Փոխարժեքներ
26 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 390.14 |
EUR | ⚊ | € 409.14 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.75 |
GBP | ⚊ | £ 490.8 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.52 |
Պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան համար այս առաւօտ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կը գումարուի Եկեղեցականաց համագումարը։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հաւաքուելէ առաջ հոգեւոր հայրերը ժամերգութեան համար մէկտեղուեցան Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ։ Արարողութեան կը հանդիսապետէ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ են նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ մեր հոգեւորականաց դասու գրեթէ բոլոր անդամները։ Այս պահու դրութեամբ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կը շարունակուի ժամերգութեան արարողութիւնը, որու աւարտին հոգեւոր հայրերը պիտի անցնին Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր տեղի պիտի ունենայ տեղապահի ընտրութիւն։
Ինչպէս ծանօթ է, պետական իշխանութիւններէն եկած անակնկալ նամակով մը տեղապահի ընտրութիւնը, որ նախատեսուած էր անցեալ շաբաթ, յետաձգուած է այսօրուան։ Անխուսափելի թեկնածուներն են Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Ժամերգութեան աւարտին մեր հոգեւորականաց դասը անցաւ Պատրիարքարան, որու դահլիճի երդիքին տակ սկսաւ համագումարի բուն աշխատանքը։ Ժամը ճիշդ 10.25-ին սկսաւ ժողովը, որ կ՚ընթանայ դռնփակ։ Եկեղեցականները ամենայն հաւանականութեամբ մինչեւ կէսօր ընտրած կ՚ըլլան տեղապահը։ Լրագրողները Պատրիարքարանի շէնքի մուտքին իսկ կանգնեցուեցան եւ հոգեւորականները բացարձակ մեկուսացեալ վիճակի մէջ ձեռնարկեցին աշխատանքի։
Ժամանակ