Փոխարժեքներ
11 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.15 |
EUR | ⚊ | € 423.5 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.97 |
GBP | ⚊ | £ 506.82 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.07 |
ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ բողոքագիրներ յանձնեցին Լիբանանի մէջ օտար դիւանագիտական ներկայացուցչությւններու.
Արցախի շրջափակման 100-րդ օրուան առիթով, ՀՅԴ աշխարհասփիւռ երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցներուն կազմակերպած ցոյցերու եւ բողոքի արտայայտութեան շրջագիծին մէջ, այսօր ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) եւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) անդամներ այցելեցին Լիբանանի մէջ գտնուող օտար երկիրներու 6 դեսպանատուներ, որոնք են՝ Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Ռուսիա, Գերմանիա, Նետերլանտներ եւ Զուիցերիա, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի կեդրոնատեղիներ։
ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի կողմէ տուեալ երկիրներու դեսպաններուն յանձնուեցան բողոքագիրներ։
Բողոքագիրին մէջ հաստատուած էր հետեւեալը. «12 դեկտեմբեր 2022-ին ազրպէյճանցի այսպէս կոչուած բնապահպաններ փակեցին Բերձորի միջանցքը (Լաչինի միջանցք), որ Արցախը (Լեռնային Ղարաբաղ) Հայաստանին եւ ամբողջ աշխարհին կապող միակ ճամբան է։ Այս արարքէն 100 օր ետք Արցախը Հայաստանին կապող կեանքի ճամբան տակաւին կը մնայ փակ՝ Ազրպէյճանի բռնատիրութեան կողմէ, որ լկտիաբար կ՚անտեսէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին ու Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կայացուցած վճիռները։ Այս իմաստով շատ յստակ է, որ միջազգային ընտանիքը բաւարար եւ ազդու ճնշում չի բանեցներ Պաքուի վրայ՝ կասեցնելու համար իր ցեղասպան, ցեղային մաքրագործումի, եւ անուղղակի բռնագաղթի ենթարկելու քաղաքականութիւնը, որ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան ուխտի բռնաբարումն է։
Կոչ կ՚ուղղենք, որ ձեր երկրի կառավարութենէն պահանջէք անմիջական, խիզախ եւ վճռական միջամտութիւն մը կատարել՝ նկատի ունենալով Արցախի հայութեան դիմագրաւած գոյութենական սպառնալիքը։
Կոչ կ՚ուղղենք նաեւ, որ վերահաստատէք Արցախի բնիկ ժողովուրդին ազգային ինքնորոշման իրաւունքը, որ Հելսինքեան հռչակագիրով հիմնական սկզբունքն է շրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատումին, յատկապէս եթէ լուսարձակի տակ առնենք նախապէս Ազրպէյճանի գործած պատերազմական ոճիրները՝ 2020-ին Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք։
Պա՛հն է գործադրելու համար Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին ու Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կայացուցած վճիռները»։