Ա.- Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած բանաձեւին մէջ յստակօրէն կ’օգտագործուի «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառեզրը եւ զայն դատապարտելու ու ճանչնալու հանգամանքը: Կարեւոր հնչեղութիւն ունեցաւ նաեւ բանաձեւին մէջ Խորհրդարանին կոչը ուղղուած աշխարհի խորհրդարաններուն եւ միջազգային հանրութեան՝ ճանչնալու եւ դատապարտելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բանաձեւը կը պարունակէ մարդկային, քաղաքական եւ իրաւական ուղերձներ:
kantsasar.com