կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-02 10:19
Քաղաքական

Լսարան-hանդիպում` «Հայաստան – Արցախ ռազմավարական դաշինք» թեմայով

Լսարան-hանդիպում` «Հայաստան – Արցախ ռազմավարական դաշինք» թեմայով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին երէկ` ուրբաթ, 31 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Զալքայի ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ լսարանային հանդիպում մը` «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» նիւթով, որուն զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, «Հայաստան – Արցախ ռազմավարական դաշինք»-ի կազմակերպական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան:

ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի անդամ Զարեհ Պոյաճեան ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ընդառաջելու այսպիսի հանդիպումներու ներկայ գտնուելու հրաւէրին: Պոյաճեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ հանդիպումին նիւթը նաեւ պիտի անդրադառնայ կարգ մը կէտերու, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի վերջին մէկ տարուան իրադարձութիւններուն:

Օրուան զեկուցաբեր Մելիք Գարագաւորեան իր խօսքը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» կոմիտէին եւ անոր քարոզչական յանձնախումբին` այսպիսի առիթ մը ստեղծելու համար:

Գարագաւորեան շեշտեց, թէ ներկայիս այժմէական կարեւոր նշանակութիւն ունի Արցախի անվտանգութեան գերխնդիրը, որովհետեւ Հայաստանի ամբողջ անվտանգութիւնը կախեալ է Արցախի անվտանգութենէն` նշելով, որ Հայաստան եւ Արցախ հաւասարապէս պաշտպան են միմեանց, եւ ոչ թէ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտպան է Արցախին:

Մելիք Գարագաւորեան յայտնեց, որ հայկական աշխարհին մէջ երկրորդ կարեւոր խնդիրը Հայաստանի Հանրապետութեան մէկ տարուան յարափոփոխ քաղաքական իրավիճակն է, ինչ որ կը վերագրուի իշխանափոխութեան: Գարագաւորեան նշեց, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը առաջինն էր, որ ձեռք երկարեց Նիկոլ Փաշինեանին` նախքան վարչապետական ընտրութիւնները, եւ թէ Դաշնակցութիւնը 20 տարուան ընթացքին առաջին անգամն է, որ դուրս կը մնայ խորհրդարանէն:

Գարագաւորեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այժմէական ներքին հարցերուն, որոնց շարքին են` նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ձերբակալուիլը եւ ապա ազատ արձակուիլը, ընկերային ցանցերու վրայ թշնամանքի, ատելութեան մթնոլորտի տարածումը:

Մելիք Գարագաւորեան նշեց, թէ ՀՅԴ-ի 33-րդ Ընդհանուր ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ, առաջնահերթութեամբ քննարկեց Արցախի ապահովութիւնը:

Ան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի 33-րդ Ընդհանուր ժողովին որոշուեցաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան եւ միջազգային բանակցային խումբի յարաբերութիւնները արդիականացնելու մասին, ինչ որ անմիջականօրէն կը վերաբերի Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքին:

Գարագաւորեան ընդգծեց, որ այս դաշինքը առաջին հարթակն էր 1,5 տարուան ընթացքին, ուր հայկական կեանքին մէջ գործող բոլոր կուսակցութիւնները հաւաքուած էին, բացի Նիկոլ Փաշինեանի կուսակցութենէն, որ իր խօսքը չունեցաւ:

Իր խօսքին մէջ Գարագաւորեան նաեւ նշեց, թէ Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի կազմակերպական կոմիտէի անդամները ռազմավարական այս դաշինքի իրականութիւն դարձնելու համար յարաբերութիւններ պիտի մշակեն զանազան երկիրներու դեսպաններու հետ:

Զեկուցումի աւարտին ներկաները իրենց հարցումները եւ մտահոգութիւնները ուղղեցին զեկուցաբերին:

aztagdaily.com