կարևոր
2101 դիտում, 10 ամիս առաջ - 2023-12-09 16:21
Հասարակություն

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 133-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւն Մարսէյի մէջ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 133-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւն Մարսէյի մէջ

Մարսէյի «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի հրաւէրով, Շաբաթ երեկոյեան շուրջ 200 հիւրեր ներկայ գտնուեցան L’Acte 12 թատերասրահ, նշելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 133-րդ տարեդարձը:

Այս տարի, Արցախի դիմագրաւած բռնագրաւման ու ցեղային զտումներուն պատճառու, ինչպէս նաեւ առ ի յարգանք Արցախի զոհերուն ու Ազրպէյճանական բանտերուն մէջ պատանդ պահուող մեր հայրենակիցներուն, կոմիտէն որոշեց համեստ ձեռնարկով փոխարինել աւանդութիւն դարձած ընթրիքը։

Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց ընկերուհի Լենա Արապօղլեան հայերէնով եւ ընկհ. Թալին Առաքելեան ֆրանսերէնով:

Բացման խօսքին մէջ անդրադառնալով ՀՅԴ պատմութեան, կ’ըսուէր.«Սիրելի ընկերներ, այսօր ՀՅԴաշնակցութիւնը, ես եմ, դուն ես, մեր պատանիներն են, մեր «Նոր սերունդ»ական երիտասարդները, մեր ընկերները… ՀՅԴ-ն` հայ լեզուն ու պատմութիւնը փոխանցող ուսուցիչն է, հայ պարն ու երգը պահպանող համազգայնականն է, մեր հայ դատը պաշտպանող իւրաքանչիւր ընկերն է»։

Ապա, օրուան բանախօս` ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ և France Armenia-ի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Մարտիրոսեան, նկարագրեց ներկայ իրավիճակը եւ ներկայացուց մեր կուսակցութեան տեսլականը:

Այնուհետեւ Արևմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հրաչ Վարժապետեան խօսք առնելով՝ յիշեցուց հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան համար մղուող պայքարի կարեւորութիւնը՝ դատապարտելով Հայաստանի իշխանութիւններու զիջումներըը, որոնք լայն ճանապարհ բացին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւման։

Ընկերը նաեւ յիշեց, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Դաւիթ Իշխանեանը, որը նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահն է, եւ որ տակաւին գերի է Ազրպէյճանի մէջ։ Ընկ. Վարժապետեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ ընկ. Իշխանեանը պատանդ բռնուելէ առաջ իսկ, արդէն հաստատած էր, որ ինք Արցախը լքող վերջին անձը պիտի ըլլայ եւ թէ չի կրնար լքել իր ժողովուրդը եւ փախչիլ։ Անոր խիզախութիւնը մեզի համար օրինակ եւ հպարտութեան աղբիւր է` հաստատեց բանախօսը։

Գեղարուեստական ​​յայտագրով հանդէս եկան մեր երիտասարդ ու տաղանդաւոր պատանիները, որոնք ասմունքեցին, նուագ ներկայացուցին հայկական քանոնի վրայ եւ երգիչին ընկերակցեցան յեղափոխական երգերով:

ՀՅԴ պատմութեան մասին տեսերիզի ցուցադրութենէ ետք, յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ՝ այդ առիթով յատուկ Փարիզէն ժամանած Յարութ Լափաճեան: Երգերը հպարտութեամբ ընդունուեցան հանրութեան կողմէ։

ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէ
Մարսել, 5 դեկտեմբեր, 2023թ.