կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2019-12-28 12:41
Հասարակություն

Գամիշլիի մէջ հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ յիշատակուեցաւ ՀՅԴ 129-րդ ամեակը

Գամիշլիի մէջ հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ յիշատակուեցաւ ՀՅԴ 129-րդ ամեակը

«Նուիրում եւ ծառայութիւն ազգին եւ հայրենիքին»։ 129 տարի շարունակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եղաւ հայ ժողովուրդին յուսալի ապաւէնը, հայ ազատագրական շարժման աննկուն ռահվիրան եւ Հայ Դատին աննահանջ ուխտակիրը, հայութեան հետ հայութեան միջոցով եւ հայ ժողովուրդին պայծառ ապագային ի խնդիր։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ կառչած մնալ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն, մշտական հետեւողութեամբ հետապնդելով Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտման իր հեռանկարը։

Այս հաւատքով, Չորեքշաբթի 25 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 8։00 -ին, Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 129-րդ ամեակի տօնակատարութիւնը, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ արժանապատիւ քահանայ հօր, Պատկան Մարմինին, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան։

Տօնակատարութեան բացումը կատարեց հանդիսավար Յակոբ Պարսումեան, հրաւիրելով ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու մեզմէ առյաւէտ հեռացած դաշնակցականներուն յիշատակը, ի մասնաւորի 2019-ին մահացած ընկ. Կարպիս Մարգէեանի եւ ընկ. Տարօն Յարութիւնեանի յիշատակը։

Ապա հնչեցին Սուրիոյ, Հայաստանի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգները։

Հանդիսութեան բացման խօսքն ու օրուան խորհուրդը արտասանեց բժիշկ Ղուկաս Դարբինեան, որ անդրադարձաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն տարած հսկայ աշխատանքին, յայտնելով որ 1965 թուականը յատկանշական է մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, Եղեռնի յիսնամեակը անկիւնադարձ մը կը հանդիսանայ Սփիւռքի կեանքին մէջ։ Ան ըսաւ, որ 1960-ական թուականներուն Սփիւռքը կ՚ապրէր հոգեփոխութիւն։ Հայութիւնը այդ շրջանին դուրս կուգար իր սահմանափակ քաղաքականութենէն։ 1972-ին կը գումարուէր ՀՅԴ ընդհանուր ժողովը, որ մէկ կողմէ թափ կուտար Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն, իսկ միւս կողմէ կ՚առաջնորդէր առողջ վերադարձը դէպի ազգային յեղափոխական աւանդներ։
Հայ Դատի յանձնախումբերը շուտով կը լծուէին մեծ աշխատանքի։ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը լսելի կը դառնար միջազգային մեծ ու փոքր ատեաններէ։

Իր խօսքի աւարտին, Դարբինեան ողջունեց ԱՄՆ-ի Քոնկրէսին ու Ծերակոյտին միաձայնութեամբ վաւերացումը այն բանաձեւին, որ կը դատապարտէ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Այնուհետեւ յաջորդաբար բեմ բարձրացան գեղարուեստական յայտագիրին մասնակիցները։

«Ձօն Դաշնակցութեան» քերթուածը տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Նուշիկ Տիգրանեան, ապա շարք մը ազգային, յեղափոխական երգերով հանդէս եկան Եւա Մանուկեան-Սելիմեան եւ Ատուր Ադամեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստ Միքայէլեանի։ Անոնք ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին։ Ներկաները միասնական երգերու կատարումով միացան երգիչներուն:

Դաշնակցութեան 129-ամեայ պատմութեան յատկանշական դէպքերու գեղեցիկ համադրումը ցուցադրուեցաւ տեսերիզով մը, պատրաստութեամբ Սեւակ Տիգրանեանի, բժշկհ.Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեանի, Եւա Մանուկեան-Սելիմեանի եւ Խաչիկ Ղուկասեանի։

Հանդիսութեան ընթացքին Մեղրի Ասիլեան Ղուկասեան ասմունքեց իր յօրինած քերթուածը, նուիրուած՝ ՀՅԴ 129-ամեակին։

Անի Սարգիսեան ընթերցեց ՍՕԽ-ի Գամիշլի Մասնաճիւղի ուղերձը՝ ՀՅԴ 129-րդ ամեակին առիթով։

Աւարտին տեղի ունեցաւ այս առիթով պատրաստուած կարկանդակի հատում, որմէ ետք հոգեշնորհ հայր սուրբը իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն։ Ան ըսաւ. «Այսօր կը յիշատակենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 129-րդ ամեակը։ Ամեակը այն կուսակցութեան, որուն բովանդակ պատմութիւնը դարձաւ հայ ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու յարատեւ պայքար։ Դաշնակցութեան ակումբը, ուր որ ալ գտնուի, հաւատքի բերդ մըն է, հայրենի հարազատ տուն մըն է, ուր մտնողները կը շրջապատուին մեր պատմութեան փառքը կերտող հերոսներուն ոգիներով։ Եւ ինչպէս անցեալին անմահ Մուշեղ Իշխանը ըսած էր՝ Աշխարհի մէջ ոչ մէկ ճարտարապետ կրնայ Դաշնակցութեան ակումբէն համահաւասար հոգետուն մը կառուցանել, որովհետեւ անոր ճարտարապետներն ու հիմնադիրները Քրիստափորներու, Ռոստոմներու եւ Զաւարեաններու նման առաքելատիպ հանճարներ էին, որոնք կարողացան իրենց բնակարանին յատակագիծը հայ ժողովուրդին դարաւոր երազին պատկերով մարմնացնել եւ անոր հիմերը խարսխել ուղղակի հայութեան հոգիին վրայ։ Դաշնակցութեան ճառաքայթով լուսաւորուող պատանին, երիտասարդը, ծերունին, բանուորը, արհեստաւորն ու մտաւորականը հաւասարապէս կը տեսնեն իրենց դիմաց կանգնած Արարատին բարձունքը, Սեւանին կապոյտ ծփանքը, Արաքսին փրփրադէզ ալիքները եւ հայ եկեղեցւոյ գմբէթը»։ Ապա հոգեշնորհ հայր սուրբը յատկանշական յուշանուէր մը տուաւ Գամիշլիի Պատկան Մարմինին։

Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ ներկաներուն յեղափոխական երգերու կատարումով։