կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-11-07 10:32
Քաղաքական

Լիբանանում հայկական պատգամավորական բլոկի ներկայացուցիչը հանդիպել է ՀՀ արտակարգ եւ լիազոր դեսպանին

Լիբանանում հայկական պատգամավորական բլոկի ներկայացուցիչը հանդիպել է ՀՀ արտակարգ եւ լիազոր դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին, լայն քննարկում կատարուեցաւ Լիբանանի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն:

Բագրատունի նշեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը տարիներէ ի վեր ձայն բարձրացուցած է զանազան բեմերէ եւ քաղաքական ոլորտներու մէջ, ընդդէմ երկրին մէջ տարածուած ընկերային անարդարութեան, տնտեսական շահագործումին, փտածութեան եւ պետական հարստութեանց իւրացումին ու այսօր բնական եւ արդարացի կը գտնէ ժողովրդային ցասումը, եւ մեր ժողովուրդի զաւակները, մեր ընկերները, երիտասարդներ, ուսանողներ թէ տարեցներ, արդէն իսկ քաղաքակիրթ ձեւով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այդ ցոյցերուն:

Երկրի կացութեան ընդհանուր պատկերի քննարկումէն եւ կարծիքներու փոխանակումէն ետք, անհրաժեշտ նկատուեցաւ զգօնութեամբ, Լիբանանի կառուցուածքին իւրայատուկ դրութեան գնահատումով ունենալ այնպիսի կեցուածքներ, որոնք օգտուելով ժողովրդային ցասումի դրական կողմերէն, կը նպաստեն պետութեան հզօրացման, ընկերային արդարութեան հաստատման, փտածութեան կանխարգիլման եւ տնտեսական ու ֆինանսական տագնապի լուծման հոլովոյթին:

Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր առաւելագոյն ճիգը ի գործ կը դնէ յօգուտ երկխօսութեան քաջալերման եւ հարցերը փոխհասկացողութեան ճամբով լուծելու առաջադրանքին` խնայելու համար լիբանանցի ժողովուրդը եւ անոր կարգին հայ քաղաքացիները աննախատեսելի հետեւանքներէ: Միաժամանակ, ան հաստատեց, որ ոչ մէկ ջանք պիտի խնայուի ապահովելու Լիբանանի հայութեան անվտանգութիւնը:

Ազդակ