Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մայիս 18-ին, «Հորիզոն»ի աշխատակից Նազիկ Հանէշեան հեռակապով հարցազրոյց ունեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատին անդամ Պարոնուհի Գարոլայն Գոքսի հետ։
Հարցազրոյցի ընթացքին Պարոնուհի Գարոլայն Գոքս վկայակոչեց Ատրպէյճանի կողմէ գործուած պատերազմական ոճիրները եւ մարդկային իրաւանց խախտման պարագաները։ Միաժամանակ ան իր հիացմունքը արտայայտեց Արցախի ժողովուրդին քաջութեան եւ խիզախութեան հանդէպ, շեշտելով, որ Արցախը արժանի է անկախութեան ճանաչման ։ Հարցազրոյցի աւարտին Պարոնուհի Գոքս կոչ ուղղեց Գանատայի խորհրդարանի անդամներուն, որպէսզի զգօն ըլլան ատրպէյճանական կողմի սադրանքներուն դիմաց։
Պարոնուհի Գոգս 86 անգամ այցելած է Արցախ։ Ան նաեւ բազմիցս Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատին մէջ ելոյթ ունենալով վկայած է Արցախի մէջ Պաքուի կողմէ գործադրուած յանցագործութիւններուն մասին, յատկապէս յատուկ զեկոյցով վկայած է Մարաղայի կոտորածին մասին։
Արցախեան պատերազմի ընթացքին Պարոնուհի Գոքսը նիւթական եւ բարոյական անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերած է շրջափակման մէջ գտնուող արցախահայութեան։ Հրադադարէն ետք, իր գործօն աջակցութեամբ Ստեփանակերտի մէջ հիմնուած է ողնաշարի վնասուածքով հիւանդներու համար վերականգնողական բուժարան։