կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-03 23:42
Հասարակություն

Հալեպում տեղի է ունեցել նահատակ Ռաֆֆի Պչաքճեանի դիմաքանդակի բացումը

Հալեպում տեղի է ունեցել նահատակ Ռաֆֆի Պչաքճեանի դիմաքանդակի բացումը

Իր հիմնադրութեան օրէն իսկ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավարները, սեփական օրինակով, նոյնիսկ մահուան գնով, ծառայած են ժողովուրդին:

Արդարեւ, անմար պահելու համար Հալէպի հայկական թաղերու ինքնապաշտպանութեան ղեկավար, նահատակ ընկ. Ռաֆֆի Պչաքճեանի յիշատակը, Երկուշաբթի, 3 Յունիս 2019-ի առաւօտեան, նահատակին արիւնով ոռոգուած Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս, տեղի ունեցաւ նահատակ ընկ. Ռաֆֆի Պչաքճեանի դիմաքանդակին բացումը, ձեռամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, ներկայութեամբ Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեանի, միութենական ընկերներու, քահանայ հայրերու եւ նահատակ ընկերոջ ընտանիքի անդամներուն:

Դիմաքանդակի բացումէն ետք, Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան եւ Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան հոգեհանգստեան կարգ կատարեցին նահատակ ընկերոջ հոգւոյն, ապա Հայկազ Ասատուրեան արտասանեց իր խօսքը, լուսարձակի տակ առնելով նահատակ ընկերոջ մարդկային, ազգային ու միութենական առաքինութիւնները, շեշտելով. «Տագնապալից օրերուն, ո՛ւր որ վտանգ ըլլար` ինք առաջին շարքերու վրայ կ’ըլլար, ո՛ւր որ գործ ըլլար` ինք հոն էր, այլ խօսքով` նուիրումի իր ոգիով օրինակ դարձաւ ո՛չ միայն իր գործակիցներուն, այլ նաեւ օտարներուն:

«Սիրելի՛ ընկ. Ռաֆֆի

Դուն նահատակուեցար, մարմնով մեզմէ հեռացար, սակայն յիշատակդ մեր սրտերուն մէջ պիտի մնայ յաւիտեան: Քու անունդ հայոց պատմութեան ու յեղափոխութեան պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուած է ոսկեայ տառերով` մեր անմահ հերոսներուն շարքին…»:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այս առիթով ըսաւ. «Ընկ. Ռաֆֆիի հերոսական սխրանքները Սուրիոյ սահմաններուն մէջ չեն մնացած, այլ հասած են համայն հայութեան: Ընկ. Ռաֆֆին իր նկարագրով եւ դաշնակցականի ամբողջական նուիրումով սերունդներ պիտի ներշնչէ: Այս դիմաքանդակի բացման առիթով, ձեզի կը փոխանցեմ ողջոյններն ու մաղթանքները համայն դաշնակցական ընտանիքին` ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի:

«Սիրելի՛ ընկ. Ռաֆֆի,

Յիշատակդ թող ներշնչող ըլլայ: Դուն հարստացուցիր դաշնակցական հերոսներուն փաղանգը: Քեզմով ոչ միայն կը հպարտանանք եւ քու օրինակիդ մէջ ոչ միայն կը տեսնենք մեր ֆետայական անցեալի շարունակութիւնը, այլ նաեւ զայն կը նկատենք մեր ապագայ շարունակականութեան երաշխիքը»:

Աւարտին, ներկաները` ի պատիւ նահատակ ընկ. Ռաֆֆի Պչաքճեանի յիշատակին, միաձայն երգեցինք «Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք»ը: Իւրաքանչիւր համարի հետ ձայները կը բարձրանային եւ ներկաներուն աչքերուն մէջ առաւել ուժով կը շողար վճռակամութիւնը` ուխտելու «ծառայել երկար ժամանակ», մինչեւ ազատութիւն կամ մահ ու անկէ անդին` անմահութիւն…:

Յուշիկ Ղազարեան

ԳԱՆՁԱՍԱՐ