Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
aztagdaily.com - ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ալի Պեզզիի, հասաւ Ուաշինկթըն, ուր անոնք պիտի մասնակցին Խորհրդարանական ղեկավարութեան ֆորումին, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենան Քոնկրեսի ղեկավարներուն եւ քոնկրեսականներուն հետ:
Ուաշինկթընի մէջ երեսփոխաններ Բագրատունի եւ Պեզզի դիմաւորուեցան Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Կապի Իսայի եւ Խորհրդարանական ղեկավարութեան ֆորումի կազմակերպիչ մարմնի մէկ պատուիրակութեան կողմէ:
Խորհրդարանական ղեկավարութեան ֆորումին շրջագիծին մէջ, երեսփոխան Բագրատունի հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանան – Հայաստան խորհրդարանական կապերու բարելաւումն ու զարգացումը: Քննարկուեցան փոխադարձ այցելութիւններու կարելիութիւնները, եւ Միրզոյեանի փոխանցուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի յատուկ յարգանքը հայ ժողովուրդին եւ անոր Դատին նկատմամբ: