Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Թրքական ներխուժումը` Սուրիա, արդէն իսկ սկսած է ենթարկուիլ որոշ ձեւափոխումներու: Ամերիկեան լքումին եւ ռուսական լռութեան միջեւ զօրքերը դէպի Սուրիա տեղաշարժած Թուրքիան այժմ իր յայտարարողական յոխորտանքներուն ոչ համարժէք իրավիճակի մէջ սկսած է յայտնուիլ: Յստակ է սուրիական զօրքերու տեղաշարժը դէպի հիւսիս` Թուրքիոյ հետ սահմանին երկայնքով:
Յայտարարողական եւ պատժամիջոցներու դիմելու եւրոպական սպառնալիքները գրեթէ համընթաց են ամերիկեան կեցուածքներուն: Այսինքն, նախ թոյլատրել ներխուժումը գետնի վրայ, ապա պահանջել գործողութիւններու դադրեցումը, անյապաղ թրքական զօրքերու դուրս բերումը Սուրիայէն:
Նախ Եւրոպական Միութեան ղեկավար պետութիւններէն Գերմանիան էր, որ նման յստակ պահանջով հանդէս եկաւ: Ապա, պաշտօնական Հռոմը պարզ դարձուց, որ իր երկիրը պիտի արգիլէ Թուրքիոյ ուղղուած զէնքի մատակարարումները:
Ֆրանսայի պետութեան պաշտօնական բանբերները պարզ դարձուցին, որ սպառազինութեան կասեցման առընթեր Ֆրանսան պիտի մեծցնէ իր դիւանագիտական ջանքերը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ համախոհ իր գործընկերներուն հետ` սերտ համակարգումով Եւրոպական Միութեան, ՕԹԱՆ-ի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի շրջագիծին մէջ` ապահովելու համար Թուրքիոյ ներխուժման անյապաղ դադրեցումը:
Մինչ, Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ֆետերիքա Մոկերինին յայտարարեց, որ ռազմական գործողութիւններու ուղղակի հետեւանքը ՏԱՀԵՇ-ի վերածնունդն է:
Ներխուժումէն ետք հնչած այս ահազանգներն ու սպառնալիքները գետնի վրայ հզօր ազդեցութիւն գործելու շատ հնարաւորութիւններ չունին: Ազդեցիկ գործօնները հիմնականին մէջ ռուսականն է ու ամերիկեանը, որոնք յայտնաբար համաձայնած են հիւսիսային շրջանի քրտական տարածքները մաքրազտել: Մաքրազտման գործիքի դերը վստահած են Թուրքիոյ: Մէկը տարածքը լքելով, միւսը լուր դիտելով ռազմական իրադարձութիւններու զարգացումը: Խաղի կանոնները այս ձեւաչափին վրայ հիմնած են երկու գերտէրութիւնները:
Ռազմախաղի այս կանոններուն հետեւելով է, որ կը մշուշազերծուի հետեւեալ բանաձեւը: Թրքական կողմը գոհ է, որ իր առաջադրած անվտանգութեան գօտին կը քրտաթափուի, սակայն քրտական զինեալ ուժերը կը փոխարինուին ոչ թէ թրքականով, այլ` սուրիականով: Թուրքիոյ չ՛արտօնուիր նոյնիսկ սուրիական հակակառավարական ուժերուն վերահսկողութեան տակ յանձնել այդ տարածքները:
Ներխուժման առաջադրանքները այս ընթացքով կը ձեւափոխուին աւելի ճիշդը կ՛առարկայանայ այն, ինչ որ համաձայնած է ռուս-ամերիկեան գերտիրութիւնը:
Եւրոպան, այս պարագային Հռոմով, Պերլինով թէ Փարիզով պարզապէս գերտիրութեան որոշումներուն ընդառաջ արձագանգումներ կը կատարէ: Չմոռնանք, որ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարը պարզ դարձուցած էր, որ իրենք կ՛ըմբռնեն Թուրքիոյ սանձազերծած ռազմական գործողութիւններու նպատակը եւ աւելի՛ն ` ընդունելի կը նկատեն զայն:
Հաւանաբար այդ համաձայնութեան կայացման կ՛ակնարկէր Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարը, երբ կը յայտարարէր, որ սուրիական պատերազմը աւարտած է: Այդ յայտարարութենէն բաւական ետք էր, որ կը սկսէր Անգարայի ներխուժումը` պատերազմի նոր տեսքով: Այսինքն` պատերազմի աւարտը ազդարարող գործողութիւններով:
Մեծ հարցականը հետեւեալն է. պայմանաւորուածութիւնները որքան կիրարկելի կը դառնան, երբ առնչուած հիմնական կողմ է Անգարան,որ ո՛չ միայն տարածքները քրտաթափելու եւ քրտական զինեալ գործօնները աշխարհագրականօրէն միաւորելու գործընթացը չէզոքացնելու միտումը ունի, այլ նաեւ տարածաշրջանին մէջ անշրջանցելի ներկայութիւն դառնալու օրակարգ:
Չի բացառուիր, որ ներխուժած թրքական եւ տեղակայուող սուրիական զօրքերուն միջեւ արձանագրուին բախումներ: Այդ պարագային է հաւանաբար, որ կը խախտի ռուսական լռութիւնը:
«Ա.»
aztagdaily.com