Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հիւսիսային Սուրիոյ կնճիռը անգամ մը ևս կը դրսևորէ մեծապետական ուժերու կարելիութիւններն ու դիտաւորութիւնները տարածաշրջանի կացութեան լուծում կարենալ բերելու և միաժամանակ իրենց շահերը ապահովելու դժուարին խնդրին մէջ։ Երևոյթները ցոյց կու տան, որ ո՛չ ԱՄՆ և ո՛չ Ռուսաստան տրամադրութիւն ունին մխրճուելու տարածաշրջանային այս ճահիճին մէջ։ Բայց նաև ո՛չ ԱՄՆ և ո՛չ Ռուսաստան պերճանքը ունին քաղաքական այս ճահիճէն հեռու մնալու տրուած ըլլալով, որ անոնք կենսական շահեր ունին տարածաշրջանին մէջ և պատրաստ չեն մէկզմէկու զիջելու իրենց ռազմավարական դիրքերը։
Այս դաժան երկընտրանքը ինքնաբերաբար կ՚առաջնորդէ միջնորդաւորուած քաղաքականութեան զանազան կերպարներու (models)։ Կ՚առաջնորդէ այն բանին, որ Պաղ Պատերազմի տարիներուն կը կոչուէր clientitis (յաճախորդախտ)։ Այսինքն՝ կնճռոտ տարածաշրջանի մը մէջ «հաւատարիմ» և յուսալից գործակիցներ (այսինքն՝ յենարաններ, այսինքն՝ արբանեակներ) ընտրելու գործընթացին...
Եւ բնականաբար առաջին հերթին հարց պիտի տրուի, թէ իսկապէս որո՞նք են այսօր Հիւսիսային Սուրիոյ հողին վրայ կռուելու պատրաստ ուժերը, որոնք կրնան ծառայել այս նպատակին։ ԱՄՆ և Ռուսաստան գիտեն, որ կարելի չէ արուեստական խթանումներով «զինուոր» ստեղծել։ Զինուորը կը ծնի առճակատումներու տարերային գործընթացին մէջ։ Այս առումով, մեծապետական ուժերը զինուոր չեն։ Անոնք հոն են որպէս ռազմախարիսխային բևեռ և հարուածային մեքենականութիւն, որ պէտք ունի իրական զինուորի, որպէսզի կարենայ վերածուիլ իրական ուժի։
Ներկայիս ռազմագետնի վրայ զինուոր հանդիսացող ուժերն են Սուրիական Բանակը, քիւրտերը, Թուրքիան, Իրանը, իսլամ ծայրայեղական խմբաւորումները և յատկապէս Իսլամական Պետութիւնը, որ թրքական խարիսխներէն արդէն սկսած է դուրս բերուիլ յաւելեալ կարողականութեամբ օժտելով Թուրքիոյ հարուածային բռունցքը։ Եւ այսօր մեծապետական ուժերու խնդիրն է որոշել, թէ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ զսպել, ուղղորդել, կառավարել, կարգաւորել և իւրացնել «իժ»երու այս տարերային բոյնը և ի՞նչ նպատակի համար և ի՞նչ գնով։
Բնական է, որ Հիւսիսային Սուրիոյ իրերու ընթացքը իր անխուսափելի հետևանքները պիտի ունենայ աւելի լայն տարածաշրջանի մը կտրուածքով։ Հիւսիսային Սուրիան հզօր ղօղանջներ ունի ամէնուրեք և մեծապետական աշխարհակարգը մեծապէս զգայուն է նաև երկրորդական այս շարժերուն։
