կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-01-23 13:44
Սփյուռք

Սուրիոյ Իսկէնտէրունի Վարչատարածքին Մասին 1947-ին Գրուած CIA-ի Գաղտնի Տեղեկագիրը

Սուրիոյ Իսկէնտէրունի Վարչատարածքին Մասին 1947-ին Գրուած CIA-ի Գաղտնի Տեղեկագիրը

Նախաբան

80 տարի առաջ, թուրք-ֆրանսական քաղաքական դաւադիր պայմանաւորուածութեամբ, Սուրիոյ պատկանող Իսկէնտէրունի մարզային վարչատարածքը կցուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան։

11-14-րդ դար Իսկենտէրունի տարածքը մաս կազմած է Կիլիկիոյ Հայկական թագաւորութեան, որուն պատճառով մինչեւ 20-րդ դար այնտեղ գոյատեւած են հայկական բնակավայրեր, որոնցմէ ամենէն մեծն էր Մուսալեռը։

Ա. Աշխարհամարտէն ետք ֆրանսական իշխանութեանց հոգատարութեան տակ գտնուող Իսկէնտէրունի մարզային վարչատարածքի բնակչութեան մէջ տոկոսային փոքրամասնութիւն կազմած են թուրքերը։

Ազգերու Լիկայի միջնորդութեամբ 1938-ին վարչատարածքին տրուած է ինքնավարութիւն եւ անուանուած է Հաթայի ինքնավար պետութիւն։ Ինքնավար մարզի օրէնսդիր խորհրդարանի ընտրութիւններուն ընթացքին թուրքերը ստացած են 22 աթոռ, ալաուիները՝ 9, հայերը՝ 5, սիւննի արաբները՝ 2, յոյն ուղղափառները՝ 2։ Թուրք-ֆրանսական դաւադիր համագործակցութեամբ, վարչատարածքի բնակչութեան 39%-ը կազմող թուրքերը կը ստանային խորհրդարանի աթոռներու 55%-ը։ Այս իրադարձութեան յաջորդող 1939-ին կազմակերպուած ժողովրդային հանրաքուէով մը վարչատարածքը դարձեալ ընտրական խարդաւանանքներու զոհ դառնալով վերջնականապէս կը կցուէր Թուրքիոյ։

Երկրորդ Աշխարհամարտի վաղորդայնին բեւեռացած քաղաքական թէժ կրկէսին մէջ, Իսկէնտէրունի վարչատարածքը զոհ կը դառանար Անգլիա-Ֆրանսա ընդդէմ Գերմանիա-Իտալիա միջերկրական աւազանի տիրապետութեան մրցակցութեան։ Ըստ քաղաքական վերլուծաբաններու, ֆրանսացիներու կողմէ Իսկէնտէրունի զիջումը՝ Թուրքիոյ չէզոք դիրք պահելու եւ Գերմանիոյ հետ դաշինք չկազմելու երաշխաւորագիրն էր։

Բռնակցուած վարչատարածքը յաջորդող տասնամեակներուն ծրագրուած ձեւով կը վերաբնակեցուի թուրքերով։

Ըստ 1936-ի ֆրանսական վիճակագրութեանց, Իսկէնտէրունի 220 հազար բնակչութեան ժողովրդագրական պատկերը հետեւեալն էր.

46% արաբ (ալեւի եւ սիւննի արաբ)
39% թուրք
11% հայ
8% յոյն, ասորի եւ այլ քրիստոնեաներ
4% չերքէզներ, քիւրտեր եւ հրեաներ

