կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-30 19:31
Աշխարհ

Սուրիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան միաձայնութեամբ ճանաչումը պատմական խորապատկերի վրայ

Սուրիոյ կողմէ  Հայոց ցեղասպանութեան միաձայնութեամբ ճանաչումը պատմական խորապատկերի վրայ

Հինգշաբթի` 13 փետրուար 2020-ին, Սուրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ բանաձեւ ընդունեց՝ ճանչնալով եւ դատապարտելով 20րդ դարու սկիզբին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը:

Օրէնսդիր իշխանութեան կողմէ սա առաջին քայլը չէր Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտելու ուղղութեամբ:

Անպայման պէտք է յիշել, որ 2015ին Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առթիւ Սուրիոյ խորհրդարանը հատուկ նիստ գումարեց քննարկելու համար ցեղասպանութեան դատապարտման հարցը, եւ խորհրդարանի նախագահը իր յայտարարութեան մէջ դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա երեսփոխանները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը:

Իսկ ներկայ նստաշրջանին` 2016էն ի վեր, տարբեր առիթներով քանի մը անգամ կարգ մը երեսփոխաններ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը արծարծած են, ինչպէս՝ դոկտ. Նորա Արիսեան, Նիտալ Հմետի, Սամիր Հաժժար, Ալան Պաքըր եւ Օմար Արուպ:

Եղելութեան սկիզբը մեկնարկեց 20 յունուար 2020ին, երբ Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խորհրդարանական յանձնաժողովը գումարեց իր արտակարգ նիստը, ուր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը լայն քննարկման առարկայ դարձաւ, եւ, դառնալով Ցեղասպանութեան ճանաչման ընդունուած բանաձեւի նախագիծի հեղինակ, նիստին տեղեկագիրը ներկայացուց խորհրդարանի նախագահութեան, որպէսզի խորհրդարանի նիստին օրակարգի կէտ դառնայ:

Արդարեւ, Սուրիոյ խորհրդարանի հինգշաբթի` 13 փետրուար 2020ի տասներորդ նիստին օրակարգի վրայ տեղ գտաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը:

Քննարկման սկիզբը խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապաղ հատուկ ելոյթ ունեցաւ` շեշտելով թրքական նոր յարձակապաշտութեան մասին, որ հիմնուած է գարշելի ցեղապաշտական օսմանական մտածողութեան վրայ, եւ յիշեցուց Էրտողանի նախնիներուն կողմէ կատարուած գարշելի ոճրագործութիւնը: Ան իր ցաւն ու վիշտը արտայայտեց ցեղասպանութեան ենթարկուած բարեկամ հայ ժողովուրդին նկատմամբ:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդը ընդունեց Օսմանեան կայսրութեան դաժանութենէն մազապուրծ փրկուածները, որոնք Սուրիոյ մէջ գտան ապաստան եւ մասնակցեցան Սուրիոյ կեանքին:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ ժողովուրդներու նկատմամբ ցեղասպանութեան դաժան յանցագործութիւնները վաղեմութիւն չունին, նշելով, որ մարդկութիւնը պարտաւոր է բարոյապէս, քաղաքականապէս եւ մարդկայինօրէն ճանչնալ այդ ոճրագործութիւնը եւ չհերքել զայն, յայտնելով, որ աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը ոչ միայն պատմական իրողութիւն է, այլեւ մարդկութեան պատմութեան վրայ սեւ հետք, որ կը յիշեցնէ այսօրուան սիոնական ոճրագործութիւնները։ Հետեւաբար անոր դատապարտումը, չնայած ան հայ ժողովուրդին համար կարեկցանքի արտայայտութիւն է, բայց միաժամանակ ան մարդկութեան խղճի մաքրում է յանցագործութենէ, եւ զայն չդատապարտողը մեղսակից կը համարուի:

Նախագահը նշեց, որ դատապարտումը եւ ճանաչումը եւս մէկ կարեւոր նշանակութիւն ունի՝ կանխել որեւէ դաժան ուժ, ներառեալ Էրտողանի ռեժիմը, որ կը համարձակի իրականացնել նման սարսափելի յանցագործութիւն:

Ապա, աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած ելոյթներուն ընդմէջէն, Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւորները արտայայտեցին իրենց թեզերը եւ զօրակցութիւն յայտնեցին բանաձեւին:

Նշենք, որ բանաձեւին մէջ յստակօրէն կ’օգտագործուին «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը եւ զայն դատապարտելու ու ճանչնալու հանգամանքը:

Երբ նախագահը քուէարկութեան դրաւ բանաձեւը, խորհրդարանի պատգամաւորները միաձայնութեամբ քուէարկեցին եւ բուռն ծափերով ողջունեցին անոր ընդունումը:

Բանաձեւին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի. «Սուրիոյ խորհրդարանը կը դատապարտէ եւ կը ճանչնայ 20րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած հայերու ցեղասպանութիւնը: Ան նաեւ կը դատապարտէ պատմական իրողութիւնը ժխտող եւ խեղաթիւրող որեւէ փորձ` զայն համարելով մարդկութեան դէմ ամենածանր ոճիրներէն մէկը:

Խորհրդարանը իր խոր զօրակցութիւնը կը յայտնէ բարեկամ հայ ժողովուրդին: Խորհրդարանը նաեւ կը հաստատէ, որ հայերը, ասորիները եւ սուրիացի ժողովուրդի այլ մասնիկները զոհ դարձան այդ ժամանակաշրջանին թուրք-օսմանցիներու ձեռքով գործադրուած ջարդերուն եւ ցեղային զտումին, եւ կոչ կ’ուղղէ աշխարհի խորհրդարաններուն եւ միջազգային հանրութեան՝ զայն ճանչնալու եւ դատապարտելու»:

Այստեղ պէտք է արձանագրել, թէ Սուրիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ճանաչումը կ’ընդգրկէ թրքական գործօն՝ Սուրիոյ մէջ մղուած հակաահաբեկչական պատերազմի շրջագիծին մէջ, ուր ակնյայտ դարձաւ Թուրքիոյ յարձակողական իսկական դիմագիծը:

Միւս կողմէ միաձայնութեամբ դատապարտումը հարկ է նաեւ դիտարկել պատմական խորապատկէրի վրայ, որ դրսեւորուեցաւ երեսփոխաններու ելոյթներուն ընդմէջէն, ուր անոնք շեշտեցին, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը մեծ նշանակութիւն ունի, քանի որ սուրիացի ժողովուրդը առաջինն էր, որ հիւրընկալեց հայ մազապուրծ ժողովուրդը այն ժամանակաշրջանին, երբ ինք նաեւ կը տառապէր թրքացման քաղաքականութենէն:

Նման բանաձեւ ընդունիլը կարեւոր հանգամանք կը կրէ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան վկաներու կողմէ ընդունուած որոշում, ինչպէս նաեւ արդարութեան եւ իրաւունքի վերադարձի արտայայտութիւն:

Վերջապէս, բանաձեւին ընդունումը կարելի է դիտարկել իբրեւ Սուրիոյ օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչներու զօրակցութիւն Հայ դատի եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հատուցման պահանջ։

Նորա Արիսեան

Սուրիո Արաբական Հանրապետութեան  խորհրդարանի անդամ

ԽՄԲ. - Յօդուածագիրը Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ է եւ Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խորհրդարանական յանձնաժողովի Նախագահ։ 

«Դրօշակ», թիվ 4 (1638), ապրիլ, 2020 թ.