կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-09-21 15:48
Հասարակություն

Պէտք չէ մսխուի անկախութեան ներուժը

Պէտք չէ մսխուի անկախութեան ներուժը

«21 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991»ը հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման խոր­հուր­դի նշա­նա­կա­լից նո­ւա­ճումն է, 1918ի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պատ­մա­կա­նօ­րէն ան­գե­րա­զան­ցե­լի հռչա­կու­մին մե­րօ­րեայ նո­ւի­րա­գոր­ծու­մը, ո­րուն մէջ մարմ­նա­ցաւ ­Մա­յի­սեան ան­կա­խու­թեան ան­կա­տար մնա­ցած ե­րա­զան­քը ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու, իր հայ­րե­նի­քը պե­տա­կա­նօ­րէն ար­մա­տա­ւո­րե­լու եւ քա­ղա­քա­կանօրէն ամ­րապն­դե­լու հաս­տատ ու միա­կամ ձգտու­մը։

Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մը ար­դէն կը հա­շո­ւէ նո­ւա­ճում­նե­րով եւ բաց­թո­ղում­նե­րով լի 28 եր­կար տա­րի­ներ։ Ա­նոր կող­քին, Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մը, հայ­րե­նի եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու զու­գա­հեռ ըն­թաց­քը պատ­մու­թեան ա­նիւ­նե­րը կը շար­ժէ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ բա­նա­լով միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի մը ե­րա­զան­քը, թէ­կուզ մաս­նա­կիօ­րէն ի­րա­գոր­ծած ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թեամբ, ո­րուն մէջ ամ­բողջ հա­յու­թեան մէկ­տե­ղու­մը հա­յոց հայ­րե­նի­քի ամ­բող­ջու­թեան մէջ, հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քի կար­գա­խօ­սէն ան­դին, պար­տի սե­ւե­ռա­կէ­տը հան­դի­սա­նալ՝ նոր ­Հա­յաս­տա­նը կեր­տե­լու ու­ղիին վրայ։

Այ­սօր ժա­մա­նա­կը հա­սած է այ­լեւս, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տա­նը, Ար­ցա­խը եւ Ս­փիւռ­քը խօ­սին հա­մազ­գա­յին օ­րա­կար­գե­րուն մա­սին։ ­Յա­ճախ ը­սո­ւած ու գրո­ւած ե­ռա­կողմ միաս­նու­թիւ­նը պէտք է իր բա­ղադրիչ մաս­նիկ­նե­րու իւ­րա­յատ­կու­թեան շեշ­տա­ւո­րու­մէն ա­ւե­լի ան­դին եր­թայ եւ ա­նի­կա դառ­նայ ի­րա­րու շա­ղա­խո­ւած, ի­րար սնու­ցող, ի­րար­մէ ուժ ստա­ցող՝ նախ մէկ եւ ամ­բող­ջա­կան գա­ղա­փար, ա­պա հայ ազ­գի ա­պա­գայ ու­ղին բա­ցող մէկ ու ամ­բող­ջա­կան մարմ­նա­ւո­րում։

Ե­թէ այ­սօր հայ­րե­նի ղե­կա­վա­րու­թեան շրթնե­րէն կ­՚ար­տա­սանուի «Ար­ցա­խը ­Հա­յաս­տան է եւ վե՛րջ» անժխ­տե­լի հաս­տա­տու­մը, նոյն­քա՛ն ող­ջու­նե­լի է լսել եւ հա­մազ­գա­յին օ­րա­կար­գին մէջ ա­նոր հա­մա­զօր տեղ ու նշա­նա­կու­թիւ­նը տալ՝ «Ս­փիւռ­քը ­Հա­յաս­տան է եւ վե՛րջ» հրա­ւէ­րին, ուղ­ղո­ւած սփիւռ­քա­ցած ու հայ­րե­նի կա­րօ­տով ապ­րող հսկայ զան­գո­ւած­նե­րուն։

Ե­թէ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը ամ­րօ­րէն կը հա­ւա­տայ, թէ «Ս­փիւռ­քը ­Հա­յաս­տան է եւ վե՛րջ», Ս­փիւռ­քը մա­շեց­նող ի­րա­կա­նու­թեան դի­մաց, ան պար­տի այն­քա՜ն խօ­սուած ու ե­րա­զո­ւած ­Հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը սեր­մա­նել իւ­րա­քան­չիւր սփիւռ­քա­ցած հա­յու սրտին ու հո­գիին մէջ, որ­պէս մեր լի­նե­լու­թեան գրա­ւա­կան ու վերջ­նա­կան հանգ­րո­ւան։

Հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն, ո՛չ միայն ­Հա­յաս­տա­նէն «ան­դարձ» մեկ­նած­նե­րու դէ­պի հայ­րե­նիք վե­րա­դար­ձը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար, այ­լեւ Ս­փիւռ­քի մէջ ար­մատ նե­տած ու ազ­գա­յին ինք­նու­թեան կորս­տեան մատ­նո­ւող հա­յու ո­գին մայր հայ­րե­նի­քի մէկ ու ան­փո­խա­րի­նե­լի տես­լա­կա­նով կեր­պա­րա­նա­փո­խե­լու հա­մար։

Այս­պէս, ­Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Սփիւռք ե­ռա­միաս­նու­թեան ամ­բող­ջա­ցու­մը հրա­մա­յա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն է, այ­լեւս։
Ա­նոր մէջ, իր անվիճելի տե­ղը ու­նի հայ ժո­ղո­վուր­դէն բռնի խլո­ւած պատ­մա­կան հո­ղե­րու ու ա­նոնց վրայ ա­րիւ­նով ու քրտին­քով կեր­տո­ւած ժա­ռան­գու­թեան վե­րա­դար­ձը իր ի­րա­ւա­տի­րոջ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին։

Միաս­նու­թեան ամ­բող­ջա­ցու­մը կը պա­հան­ջէ հա­մա­հայ­կա­կան մտա­ծո­ղու­թեան վրայ փա­րում, հա­մա­հայ­կա­կան ու­ժե­րու լա­րու­մով։ Այն կը պա­հան­ջէ, որ մեր հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեամբ ամ­բա­րո­ւած նե­րու­ժը չի մսխո­ւի, այլ ա­նի­կա վե­րա­նո­րո­գէ մեր սրբա­զան ուխ­տը՝ ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տա­նը իր ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջու­թեամբ ի­րա­գոր­ծե­լու ե­րա­զան­քով։

Ա­մուր կեր­պով պի­տի կառ­չինք մեր հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րին։ ­Բո­լոր ու­ժե­րով եւ միաս­նա­կան ո­գիով պի­տի շա­րու­նա­կենք տէր կանգ­նիլ հա­մազ­գա­յին մեր ուխ­տին։

Միաս­նու­թեան ար­մա­տա­ւո­րու­մը կ­՚ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւի յան­դուգն կեցուածք­նե­րով, ի­րա­պաշտ մօ­տե­ցու­մով եւ շրջա­հա­յեա­ցու­թեամբ, բա­ժա­նա­րար գի­ծե­րու վե­րա­ցու­մով, տես­լա­կան­նե­րու ներշն­չու­մով։

Այս է հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քի միակ ու հայ­րե­նա­կերտ հրա­ւէ­րը՝ ուղ­ղո­ւած հա­մայն հա­յու­թեան։

azator.gr