Հայ բնակիչներու ընդհանուր թիւը այս վիճակագրութեան մէջ 24 հազար է, մինչ այս յօդուածի գլխաւոր նիւթը հանդիսացող ԱՄՆ Կեդրոնական Հետախուզութեան Վարչութեան 28 Փետրուար 1947 թուակիր «Հաթայի հարցը» զեկոյցին մէջ հայերու տոկոսային թիւը 13% է, իսկ ընդհանուրը՝ 29 հազար։ Նշենք, որ վարչատարածքի ամենէն բազմամարդ հայկական բնակավայրը հանդիսացող Մուսալեռի բնակչութեան թիւն էր՝ 4600 («Յուշամատեան Մուսա Լերան»)։

Կեդրոնական Հետախուզութեան Վարչութեան գաղտնի տեղեկագիրը

Տեղեկագիրը կը կրէ 28 Փետրուար 1947 թուականը եւ արձանագրուած է որպէս Կեդրոնական Հետախուզութեան խումբի (Central Intelligence Group) գաղտնի զեկուցագիր։ ԱՄՆ-ի վերոյիշեալ պետական ապահովական կառոյցը վեց ամիս ետք վերանուանուած է Կեդրոնական Հետախուզութեան Վարչութեան (Central Intelligence Agency – CIA)։

Տեղեկագիրը կը սկսի այն հաստատումով, որ ըստ շրջագայող տարաձայնութիւններու, Սուրիա կը պատրաստուի Հաթայի հարցը բարձրացնել Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդին մօտ կամ Արդարութեան Միջազգային Դատարանին մօտ։ Իր կարգին, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան քարտուղարը կ՚ակնկալէ, որ նման կացութեան մը պարագային, Ուաշինկթըն իբրեւ Անգարայի դաշնակից, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի նիստին Սուրիոյ ի նպաստ չքուէարկէ։ Քարտուղարը կ՚աւելցնէ, որ Թուրքիա պատրաստ է որոշ զիջումներ կատարելու, երբեք չհրաժարելով Հաթայի ամբողջականութեան պահպանումէն։

Զեկուցագիրը կը նշէ, որ թէ՛ Դամասկոս եւ թէ՛ Անգարա տնտեսական եւ ռազմագիտական տեսանկիւնէն Իսկէնտէրունը կարեւոր կը նկատեն։ Սուրիոյ համար վարչատարածքը կը հանդիսանայ դէպի հիւսիս բացուելու ամենէն կարեւոր ելքը եւ Իսկէնտէրունի համարժէք ու լիակատար գործող ոչ մէկ այլ նաւահանգիստ կայ Սուրիոյ ծովեզերեայ տարածքին։ Թուրքիոյ համար Իսկէնտէրունը հարաւային ծովային սահմանագօտին պաշտպանող պարիսպն է, որուն զիջումը կրնայ նախընթաց հանդիսանալ, որպէսզի Խորհրդային Միութիւնը իր կարգին հողային պահանջներ ներկայացնէ Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելեան կարգ մը տարածքներու գծով։

Անդրադառնալով 1936-ի Ֆրանքօ-սուրիական դաշնագրին, զեկուցագիրը կը գրէ, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի խոստացուած անկախութեան դիմաց, Անգարան կը պահանջէ Իսկէնտէրունը։ Հարցը ի վերջոյ կը դրուի Ազգերու Լիկայի դատաստանին։ 29 Մայիս 1937-ին, Ազգերու Լիկային կողմէ նշանակուած քննչական յանձնախումբ մը կը հրապարակէ վարչատարածքի կանոնագրի եւ հիմնական օրէնքներու նախագիծը, ըստ որուն, Հաթայ վերանուանուելով Իսկէնտէրունը կը դառնայ ինքնավար շրջան, որ իր սահմանի մաքսային վարչական գործերը կը համադրէ Դամասկոսի հետ։ Վարչատարածքի արտաքին քաղաքականութեան վերահսկողութիւնը կը յանձնուի Դամասկոսի, եւ 40 աթոռ ունեցող խորհրդարանին մաս կը կազմեն սուրիացի եւ թուրք ժողովուրդները, ինչպէս նաեւ բոլոր ազգային փոքրամասնութիւնները։ Տեղեկագիրը այստեղ կը նշէ, որ այս համաձայնագրին համամիտ գտնուած են բոլոր կողմերը, իսկ համաձայնագրի ստորագրումէն անմիջապէս ետք թրքական կողմը ամէն ճիգ ի գործ դրած է, որպէսզի խորհրդարանի աթոռներուն մեծամասնութեան տիրանայ։

Տեղեկագիրը կարեւորութեամբ կ՚անդրադառնայ, որ ֆրանսացիները լռելեայն հակամէտ էին տարածքը ամբողջութեամբ Անգարային յանձնելու, որպէսզի Արեւելեան Միջերկրանի վրայ «բարեկամ» Թուրքիա մը ունենան։

Տեղեկագիրը նաեւ կը հաստատէ, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Հաթայի ոչ թուրք բնակչութեան թուաքանակը աւելի էր, Անգարայի սադրանքներուն եւ յատկապէս ֆրանսացիներու թրքական դաւերն ու խարդաւանանքները չտեսնել ձեւացնելուն՝ աթոռներու թիւով խորհրդարանին մէջ թուրքերը կը գերազանցէին։ Հաթայի ինքնավար վարչատարածքի գոյութիւնը նուազ քան մէկ տարի տեւեց, որմէ ետք, 1939-ին ֆրանսացիները իրենց պարտաւորութիւնները աւարտած համարելով հեռացան շրջանէն, իսկ նոյն տարուան Յուլիս 23-ին, առանց Ազգերու Լիկայի համաձայնութեան՝ վարչատարածքը կցուեցաւ Թուրքիոյ։

Զեկուցագիրը կը վկայէ, որ 1939-էն ի վեր, արաբներու եւ հայերու զգալի թիւ մը հեռացած է Հաթայէն։ Ամերիկեան տեղեկագիրը նաեւ անհիմն կը գտնէ թրքական յաճախակի պնդումները, թէ վարչատարածքը երկար ժամանակներէ ի վեր մեծամասնութեամբ թուրքերով բնակուած է։

Թրքական բանակի բարձր հրամանատարութեան համար, Փոքր-Ասիոյ բարձրաւանդակի հարաւը երիզող Տաւրոսեան լեռնաշղթայի եւ Թուրքիոյ ամբողջ Միջերկրականեան ափի պաշտպանուածութիւնը պայմանաւորուած է Իսկէնտէրունով։

Կեդրոնական Հետախուզութեան խումբը կը հաստատէ, որ Անգարա կը հաւատայ, որ սուրիական կողմին հետ որեւէ փոխ-զիջումային քայլ՝ նախընթաց պիտի հանդիսանայ, որ Խորհրդային Հայաստանն ու Խորհրդային Վրաստանը, իրենց կարգին, տարածքային յաւակնութիւններ ներկայացնեն եւ ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող հսկայ տարածքներ պահանջեն։

Հաւանական զարգացումներ

Կեդրոնական Հետախուզութեան խումբը իր տեղեկագիրը կ’եզրափակէ, գրելով որ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը անպաշտօն ձեւով տեղեակ պահած է սուրիական կողմը, որ պատրաստ է փոքր ծաւալի սահմանային սրբագրութիւններ կատարելու եւ Իսկէնտէրունի նաւահանգիստը Դամասկոսի համար օգտագործելի դարձնելու։

Վերլուծելով իրերու դրութիւնը, տեղեկագրին հեղինակները կը գրեն, որ հաւանական փոխ-զիջումային տարբերակ մը կրնայ ըլլալ այն, որ Թուրքիան Սուրիոյ յանձնէ Իսկէնտէրունի վարչատարածքին մէջ Ասի գետի ձախ ափը, ուր կը գտնուի Անտիոք քաղաքը։ Նաեւ մտավախութիւն կը յայտնէ, որ հարցը կրնայ որպէս «վայրի խաղաքարտ» օգտագործուիլ Խորհրդային Միութեան կողմէ, որուն գործակալները կրնան այս հարցով հրահրել տարածաշրջանը։

Վերջին տողերով, տեղեկագիրը յոյս կը յայտնէ, որ աւելի հանդարտ ժամանակներու մէջ, երկու երկիրներու ներկայացուցիչները բանակցութիւններու սեղանին վրայ նոր տարազի մը ձեւաւորման կարենան յանգիլ։

***

Թուրքիոյ կողմէ բռնակցումէն ետք, Սուրիոյ պատմութեան կրթական ծրագիրներուն մէջ Իսկէնտէրունի վարչատարածքը մնաց Սուրիոյ աշխարհագրական քարտէսի պետական սահմաններու մէջ ներառուած, իսկ քաղաքական գետնի վրայ՝ Իսկէնտէրունի հարցը Սուրիոյ իշխանութիւններուն կողմէ յաճախ պիտի օգտագործուէր իբրեւ քաղաքական «վայրի խաղաքարտ», յատկապէս այն ժամանակահատուածին, երբ Դամասկոսի հովանիին ներքեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ կը գործէր Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը։ 1998-ին, Սուրիա թրքական եւ միջազգային ճնշումներու ներքեւ PKK-ի ղեկավար Օջալանին յանձնեց Թուրքիոյ։

Երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական ձիւնհալի եւ մեղրալուսնի ժամանակաշրջանը սկսաւ 2003 թուականին, երբ երկու երկիրները կնքեցին առեւտրական կարեւոր համաձայնագիրներ, միաժամանակ Իսկէնտէրունի տարածքին մէջ հոսող Որոնդէս գետին վրայ Թուրքիա-Սուրիա Բարեկամութեան ամբարտակի կառուցման վիթխարի ծրագրի պայմանագրի նախագիծը ստորագրեցին։ Այս զարգացումներուն ընթացքին, Պաշշար Ասսատ յստակօրէն ազդանշանը կու տար Էրտողանին, որ նոյնիսկ եթէ պաշտօնապէս սահմանային հարցը անլոյծ կը մնար, Դամասկոսի համար Իսկէնտէրունի հարցը այլեւս առաջնահերթ չէր։ 2009-ին եւ 2010-ին, երկու երկիրները նոյնիսկ զինուորական միացեալ ռազմափորձեր կատարեցին։

2011-ի Սուրիոյ պատերազմը եկաւ յեղաշրջելու բոլոր հաշիւները եւ 2003-2011 Սուրիա-Թուրքիա քաղաքական մեղրալուսինը կը հասնէր իր աւարտին, երբ Թուրքիա սուրիական իշխանութիւններուն դէմ կտրուկ քաղաքական դիրքորոշում որդեգրեց։

2014-ի Մարտ 21-ին, Անգարայի կողմէ հովանաւորուող Al-Nusra Front-ի, Sham al-Islam-ի եւ Ansar al-Sham-ի ծայրահեղ իսլամ ահաբեկչական խմբաւորումներու զինեալները Հաթայի տարածքէն Քեսապի վրայ յարձակեցան եւ թրքական բանակի հրետանիի օժանդակութեամբ գրաւեցին Քեսապը։ Պատմութիւնը ծանօթ է բոլորին։ Սուրիոյ պատերազմի ողջ տեւողութեան, Անգարայի կողմէ Հաթայը օգտագործուեցաւ Սուրիոյ հակակառավարական ահաբեկչական խմբաւորումները սպառազինելու նպատակով։

Սուրիոյ պատերազմի բռնկումէն ի վեր, այսօր կը գործէ «Իկէնտերունի ազատագրման ժողովրդային ճակատը», որ ըստ անպաշտօն տուեալներու, ունի Դամասկոսի կողմէ հովանաւորուող 5000 զինեալներ։

horizonweekly.ca

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