|
Փոխարժեքներ
29 09 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 363.34 |
| EUR | ⚊ | € 413.19 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.3043 |
| GBP | ⚊ | £ 481.64 |
| GEL | ⚊ | ₾ 139.53 |
Հինգշաբթի, 20 յունիս 2019-ին, վեհափառ հայրապետը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի սուրիական գրասենեակի փոխպատասխանատու Անթուան Լահհամի հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի դարձեալ Սուրիոյ հարցով զբաղող պատասխանատու դոկտ. Միշել Նսէյրը:
Շուրջ երկու ժամ տեւած աշխատանքային հանդիպումին նպատակն էր Սուրիոյ քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքներուն միջեւ երկխօսութեան ու գործակցութեան հարթակ մը պատրաստել, որպէսզի կարելի ըլլայ նպաստել Սուրիոյ վերականգնումի հոլովոյթին: Յիշեալ ծրագիրին իրագործման շուրջ վեհափառ հայրապետը ներկայացուց իր պատկերացումը` նկատի ունենալով ընդհանրապէս շրջանին եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումները:
Սոյն խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին Ժընեւի մէջ: