Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Դոկտոր Ճաուատ Քատըմ Ալ-Պայտանի
«Almothaqaf».- Կովկասեան տարածաշրջանը կը համարուի արաբական աշխարհի հիւսիսային սահմանի կարեւոր փոխադրութեան ճամբայ: Այն ամենակարեւոր շրջաններէն է, որ անմիջական ազդեցութիւն ունի ուժերու հաւասարակշռութեան վրայ եւ հակամարտութիւններու շարժիչ ուժ է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, եւ որեւէ պայթիւնէ եւ բախումէ առաջ ժամանակաւոր խաղաղութեան վայր եղած է, որովհետեւ պատերազմի գաղափարախօսութիւնն իր աւանդական հասկացութիւններով մեզի կը տանի այն համոզման, որ այս երկիրներու հանգոյցին միջեւ բախումն անխուսափելի է: Գուցէ մենք զարմանանք, եթէ իմանանք, որ անսահման փոքր տարածաշրջան մը մեծ սպառնալիք կը ներկայացնէ նման բախումի մը յառաջացման, որ ոմանք որակեցին որպէս անխուսափելի: Այն Ղարաբաղն է, կամ Նակորնի Ղարաբաղ, որուն բնակիչները զայն կը կոչեն Արցախ:
Ղարաբաղը մեծ ազդեցութիւն ունի շրջանի երեք կարեւոր երկիրներու ` Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ համար, ինչպէս նաեւ մերձաւոր արաբական երկիրներուն համար, որ շատ մօտ են հակամարտութեան կեդրոնին Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի, բացի արեւմտեան ռազմավարութենէն, որ ճնշում կը գործադրէ Ռուսիոյ եւ Իրանի վրայ, ինչպէս նաեւ շրջափակման մէջ կը դնէ եւ կը սահմանափակէ Չինաստանի տնտեսական ռազմավարութիւնը:
Այս սպառնալիքի չափը պարզելու համար մենք լայնածաւալ հանդիպում մը ունեցանք Լեռնային Ղարաբաղի ԱԳ նախարար՝ փրոֆէսոր, դոկտոր Դաւիթ Պապայեանի հետ: Նշենք այստեղ, որ որոշ լրատուական գործակալութիւններ Լեռնային Ղարաբաղը կ՛անուանեն՝ վիճելի շրջան:
Մինչ դոկտոր Դաւիթ Պապայեանի հետ հարցազրոյցը սկսիլը, մենք պէտք է իմանանք Ղարաբաղի Հանրապետութեան գտնուելու վայրը, քանի որ այն խստաշունչ լեռնային շրջան է, որ կը գտնուի՝ միջազգային պայմանագիրներու համաձայն, Ատրպէյճանի պետութեան ձախ կողմի հարաւարեւմտեան ծայրամասին մէջ: Հանրապետութեան մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտն է, որ կը կրէ հայ առաջնորդ Ստեփան Շահումեանի անունը: Միջազգայնօրէն չճանչցուած այս հանրապետութեան գործունէութիւնը կախուած է գիւղատնտեսութենէն, անասնապահութենէն եւ որոշ աւանդական արդիւնաբերութիւններէ: Ատիկա տարածք մըն է, որ շրջանի երեք տէրութիւններու միջեւ հակամարտութիւններու ականատես եղած է:
-Մեր առաջին հարցը դոկտոր Պապայեանին հետեւեալն էր. Որոնք են այն միջոցները , որ հնարաւորութիւն տուին Ատրպէյճանի կողմէ պաշարուած այս հանարապետութեան, եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եղած անհամաձայնութեան պայմաններուն մէջ պահպանելու իր գոյութիւնը:
Ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսքերէն ետք պարոն Պապայեան ըսաւ:
«Իրականութիւնը, Ատրպէյճան առանձին չկռուեցաւ, թուրք-ատրպէյճանական ուժերու կողքին տարբեր երկիրներէ հաւաքագրուեցան ահաբեկիչներ, որոնք գումարի դիմաց կռուեցան Ատրպէյճանի կողքին, կը պատկերացնէք թուային անհամաչափութիւնը՝ 150 հազար բնակիչ ունեցող երկիր մը եւ երկու պետութիւններու՝ 100 միլիոն բնակչութեամբ եւ ռազմական մեծ հնարաւորութիւններով: Մենք շատ բան կորսնցուցինք, որ հնարաւոր է պատերազմներուն, բայց մենք պահպանեցինք մեր անկախութիւնը, որ ատիկա է կարեւորը:
-Այստեղ հարց մը կը ծագի. «Ձեր նշած սպառնալիքի լոյսի ներքոյ, ո՞րն է ձեր անկախութեան երաշխիքը:
Արցախի եւ Ատրպէյճանի պատերազմի աւարտի գործընթացին մէջ կը տեսնէք Ռուսիոյ դրոշմը: Մեր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ ամուր են, եւ մենք եղբայրներ ենք, Ռուսիան է մեր երաշխիքը: Մենք բարձր կը գնահատենք Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները, որ հեռաւոր արմատներ ունին, Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերը նպաստած են տարածաշրջանի կայունութեան եւ պատերազմէն ետք վերակառուցման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ մեր պետութեան մէջ անվտանգութեան ամրապնդման:
-Իսկ Արցախի Հանրապետութեան յարաբերութիւնները աշխարհի երկիրներու եւ զայն ճանչցած երկիրներուն հետ, Պապայեան ըսաւ.
-Մենք լայն յարաբերութիւններ ունինք որոշ երկիրներու հետ, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ ունինք ոմանց մէջ: Օրինակ ` կայ փոխադարձ ճանաչում Ապխազիոյ Հանրապետութեան, Փրիտնեստրովիոյ Հանրապետութեան եւ Հարաւային Օսիայի Հանրապետութեան հետ, որոնք անկախ հանրապետութիւններ են: Մեր հանրապետութիւնը ճանչցուած է նաեւ ԱՄՆ շատ մը նահանգներու խորհուրդներու, քաղաքներու եւ քաղաքապետարաններու եւ Աւստրալիոյ որոշ նահանգներու եւ շրջաններու կողմէ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական կարգ մը շրջանակներու կողմէ: Սփիւռքի հայ համայնքը իր մեծ դերն ունի ատոր մէջ: Անոնք անխափան կերպով կ՛աջակցին, քանի որ քաջ կը գիտակցին այն աւերածութիւններու մասին, որոնց կ՛ենթարկուի մեր ժողովուրդը:
-Իսկ արաբական աշխարհի հետ յարաբերութիւններուն մասին դոկտոր Դաւիթ Պապայեան նշեց.
Անկասկած, արաբական աշխարհը մեզի համար մեծ նշանակութիւն ունի, եւ արաբներու հետ մեր պատմութիւնը դարերու խորքէն կու գայ: Տնտեսական, պատմական եւ կառուցուածքային գործունէութիւնը մեզի կը կապէ արաբներու հետ: Հայերը տապալած են իսլամներու դէմ ամենէն մեծ մերտահրաւէրը, Պապըք Ալխարմի յեղափոխութիւնը Աբբասեան խալիֆայութեան դէմ: Ինչպէս յայտնի է ձեզի եթէ այս յեղափոխութիւնը յաջողած ըլլար, վտանգաւոր ու կործանարար ազդեցութիւն կ'ունենար այս շրջանին մէջ ճառագող իսլամական քաղաքակրթութեան ընթացքին վրայ: Նաեւ կայ մտաւոր եւ ճանաչողական փոխազդեցութիւն իսլամներու հետ, քանի որ իսլամը հզօր կրօն է, որ ստեղծած է մեծ քաղաքակրթութիւն, որուն մենք կը յարգենք եւ կը գնահատենք:
Պապայեան շարունակեց ըսելով, որ արաբները պատուաւոր դիրք ունին ժամանակակից պատմութեան մէջ, անոնք կանգնեցան հայ ժողովուրդի կողքին` իրականացուած ցեղասպանութեան ժամանակ: Արաբական երկիրները վիրաւոր հայ ժողովուրդին համար ապաստան դարձան, հայերը այնտեղ կ՛ապրին, որպէս քաղաքացիներ, որոնք իրենց հերթին ձեռքբերումներ ունեցան գիտութեան եւ արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ:
Եզրափակելով ` դոկտոր Դաւիթ Պապայեան ըսաւ. որ մենք ձեր միջոցով կ՛ուզենք արաբ ժողովուրդը տեղեկանայ այն ահաւոր սպառնալիքին մասին, որ մեր ժողովուրդը կը դիմակայէ, Թուրքիան իսկական վտանգ կը հանդիսանայ Իրաքի, Եգիպտոսի , Սուրիոյ, Լիպիայի եւ Արաբական ծոցի երկիրներուն համար: Թուրքիոյ մէջ պատասխանատու պաշտօնեաներու ագահութեան պատճառով (որուն մասին յայտարարեցին մէկ է աւելի): Կը ցանկամ տարածաշրջանի երկիրները ապրին խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պայմաններու մէջ `հեռու սպառնալիքներէ, որ կը պարտադրուին հզօր պետութիւններու կողմէ: