կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-23 11:54
Սփյուռք

Հանրաքուէի իրաւունքը անշրջանցելի է

Հանրաքուէի իրաւունքը անշրջանցելի է

Կը գտնուինք ճակատագրական անկիւնադարձի մը առջև, որմէ անդին ՀՀ քաղաքացիի սահմանադրական իրաւունքներն են, որոնք կը դրուին նժարի վրայ։ Հետևաբար կարևոր է, որ ազգը ընդհանրապէս և ՀՀ հանրութիւնը մասնաւորապէս իրենց ուշադրութիւնը սևեռեն զարգացող իրադարձութիւններու բնոյթին և հետևանքներուն վրայ։ Խօսքը կը վերաբերի «Սահմանադրական Փոփոխութիւններու» այն փաթեթին, զոր ՀՀ Ազգային Ժողովը վաւերացուց երէկ ինքզինք ակնյայտօրէն դուրս դնելով  խորհրդարանական  իրաւասութիւններու հաստատուած նորմերէն։ Նժարին վրայ կը գտնուի ՀՀ դատա-իրաւական համակարգի սահմանադրական հեղինակութիւնը։ Այսինքն՝ որպէս երրորդ իշխանութիւն գործելու իր բանալի հանգամանքով։ Եւ նժարի վրայ է պետութեան կեանքէն ներս եռեակ իշխանութիւններու տարանջատութեան կենսական սկզբունքը։

Ի՞նչ պատահեցաւ։ ՀՀ Սահմանադրութիւնը – ինչպէս ամէն ապրող սահմանադրութիւն --  կենդանի օրգանիզմ է։ Ան մէկ կողմէ պիտի տնօրինէ երկրին իրաւական կեանքը և միւս կողմէ քայլ պիտի պահէ յեղաշրջուող իրականութեան պահանջներուն հետ։ Ըսենք ի սկզբանէ, որ ՀՀ Սահմանադրութիւնը, նախատեսելով փոփոխութիւններու այսօրինակ հաւանականութիւնը, հաստատած է փոփոխելիութեան երեք տարբեր ռեժիմներ, որպէսզի ամէն նման նախաձեռնութիւն ձևաւորուի սահմանադրական նորմերու շրջագծին մէջ և երկրի իրաւական գործընթացը զերծ մնայ քաոսային վերիվայրումներէ։ Առաջին ռեժիմին կը պատկանին այն յօդուածները, որոնք -- որևէ՛ պատճառով -- ենթակայ չեն կրնար ըլլալ փոփոխութեան։ Երկրորդ ռեժիմին մաս կը կազմեն այն յօդուածները, որոնք կրնան փոխուիլ , բայց այն պայմանաւ՝ որ խորհրդարանին կողմէ առաջարկուող փոփոխութիւնները ի վերջոյ դրուին հանրաքուէի և հետևաբար ստանան ՀՀ հանրութեան ուղիղ և բացայայտ հաւանութիւնը։ Երրորդ ռեժիմին ենթակայ են այն յօդուածները, որոնք կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ ՀՀ Ազգային Ժողովին կողմէ շարք մը կանոնակարգուած մեծամասնութիւններու տուեալներով։ 

ՀՀ Սահմանադրութեան 7-րդ գլուխը, որ կը տնօրինէ ՀՀ դատա-իրաւական ոլորտի գործունէութիւնը, բացայայտօրէն մաս կը կազմէ վերոյիշեալ երկրորդ ռեժիմի տրամաբանութեան։ Պարզ խօսքով, կարելի չէ դատա-իրաւական մարզին մէջ որևէ սահմանադրական փոփոխութիւն իրագործել առանց դիմելու ՀՀ քաղաքացիին։ Այսինքն՝ առանց հանրաքուէի։ Չկայ օրինական ուժ, որ կարենայ փոխել Սահմանադրութեան յստակ հրահանգը այս մարզին մէջ։ Խորհրդարանը կը ներկայացնէ ժողովուրդին կամքը և սակայն՝ հանրային պատուիրակումի (delegation) սկզբունքո՛վ միայն։ Ժողովուրդը գործ վստահած է խորհրդարանին առանց լիովին հրաժարելու իր ուղիղ իրաւասութիւններէն։ Հանրաքուէի պայմանը հանրութեան յատուկ գործիքն է որոշ բանալի հարցերու մէջ վերջին խօսքը ինքզինքին վերապահելու։ Եւ այդ գործիքը զետեղուած է այն իսկ գործիքակազմին մէջ, որ կը կոչուի սահմանադրութիւն և որ միշտ և յաւիտեան կը պատկանի հանրութեան՝ հաստատուա՛ծ նոյնինքն հանրաքուէի միջոցով։ Երկրի օրէնսդիր, գրոծադիր և դատական իշխանութիւնները – առա՛նց բացառութեան – կը գտնուին ՀՀ Սահմանադրութեան ամբողջական ենթակայութեան մէջ։ Անոնք չեն կրնար յաւակնիլ որևէ աւելիի և չեն կրնար ըլլալ աւելի վեր քան ՀՀ Սահմանադրութիւնը։ Փորձել ըլլալ աւելին համազօր է յանցագործութեան։

ՀՀ Ազգային Ժողովի քննարկումներու զեկոյցէն կը կրեմ այն տպաւորութիւնը, որ ներկայ օրէնսդիր իշխանութեան ղեկավարութիւնը կը գիտակցի վերոյիշեալ սահմանադրական սահմանափակումներուն...ղեկավարութիւնը կը փորձէ հիմնաւորել խորհրդարանի այս մեծապէս խնդրայարոյց քայլը քորոնա ժահրի «ֆորսմաժորային» պայմաններով...Յստակացնեմ, որ «ֆորսմաժորային» եզրոյթի գործածութենէն խուսափած է զեկուցագիրը, բայց ըստ էութեան այդ գերբացառութեան կանոնն է, որ ըստ էութեան առաջ կը քաշուի։ 

Այլ խօսքով, մենք՝ մեծամասնականներս գիտենք, թէ իրաւունք չունինք հանրաքուէի պայմանը շրջանցելու։ Բայց մենք մեծամասնութիւն ենք և կրնանք առկախել այդ կանոնը, քանի որ համաճարակը անհնարին կը դարձնէ հանրաքուէի կայացումը։ Եւ քանի որ պետութիւնը կը գտնուի «սահմանադրական ճգնաժամ»ի կացութեան մէջ, մենք «իրաւունք» ունինք սահմանադրական պայմանը առկախելու և հանրութեան իրաւասութիւններու հաշւոյն որոշում կայացնելու...Եւ այս վերջինը ընելու՝ կապտելով հանրութիւնը ԻՐ սահմանադրական ոսկեայ հակակշիռէն...ՀՀ Ազգային Ժողովի ղեկավարութեան պատճառաբանութիւնը աւելի ևս խնդրայարոյց կը դառնայ, երբ նկատի կ՚ունենանք այն իրողութիւնը, որ երկրէն ներս արտակարգ դրութեան ռեժիմի երկարաձգումն ալ մնացած է խորհրդարանի տնօրինութեան։ Հետևաբար կը գտնուինք այն անհեթեթ կացութեան մէջ, որ կարծեցեալ «սահմանադրական ճգնաժամ»ի մը հարցը լուծելու պատրուակով երկիրը կը դնենք աւելի մեծ սահմանադրական ճգնաժամի մը առջև...

Պարզ է, որ ասիկա բացարձակապէս անընդունելի է ՀՀ Սահմանադրութեան ներկայ նորմերով։ Որևէ խորհրդարանական մեծամասնութիւն իրաւունք չունի այսպէս վարուելու ՀՀ Սահմանադրութեան հետ։ Ես համոզուած եմ,  որ այդպիսին չէր խորհրդարանի սկզբնական դիտաւորութիւնը։ Ի՞նչն է սակայն, որ այդպիսին դարձուց այս կարևոր նախաձեռնութիւնը։ Այս մարզին մէջ, հանրութիւնը պէտք ունի շատ աւելի հանգամանաւոր բացատրութեան։ ՀՀ Սահմանադրութիւնը երկրի տնօրէն օրէնքի ամէնօրեայ հսկողութիւնը յանձնած է ՀՀ Նախագահին։ Պր. Նախագահը՝ ի՛նքն է, որ պիտի խորազննէ այս թնճուկը և լուսաբանէ հանրութիւնը անյապաղ։ Ի՞նչ պատահեցաւ։ Ինչո՞ւ ԱԺ ղեկավարութիւնը գնաց այս քայլին քաջ գիտնալով, որ թէ՛ խորհրդարանական և թէ՛ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը կը մերժէր այս թերի գործընթացը։  Ինչպէ՞ս կարելի էր ֆորսմաժորային որևէ նախաձեռնութիւն տանիլ որոշման առանց ապահովելու մասնակցութիւնն ու զօրակցութիւնը երկրի ընդդիմադիր ուժերուն։ 

Բնական է, որ պետութեան մը կեանքին մէջ ժամանակ առ ժամանակ պիտի յայտնուին բացառիկ պայմաններ, որոնք պիտի պահանջեն յատուկ որոշում։ Կրնան դիւրաւ յայտնուիլ վայրկեաններ, երբ Սահմանադրութիւնը կրնայ իսկապէս անբաւարար նկատուիլ։ Այդ վայրկեաննե՛րն են սակայն, որ աղաղակող կը դարձնեն կենսականութիւնը ազգային միասնականութեան։ Բացառիկ և ստիպողական պայմաններու մէջ, ՀՀ Սահմանադրութեան այս կամ այն կէտը ժամանակաւորապէս յատուկ կիրառման ենթարկել համազգային զօրաշարժի տուեալներո՞վ...Այո՛, ազգը կրնայ գտնուիլ այդ հարցին առջև։ Եւ սակայն -- կը կրկնե՛նք -- այդ բանը կը պահանջէ ազգային մեծատարած համախոհութիւն ՀՀ Նախագահի անձնական միջամտութեամբ։ Դժբախտաբար այդ չէ, որ տեղի ունեցաւ երէկ։  Այն ինչ, որ տեղի ոնեցաւ տխուր բացայայտումն էր հանրապետութեան կոտորակուած քաղաքական իրականութեան, որ արդէն կը հարուածէ հիմքերը ՀՀ ժողովրդավարութեան։ Հանրաքուէն ժողովուրդին վերջին անցարգելն է բոլոր հաւանական կամայականութիւններուն դէմ։ Ան ժողովուրդն է յստակ և մեկին։ Կարելի չէ շրջանցել զայն առանց ժողովուրդի վստահելի կամարտայայտութեան։

 

Կարօ Արմենեան