Փոխարժեքներ
16 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.2 |
EUR | ⚊ | € 422.2 |
RUB | ⚊ | ₽ 4 |
GBP | ⚊ | £ 506.57 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.7 |
«Ժողովուրդները ի վերջոյ տէր են մնում ոչ թէ նրան՝ ինչ որ նրանց տրւում է, ինչ որ մուրում են, այլ միայն նրան՝ ինչի որ արժանի են, ինչ որ սեփական ուժերով ապահովել են կարողանում»
Գարեգին Նժդեհ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, 2015 թուականի Յունուար 1-ին, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ պետական յատուկ արարողութեամբ հրապարակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրը։
Հռչակագրի եզրափակիչ հատուածը կը հաստատէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը կարեւոր հանգրուան է պատմական արդարութեան համար մղուող պայքարը շարունակելու եւ միաժամանակ կոչ կ՚ուղղէ հայ սերունդներուն պաշտպան կանգնիլ հայրենիքին եւ աննահանջ պայքարով ծառայել յանունՀայաստանի Հանրապետութեան եւ անկախ Արցախի յառաջընթացի ու հզօրացման։
Համայն հայութեան ազգային իղձերը պարփակող այս հռչակագրի հրապարակումէն ուղիղ 8 տարի ետք, անկատար կը մնան իղձերը. ազատագրուած Արցախի աշխարհագրական մէկ հատուածը բռնագրաւուած է եւ հայաթափման սպառնալիքի ենթակայ է, իսկ ազգովին՝ երկփեղկուածութեան մատնուած ենք։
Առկայ է պահանջատիրական երթէն դասալիքներու խմբաւորում մը, որուն նպատակն է հայ ազգը զինաթափել իր արդար իրաւոունքներու վերատիրանալու յանձնառութենէն։ Յաղթական մեր խրոխտ երթը՝ ներկայ դրութեամբ խարխափած ու խորտակուած է։
Կանգնած ենք փանթուրանական ծաւալապաշտական գալարապտոյտին մէջ ջրամոյն դառնալու վտանգին դիմաց, ծրագիր՝ որ կը նպատակադրէ անէացման ենթարկել Հայաստանն ու իր բնօրրանին մէջ արարող հայութիւնը, ի սպառ կործանման մատնել Հայաստանի ու Արցախի պետականութիւնները:
Արցախեան պատերազմէն ետք, հետագայ բացասական ու աղէտալի զարգացումները կանխելու համար այսօր էական է վերստին համախմբուիլ ու ազգի ռազմաքաղաքական ներուժով դիմադրութեան ու պայքարի պատնէշներուն վրայ կանգնիլ։
Ներկայ իշխանութիւններու օրով, Արցախեան Բ. Պատերազմի նախօրեակին, 2020 թուականի Յուլիսին հրապարակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան վերախմբագրուած հայեցակարգը, որուն հիմնական նպատակն է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու անվտանգութիւնը եւ որպէս աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի հայրենիք անոր պաշտպանութիւնը։
Ի դէպ, վերոնշեալ հայեցակարգի բովանդակութեան մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան յատկացուած է լակոնական ենթաբաժին մը, մի քանի ժլատ եզրաբանութիւններով, ուր ոչ մէկ յիշատակում կայ Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ գործադրուած եղեռնագործութեան հետեւանքներուն գծով իրաւական պահանջներու թղթածրարի՝ հատուցման մասին։ Մէկ խօսքով, հայ ժողովուրդի, ցեղասպանութեան անմիջական հետեւանք համասփիւռ հայութեան հատուցման իրաւական պահանջը՝ այս իշխանութեանց քաղաքական օրակարգէն դուրս մղուած է։
Անցնող տարիներուն, ՀՀ գործող իշխանութիւններու կողմէ հատուցման հարցը սքողելու փորձութիւնը զուգահեռ կ՚ընթանայ թուրք-ատրպէյճանական ռազմաքաղաքական ճնշումներու դիմաց իրերայաջորդ զիջումներու, որոնց հետեւանքները կրելու ենք ազգովին։
Մեր գոյատեւելիութեան յարատեւ ընթացքը պայմանաւորուած է Սեւրի պայմանագրի վերընձիւղմամբ, որպէս իրաւատիրական անբեկանելի փաստաթուղթ, որպէս համազգային մեր իղձերու ու կամքի սեւեռակէտ։
Արցախի հիմնահամարցը հայոց պահանջատիրութեան ընդհանուր պարունակի կարեւոր բաղադրիչներէն է եւ երբ անցեալ դարավերջին համահայկական պոռթկումով սկիզբ առած ազատագրական պայքարը կ՚արդիւնաւորուէր յաղթանակով, այդ պատմական իրագործումը ինքնին կ՚ամրագրէր ու կը կոփէր պահանջատիրութեան շղթան՝ Հայոց արեւելեան սահմաններու ռազմավարական ամրակուռ յենարան Արցախի ազատագրումով։
Այսօր, երբ աշխարհաքաղաքական բարդ պայմաններու ներքեւ կը դիմագրաւենք բազում մարտահրաւէրներ, ժամանակն է, որ հայրենիքի ու Սփիւռքի մեր ողջ ներուժը ի սպաս դնենք ազգի գոյատեւելիութիւնը լիարժէքօրէն կենսագործելու գերագոյն նպատակին եւ այդ մէկը առաջին հերթին մեզի կը պարտադրէ միասնութիւն մէկ ճակատի վրայ, որպէսզի մեր պետականութեան ինքնիշխանութեան, անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան և սահմաններու անձեռնմխելիութեան պահպանմանելու ուղղութեամբ նպատակաուղղուած ու համակարգուած ճիգերը արդիւնաւորուին։
Մեր պարտքն է, 2020 թուականի պատմական փորձութենէն ետք, կռանել ազգային գաղափարախօսութեամբ տոգորուած մարտունակ սերունդ, որ անվկանդ շարունակէ հայութեան պատմական իրաւունքներու վերատիրացման արդար պայքարն ու հայրենատիրութեան առաքելութիւնը։
«Հորիզոն»ի Խմբագրական