Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Պաքուի կողմէ Ղարաբաղաադրբեջանաան համայնքին բանակցութիւններու ներգրաւման մասին կատարուող բարձրաձայնումները հակադարձութիւն են պաշտօնական Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադարձի հայկական կողմի առաջադրանքին։
Գաղթականներու հարցը արծարծ պահելու Պաքուի քաղաքականութիւնը պատմական ունի։ Անիկա ուղղուած չէ միայն միջազգաին ընտանիքին՝ ուշադրութիւն գրաւելու, մարդասիրական զանազան ծրագիրներէ օգտուելու եւ միջազգային հանրային կարծիքին վրայ զգայուն ալիքներ հաղորդելու համար։
Ուրեմն, ըստ ԵԱՀԿ 1992թ. Մարտ 24-ի Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթին, հակամարտութեան կողմեր են ՀՀ-ն, Ազրպէյճանը, ինչպէս նաև ԼՂ ընտրուած և այլ ներկայացուցիչներ։ «Այլ» ձեւակերպումը Պաքուն կը շահագործէ իր շահերէն մեկնած մեկնաբանութիւններ հրապարկայնացնելով։
Երկրորդ. ՀՀ-h և Արցախը երբեք չեն ընդունgած ԼՂ ազրպէյճանական համայնք ձևակերպումը, թեև այդ համայնքի ներկայացուցիչները միտ անուղղակի ձեւով ներկայացուած են բանակցութիւններուն 1994-97։ Այդ ներկայութիւնը եղած է ազրպէյճանական պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կազմելով։ Իբրեւ անկախ միաւոր ղարաբաղաադրբեջանական համայնքը երբէք չէ մասնակցած որեւէ բանակցութեան։ .
Ադրբեջանը երբեք չէ ընդունած ԼՂ-ի բանացկային կողմ ըլլալը, թէեւ բանակցած է եռակողմ ձևաչափով 1994-97։
Ադրբեջանի մարտավարությունը հետևեալը եղած է միշտ. կամ կը բանակցին ՀՀ-ն և Ազրպէյճանը, հետևաբար՝ ԼՂ հարցը տարածքային վէճ է երկու պետութիւններու միջև Կամ, եթե ՀՀ-ն կը խօսի Լեռնային Ղարաբաղի մասին, ապա ԼՂ-ի մէջ կայ երկու համայնք։
Հայկական կողմի մեկնաբանութիւնը՝ ղարաբաղաադրբեջանական համայնքը բանակցային ձեւաչափին չներառելու առումով քաղաքականօրէն ընկալելի է։ Այդ կարգավիճակը ունեցող ազրպէյճանցիները մասնակցած են Ազրպէյճանի ընտրութիւններուն․ հետեւաբար բանակցող Ալիեւը կը ներկայացնէ նաեւ զիրենք։
Այժմ Ղարաբաղաադրբեջանական համայնքի անունով Թուրալ Կանճայեւը, որ կը ներկայանայ իբրեւ այդ համայնքի նախագահ միջազգային ընտանիքին անուղղակի հասցէագրուած ուղերձներ կը հրապարակէ, թէ իրենք պատրաստ են հայերուն հետ խաղաղութեամբ գոյակցելու Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սահմաններուն մէջ հակարմարտութեան լուծումէն ետք։
Ազրպէյճան կը փորձէ լիարժէք օգտագործել գաղթականներու տուն դարձի իրաւունքի սկզբունքը, Ստեփանակերտի բանակցային սեղանի միացման առաջադրանքին հակադրելով գաղթականական միաւորի մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը։ Մինչդեռ գաղթականներու տուն դարձի խնդիրը չի կրնար միակողմանի բնոյթ ունենալ։Անկախ անկէ, որ բանակցային կէտերուն այս հարցը ներառուած է տարբեր փաստաթուղթերու ՝ մատրիտեան, նորացուած մատրիտեան, կազանեան, լավրովեան, թէ ԵԱՀԿի տարբեր յայտարարութիւններուն մէջ։ Հայ գաղթականներ կան Ազրպէյճանէն եւ հիւսիսային Արցախէն բռնատեղահանուած կամ ուղղակի փախած Պաքուի կազմակերպած ջարդերէն։
Հայկական կողմը բոլոր պատճառները ունի աշխուժօրէն արծարծելու Պաքուի ջարդարար քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք հայ գաղթականներու տուն դարձի իրաւունքը, միջազգային տարբեր ատեաններու մօտ։Եւ այդ հարցի արծարծման առընթեր բարձրացնելու՝ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու Արցախի հանրապետութեան վերակցման առաջադրանքը։
Շահան Գանտահարեան