Թրքական յառաջխաղացքը, որ ըստ էութեան հակադարձութիւն մըն էր Թուրքիոյ կողմէ վաղուց շեշտուած քրտական սպառնալիքին, այսօր արդէն սկսած է նոր յաւակնութիւններով ներկայանալ։ Քրտական սպառնալիքին դիմաց «անվտանգութեան գօտի» ստեղծելու պատրուակը յանկարծ կը մղէ Թուրքիան համեմատաբար նեղ հողաշերտի մը (15 քմ) ակնկալութենէն անցնելու շատ աւելի լայն գօտիի մը (50 քմ) իւրացման։ Թրքական յարձակողականը այլևս միայն քիւրտերուն դէմ չէ...Ան ուղղուած է Սուրիական ուժերուն դէմ...Ան սկսած է դառնալ «թրքական սպառնալիք» մը Սուրիական հայրենիքին դէմ և յանկարծ փոխուած են խաղաքարտերը։ Թրքական սպառնալիքը այժմ յստակօրէն կը թակէ Իրաքի, Իրանի, Ռուսաստանի և նոյնիսկ Չինաստանի դռները։
Հարց պէտք է տալ, թէ արդեօ՞ք այս էր Նախ. Թրամփի գրաւը իր անակնկալ որոշման ետին...Այսինքն՝ Թուրքիոյ միջոցով աւելի հիմնաւորապէս խարսխուիլ տարածաշրջանին մէջ զոհելով քիւրտերը և վերջ դնելով այս վերջիններու անկախութեան նկրտումներուն։ Պարզ խօսքով, նոր դաշի՛նք մը Նախ. Էրտողանին հետ՝ ի վերջոյ զայն դուրս քաշելով Մոսկուայի հետ մերձեցման իր ներկայ սիրախաղերէն։ Նոր բանաձևու՛մ մը Թուրքիոյ հետ բնական դաշնակիցներ ըլլալու նոր իրականութեան։ Ա՞յս էր Նախ. Թրամփի գրաւը, թէ այս կացութիւնը զարգացաւ ի հեճուկս իր գրաւին զուտ թրքական յաւակնութիւններու և ռազմավարութեան հողին վրայ...հասնելով նոյն տեղը։
Մէկ բան յստակ է այս կէտին վրայ։ Թրքական ներկայ նախայարձակումը պիտի անպայման ծնունդ տայ հակառակորդ նոր ճակատի մը ձևաւորման։ Արդէն կը խօսուի Մոսկուայի հովանաւորութեամբ ստեղծուելիք քիւրտ-սուրիական դաշինքի մը մասին դիմագրաւելու համար թրքական սպառնալիքը։ Յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ ու՞ր կրնայ հաւասարակշռուիլ ներկայ առճակատումը։ Արդեօ՞ք քրտական անկախութիւնը ներքին ինքնավարութեան ձևաչափով պիտի վերապրի ռուսական հովանաւորութեան տակ և թրքական յարձակողականը յաջողապէս ետ մղուի կրկին զլանալով Թուրքիոյ Հիւսիսային Սուրիոյ վրայ տիրապետութիւն հաստատելու իր չարաշուք երազը։ Եւ՝ ԱՄՆ-ը դնելով նոր կացութեան առջև։
Հանրապետական Թուրքիան միշտ դիտած է Հիւսիսային Սուրիան որպէս իր անապահովութեան գօտին։ Միշտ երազած է ունենալ նաև Հիւսիսային Իրաքը իր քարիւղի հարուստ պաշարներով։ Միշտ ապրած է տարածաշրջանը ունենալու պատրանքը՝ առանց քիւրտերու։ Ցեղասպանական քաղաքականութիւնը միշտ եղած է կենսական անհրաժեշտութիւն Թուրքիոյ համար։ Եւ միշտ յուսացած է ունենալ Արևմուտքն ու Ռուսաստանը իր կողքին այս ոճրային երազներու իրականացման համար։
Իր ներկայ քաղաքականութեամբ, ԱՄՆ յստակօրէն կը շարունակէ իր ներկայութիւնը պահպանել տարածաշրջանին մէջ առանց էապէս զիջելով իր հիմնական շահերէն և յաւակնութիւններէն։ ԱՄՆ վերադարձած կը թուի ըլլալ թուրք-ամերիկեան սերտակցութեան, բայց այս անգամ շատ աւելի վտանգաւոր ձևաչափով մը։ Իսկ Ռուսաստան իր հաւանական նոր դաշինքով Սուրիոյ, Իրանի և քիւրտերուն հետ պիտի կրնա՞յ շրջանը վերադարձնել status quo-ի և ինքնաբերաբար կանխել փոթենշըլ ոճիրը գէթ նոր ժամանակաշրջանի մը համար... Եւ ի՞նչ գնով։
Կարօ Արմենեան
Ուաշինկթըն